Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ բացակայելու արգելք սահմանուած է, Քոչարեան կրկին ձերբակալուած
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ, իբրեւ խափանման միջոց, ընտրուած է բացակայելու արգելքը, կը հաղորդէ FACTOR TV-ն, վկայակոչելով Հակակոռուպցիոն կոմիտէն։
Օգոստոս 25-ին Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան նոյն քրէական վարոյթի ծիրին մէջ գտնուած էին Հակակոռուպցիոն կոմիտէին մէջ։ Մինչ Քոչարեան ձերբակալուած եւ տեղափոխուած էր քննչական մարմին, Սարգսեան կոմիտէ ներկայացած էր հրաւէրով։
Հակակոռուպցիոն կոմիտէն Ռոբերտ Քոչարեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացնելու գործընթաց սկսած է, մինչ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը բացակայելու արգելքն է։
Քոչարեան կը շարունակէ գտնուիլ բժշկական կեդրոնի մէջ։ Իրաւապահ համակարգի աղբիւրներուն համաձայն, անոր ձերբակալման 24-ժամեայ ժամկէտը լրանալէ ետք, իրաւապահները նախկին նախագահին յանձնած են ձերբակալման նոր որոշում։
Նոր որոշումով Քոչարեան կրկին ձերբակալուած է՝ դատարան ներկայացուելու նպատակով։
Հակակոռուպցիոն կոմիտէին մէջ քննուող քրէական գործը կը վերաբերի առանձնապէս խոշոր չափերով դրամի լուացման, պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման եւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու ենթադրեալ դէպքերու։
Սերժ Սարգսեան, Հակակոռուպցիոն կոմիտէէն դուրս գալէ ետք, լրագրողներուն յայտնած է, որ իրեն վերաբերող գործի նիւթերը ստանալէ ետք միայն պիտի կարենայ մանրամասնօրէն խօսիլ իրեն ներկայացուած մեղադրանքին մասին։