Խմբագրական. Եօթանասուն տարի՝ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար
- (0)

Մոնթրէալի ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 70-ամեակը առիթ մըն է արժեւորելու սփիւռքահայ իրականութեան մէջ դաշնակցական կոմիտէութեան պատմական առաքելութիւնը՝ ազգային կեանքի զարգացման մէջ անոր առաջնորդող դերին եւ հայութեան հաւաքական ներուժը համազգային նպատակներու ծառայեցնելու կարողութեան լոյսին տակ։
Հայաշատ իւրաքանչիւր ոստանի մէջ Դաշնակցութեան ներկայութիւնը կը մարմնաւորէ ազգային կեանքի համապարփակ տեսլական մը, որ կը խարսխուի հաւաքական աշխատանքի մշակոյթին եւ հայութեան ապագային նկատմամբ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեան վրայ։ Դաշնակցութեան կոմիտէութիւնը կոչուած է համախմբելու ազգային ուժերն ու նպատակաուղղելու անոնց ճիգերը՝ համայնքի զարգացումը շաղկապելով համահայկական ձգտումներուն։
Այս առաքելութեան պերճախօս վկայութիւններէն է Մոնթրէալի ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան եօթանասնամեայ պատմութիւնը։
Անցեալ դարու յիսնական թուականներուն, մոնթրէալահայ գաղութի կազմաւորման սկզբնաւորութենէն իսկ, շրջանի հիմնադիր սերունդը հեռատեսութեամբ ձեռնամուխ եղաւ ազգային կեանքի հիմերու հաստատման։ Տասնամեակներու հետեւողական աշխատանքով այդ տեսլականը մարմնաւորուեցաւ հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ամբողջական համակարգի մը մէջ, որ համայնքին ինքնուրոյն դիմագիծ հաղորդեց եւ ապահովեց անոր կենսունակութիւնը։
Կոմիտէութեան առաջնորդող դերը կը դրսեւորուի յատկապէս համայնքի կարիքները կանխատեսելու եւ անոնց մնայուն լուծումներ տալու կարողութեամբ։ Այդ հեռատեսութեամբ ստեղծուած կառոյցներուն ընդմէջէն կը կատարուի հայակերտումի կենսական աշխատանքը։ Հոն է, որ նոր սերունդները կը թրծուին ազգային արժէքներով եւ կը պատրաստուին ստանձնելու հայ կեանքի շարունակականութիւնն ապահովելու պատասխանատուութիւնը։
Մոնթրէալի փորձառութիւնը միաժամանակ, ինչպէս այլուր, կ՚արտացոլացնէ դաշնակցական այն բարոյական աւանդոյթը, որուն հիմքն է անշահախնդիր ծառայութիւնն ու պարտքի անսակարկ կատարումը։ Այդ սկզբունքներուն հաւատարիմ սերունդներու տքնաջան աշխատանքով մոնթրէալահայութիւնը հարստացուցած է իր հաստատութենական ժառանգութիւնը եւ ամրապնդած իր դիրքն ու ազդեցութիւնը գանատական հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ։
Դաշնակցական կոմիտէութեան առաքելութիւնը իր խորքով համահայկական է։ Հայ Դատի հետապնդումն ու հայրենի պետականութեան ամրապնդման հրամայականը տեղական աշխատանքին կու տան համազգային տարողութիւն։ Այս ըմբռնումով ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութիւնը համայնքի ներուժը մշտապէս ի սպաս դրած է հայ ժողովուրդի համընդհանուր պայքարին՝ կենդանի պահելով աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային ու քաղաքական միասնականութեան գաղափարը։
Այսօր, երբ Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանումը հետզհետէ աւելի բարդ պայմաններու ենթակայ կը դառնայ, իսկ հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները նոր պարտաւորութիւններ կը դնեն համայն հայութեան առջեւ, կազմակերպական կեանքի շարունակական նորոգումը կը դառնայ հրամայական։ Եօթանասուն տարիներու ընթացքին կուտակուած փորձառութիւնը ամուր հիմ կը հանդիսանայ ժամանակի պահանջներուն ընդառաջելու եւ ազգային աշխատանքի նոր հանգրուաններ թեւակոխելու համար։
Այս նշանակալից յոբելեանին առիթով «Հորիզոն» իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան իրերայաջորդ սերունդներուն, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութիւններու եւ ազգային հաստատութիւններու բոլոր նուիրեալներուն, որոնց անձնուէր աշխատանքին շնորհիւ մոնթրէալահայութիւնը հասած է իր այսօրուան հանգրուանին։
Համայնքաշինութիւնը ազգային կամքի առարկայացումն է եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող յանձնառութիւն մը։ Ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար գործելու այդ յանձնառութեամբ Դաշնակցութիւնը եօթանասուն տարիէ ի վեր կը կերտէ Մոնթրէալի հայ կեանքը եւ նոյն վճռականութեամբ պիտի շարունակէ հունաւորել անոր վաղուան օրը։
«Հորիզոն»