Արմէն Աշոտեան խորհրդարանական ընդդիմութեան կոչ կ՚ուղղէ օգտագործելու Փաշինեանի քաղաքական դժուարութիւնները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան 26 նոյեմբերին յայտարարեց, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պէտք է հետեւողականօրէն օգտագործէ նոր Սահմանադրութեան նախագիծին հետեւանքով Նիկոլ Փաշինեանի դիմագրաւած քաղաքական դժուարութիւնները եւ կանխէ նախագիծին յառաջխաղացքը։
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Աշոտեան դրական գնահատեց խորհրդարանական ընդդիմութեան որդեգրած մարտավարութիւնը՝ ընդգծելով, որ նախագիծը պէտք է մնայ Ազգային ժողովի պատերէն ներս եւ չհասնի հանրաքուէի հանգրուանին։
Ան յատկապէս անդրադարձաւ Անկախութեան հռչակագիրին յղումին հեռացման՝ այդ քայլը նկատելով պետականութեան շարունակականութեան տեսանկիւնէն անընդունելի։
Աշոտեան համոզմունք յայտնեց, որ ընդդիմութեան հետեւողական կեցուածքը կրնայ Փաշինեանը դնել քաղաքական այնպիսի կացութեան մը առջեւ, ուր անոր ընտրանքները հետզհետէ պիտի սահմանափակուին։
Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութիւնները արդէն յայտնած են իրենց անհամաձայնութիւնը նոր Սահմանադրութեան նախագիծին՝ զայն նկատելով արտաքին պարտադրանքներու ընդառաջող նախաձեռնութիւն մը։
Սահմանադրական փոփոխութիւններուն շուրջ ծաւալող պայքարը հետզհետէ կը դառնայ Հայաստանի ներքաղաքական օրակարգին առանցքային հարցերէն մէկը։