Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի մասնաճիւղերու խմբապետական շրջանային ընդհանուր ժողովը
- (0)

ՔԻՆԿՍԹԸՆ.- Գանատայի Շրջանային Խմբապետական Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Քինկսթընի մէջ, 26 սեպտեմբեր 2026-ին, մասնակցութեամբ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք, Թորոնթոյի եւ Լաւալի մասնաճիւղերու խմբապետներուն եւ աստիճանաւորական կազմերուն։
Ժողովին ներկայ էին Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամներ, Գանատայի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ եղբ․ Արուշ Պէրպէրեան, Շրջանային խմբապետներ՝ եղբ․ Րաֆֆի Դաւիթեան եւ քոյր Կասիա Կարապետեան Կիւլեան, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու խորհուրդներու, քարոզչական յանձնախումբի եւ «Մարզիկ» պաշտոնաթերթի ներկայացուցիչներ։
Ժողովը ընթացք առաւ Գանատայի Շրջանյին ընդհանուր խմբապետ եղբ․ Արուշ Պէրպէրեանի «Պատուի ա՛ռ» հրահանգով եւ «Յառա՛ջ, նահատակ» օրհներգի երգեցողութեամբ։
Յայտագրի սկիզբը տեղի ունեցաւ ծանօթացման խաղ մը, որմէ ետք խմբապետներուն միջեւ կայացան խմբային զրոյցներ՝ «Մէկ միաւոր, սակայն տարբեր մասնաճիւղեր» թեմայով։
Շրջանային խմբապետ Եղբ․ Րաֆֆի Դաւիթեան սահիկներու միջոցով ներկայացուց մասնաճիւղերուն տարեկան տեղեկագիրը, ապա Շրջ․ Խմբապետ քոյր Կասիա Կարապետեան Կիւլեան, նոյնպէս սահիկներու միջոցով, ներկայացուց Գանատայի Շրջանային Խմբապետութեանց տարեկան ամփոփ տեղեկագիրը։
Շրջանային ընդհանուր խմբապետ եղբ․ Արուշ Պէրպէրեան զեկուցեց Մոկլիի ծրագրային գիրքի աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ։
Ժողովը օրակարգի յատուկ կէտով անդրադարձաւ Արարատեան կարգին, մասնաւորաբար այն խմբապետներուն, որոնք մասնակցեցան սոյն կարգին, յաջողութեամբ կատարեցին իրենցմէ պահանջուած տեսական եւ գործնական աշխատանքները եւ արժանացան սկաուտական ամենաբարձր կարգին՝ Արարատեանին։
Ժողովի ընթացքին իւրաքանչիւր թեկնածու ներկայացուց իր պատրաստած թէզը՝ հետեւեալ հերթականութեամբ. քոյր Ծովակ Սողանէմէզեան՝ «Ինչպէ՞ս հայերէնը աւելի հաճելի դարձնել», եղբ․ Հրատ Գուշեան (առցանց)՝ «Բնութեան եւ բնապահպանութեան մասին», եղբ․ Տարօն Տէրտէրեան՝ «Ձմեռնային բանակումի ծրագրման ուղեցոյց», քոյր Էմիլի Մարկորեան՝ «Սկաուտական առաջնորդութեան չարաշահումներու կանխարգիլման դասընթացք», եղբ․ Քրիստ Մերճանեան՝ «Առողջ միտք, առողջ մարմին… Առողջութիւն, անվտանգութիւն՝ մտային, հոգեկան եւ ֆիզիքական հանգստութիւն», քոյր Լորա Տոնոյեան՝ «ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղին պատմականը (1969-2026) եւ արխիւային նիւթերը՝ ներկայացուած թուային հարթակով», քոյր Կասիա Կարապետեան Կիւլեան՝ «ՀՄԸՄ-Գանատայի պատմականը, միութենական գրականութեան հարստացում եւ արխիւային արդիականացում», եղբ․ Րաֆֆի Դաւիթեան՝ «ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային քաղաքականութիւններու համակարգի մշակում», եղբ․ Սեւակ Պապիկեան՝ «Գանատայի շրջանի մասնաճիւղերու բանակումներու անակնկալ դէպքերու ծրագիրներու (emergency plans) կանոնաւորում»։
Ճաշի դադարէն ետք, Քարոզչական յանձնախումբի պատասխանատու քոյր Բէկի Աւընեան Պապօղլեան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի քարոզչական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, ռազմավարութիւնն ու գործելաոճը։ Իսկ «Մարզիկ» պարբերաթերթի ներկայացուցիչ քոյր Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան յատուկ ներկայացումով անդրադարձաւ «Մարզիկ»-ի հիմնադրութեան, անոր խմբագիրներուն եւ խմբագրական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Գանատայի ներկայացուցիչներուն։
Օրակարգի վերջին կէտով Շրջանային Խմբապետութիւնը ներկայացուց իր ապագայի ծրագիրները, որոնց շարքին են «Ղեւոնդ Երէց» շքանշանի դասընթացքը, վկայեալ կարգը, առցանց դասախօսութիւնները, ինքնազարգացման գիտելիքներու փոխանցումը եւ կարգերու միօրինականացման աշխատանքները։
ՀՈՒՐԻՆԱ