Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի առաջիկայ օրերուն՝ Փաշինեանի ուղերձէն ետք

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի իշխանութիւնները կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն հրապարակելու նոր Սահմանադրութեան նախագիծը։ Նախքան հրապարակումը, Նիկոլ Փաշինեան յատուկ ուղերձով պիտի դիմէ ժողովուրդին։

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեան նոյեմբեր 18-ին լրագրողներուն յայտնեց, որ նախագիծին հրապարակումը հաշուած օրերու հարց է՝ առանց յստակ թուական նշելու։ Ան վստահեցուց, որ գործընթացին ձեւաչափին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին հանրութեան։

Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան եւ վարչապետ Փաշինեան նախապէս յայտարարած էին, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի նոյեմբերին։

Իշխանութեան այս նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ խորացնել քաղաքական հակադրութիւնները, յատկապէս Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումը Սահմանադրութեան նախաբանէն հեռացնելու մտադրութեան պատճառով։

Փաշինեան արդէն իսկ յայտարարած է, որ նոր Սահմանադրութիւնը պէտք չէ պարունակէ այդ յղումը։ Միաժամանակ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս պնդած է, որ գործող Սահմանադրութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանայ Հայաստանի հետ խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիրի ստորագրութեան։

Ընդդիմադիր ուժերը կը մերժեն սահմանադրական այս օրակարգը՝ զայն նկատելով Հայաստանի վրայ Պաքուի բանեցուցած քաղաքական ճնշումներուն ընդառաջ երթալու քայլ։ Անոնք կը զգուշացնեն, որ Անկախութեան հռչակագիրին վերաբերող դրոյթներու հեռացումը կրնայ վնասել հայկական պետականութեան պատմական եւ իրաւաքաղաքական հիմերուն։

Նախաձեռնութիւնը նաեւ խորհրդարանական խոչընդոտի առջեւ կը գտնուի։ Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի ներկայացնելու համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի երեսփոխաններուն առնուազն երկու երրորդին աջակցութիւնը, իսկ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը առանձին չունի այդ ձայները։

Ընդդիմութիւնը կը շարունակէ մերժել իշխանութեան անհրաժեշտ լրացուցիչ քուէները ապահովելու պահանջը։