Հայ Կնոջ Իրաւունքներուն Գերագոյնը, Վսեմագո՛յնն ու Յաւերժականը Հայ Ըլլալու, Հայօրէն Ապրելու, Իբրեւ Հայ Գոյատեւելու Իրաւունքն Է

8 Մարտը կիներու օր է, ձեր տօնը շնորհաւոր, սիրելի ԼՕԽ-ականներ, դուք կին էք բառին բոլոր ստորոգելիներով եւ ամբողջական իմաստով: Արդարեւ, աշխարհի ամենահզօր եւ ամենագեղեցիկ էակը` կինը, իգականութեան իմաստին մէջ կը պարփակէ  մայր, քոյր, ամուսին, աղջիկ զաւակ հասկացողութիւնները  եւ կ՛ընդգրկէ շատ աւելի խորունկ ու իւրայատուկ յատկանիշներ, որոնց հոմանիշ է կինը` սէր, գորովանք, դաստիարկութիւն, ջերմութիւն, նուիրում, զոհողութիւն, ներողամտութիւն, աւելցուցէք, տակաւին, մարդկային գերագոյն զգացմունքներու ազնուագոյն յատկութիւնները, որոնք կը մարմնաւորեն կին արարածը:

Եւ տակաւին, կը շնորհաւորեմ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը` իբրեւ կիներու կազմակերպութիւն, որովհետեւ մարտի 8-ն աւելի կ՛իմաստաւորուի ԼՕԽ-ով` իբրեւ կիներու կազմակերպութիւն, երբ  հարիւրամեակ մը առաջ արդէն գիտակից իր դերին, ուժին ու ժամանակներու հրամայականին` հայ կինը կրցեր է իր մէջ ուժ գտնել եւ առաջ նետուիլ` կազմակերպելու մարդասիրական գործը, հասնելով իր հարազատներուն, հայրենակիցներուն, կրթական, մարդասիրական, դաստիարկչական մարտահրաւէրին:

Եթէ այսօր միջազգային կազմակերպութիւնները հաւասարութեան պայքարին համար կը մղեն  աշխարհի կիները կազմակերպուելու նպատակով միութիւններ հիմնելու, հարիւրամեակ մը առաջ, երբ տակաւին նոր նոր կը սաղմնաւորուէր կիներու  համագործակցութիւնը, հայ կինը ազգային գոյութեան եւ ինքնութեան պահպանման մարտահրաւէրէն մղուած եւ իր տարաբախտ ժողովուրդի զաւակներուն առողջապահական ու դաստիարկչական կարիքներէն թելադրուած,  կ՛արձագանգէր իր ներքին ձայնին` հասնելով օժանդակութեան իր ժողովուրդի զաւակներուն, անտեսելով եւ շրջանցելով ընկերային քարացած մտայնութիւնները, հաստատելով իր գործունէութիւնը ժողովրդավարութեան եւ ծրագիր- կանոնագիրի օրէնքներու վրայ:

Այս գիտակցութիւնը,  սիրելի՛ ընկերուհիներ, շատ կարեւոր յատկութիւն մըն է հայ կնոջ մէջ, զոր պիտի արժեւորէք եւ իբրեւ կնոջական կազմակերպութիւն` պիտի թելադրէք հասնող սերունդներուն` խելացի կերպով դիմագրաւել մարտահրաւէրը կիներու հաւասարութեան պայքարին, ընդունելով իբրեւ մարդկային իրաւունքներու հաւասարութեան պայքար եւ ոչ ուժի պայքար:

Պիտի չշփոթէք հաւասարութիւնը ուժին հետ, ուժը զարգացման եւ իրաւունքներու հաւասար իւրացման մէջ է եւ ոչ թէ ֆիզիքական պայքարի, Աստուած մեզի ի վերուստ շնորհեր է տարբեր բնախօսական կազմուածք, եւ մենք բնութեան դէմ չէ, որ պիտի պայքարինք, այլ` մարդու մտայնութեամբ եւ ըմբռնողութեամբ ստեղծուած անհաւասարութեան, խտրականութեան եւ նուաստացումին դէմ: Կին էակին դէմ յարուցուող խտրականութիւնն ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, հետամուտ ըլլալու պարտաւորութիւնը առաջնային պիտի ըլլան հայ կնոջ համար եւ հայ կնոջ մեծագոյն կազմակերպութեան` Հայ օգնութեան միութեան կամ ԼՕԽ-ին համար, որովհետեւ ի սկզբանէ ԼՕԽ-ը ստեղծուեցաւ Ցեղասպանութեամբ իրաւազրկուած հայ կնոջ զօրավիգ կանգնելու, արժանապատուութեամբ ապրելու նուիրական ու վսեմ գործին համար:

Ուրեմն, եկէք` առաջին հերթին յարգենք յիշատակը բոլոր այն խիզախ ու նուիրեալ հայուհիներուն, որոնք ունեցան յատկանշական դերակատարութիւն,  ըլլան անոնք մեր մայրերը, քոյրերը, աղջիկ զաւակները, ընկերուհիներու հսկայ փաղանգը,  թէ մեր  դաստիարակները, որոնք դարձան մեր հպարտութիւնն ու ներշնչման աղբիւրը, մեզ առաջնորդած ըլլալու, կառուցելու աւելի գեղեցիկ, աւելի արդար  ու ազատ աշխարհ մը:  Այսօր հիանալի առիթ է գիտակցելու մեր ուժին  եւ վերահաստատելու մեր անվերապահ նուիրումն ու  հաւատարմութիւնը կառուցելու մեր ընկերութիւնը արդար եւ հաւասար իրաւունքներ վայելող մեր զաւակներուն համար, որպէսզի աշխարհը ըլլայ աւելի խաղաղ ու զարգանայ աւելի արագ:

Ինչո՞ւ կը նշենք մարտի 8: Պարզ անոր համար, որ աշխարհի բոլոր կիները երկրագունդի ո՛ր երկրին մէջ ալ ապրին, ձեւով մը իրաւազրկուած են, որովհետեւ անհիմն նախապաշարում կը տիրէ կիներու կարողութեան եւ խելացութեան նկատմամբ: Կինը նկատի կ՛առնեն որպէս սերնդագործութեան եւ սեռային կարիքները գոհացնող, առտնին պէտքերը կատարող էակ մը:  Ամէն մէկ երկրի մէջ ընդհանուր իրաւազրկուածութիւն մը կը տիրէ, որոշ տարբերութիւններով:

Օրինակ` Ափրիկէն կը նշէ կիներու հանդէպ բռնութեան,  սեռային հալածանքին վերջ տալու եւ կին արարածին բռնանալու, ստրկացնելու դէմ, ասիական երկիրներէն Փաքիստանը պետական օրէնքով հաստատած է, որ կինը երկրորդ կարգի քաղաքացի է, եւ ասոր կը հետեւի մնացեալ բոլոր իրաւունքներէն զրկուած ըլալու երեւոյթը:

Արաբական երկիրներու մէջ կինը զրկուած է նախնական իրաւունքներէ`  ինքնաշարժ վարելու, քուէարկելու, վկայելու իրաւունքներէն, նոր նոր եւ քիչ քիչ այս նիւթերը կ՛արծարծուին:

Եւրոպան եւ արեւմտեան երկիրները շատ աւելի իրաւունքներ ձեռք ձգած ըլլալով մէկտեղ` այսօր կը պայքարին անհաւասար վարձատրութիւններուն դէմ, գործի մէջ, ասպարէզի մէջ աստիճանական բարձրացման հնարաւորութիւններու բացակայութեան, կամ գործի սահմանափակումներու դէմ եւ նոյն աշխատանքին համար ամսավճարներու հաւասար  հատուցման  համար:

Մենք Լիբանանի մէջ կը պայքարինք համայնքային դրութեամբ  կիները սահմանափակող օրէնքներուն դէմ` քաղաքացիութիւնը իր զաւակին չկարենալ ժառանգելու,   ամուսնալուծումներու հաւասար իրաւունքներով բաժանումներու, կամ  պատուոյ ոճիրներու դէմ պատժական միջոցներու բացակայութեան, քաղաքական կեանքի մէջ մասնակցութեան համար  եւ այլն, եւ այլն:

Վերջապէս, կիներու իրաւազրկուածութիւնը համատարած է եւ անարդարութիւնը` ամէնուրեք,  մէկը միւսէն առաւել կամ պակաս աստիճաններով:

Դարերով շարունակուող խտրականութիւնն ու իրաւազրկուածութիւնը արմատացած է մարդոց մտածելակերպին, հոգեբանութեան ու ապրելաոճին մէջ, եւ պայքարիլ նման կարծրատիպերու դէմ`  այնքան ալ դիւրին չէ:

Ի՞նչ պատահեցաւ վերջին  հարիւրամեակին, որ այսպէս շրջադարձային փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ:

Անցնող հարիւրամեակին` 1800-ականներէն սկսաւ կիներու ազատագրական այս շարժումը, երբ սկանտինաւեան երկիրներու եւ Անգլիոյ, Ամերիկայի,  Հնդկաստանի ու Չինաստանի մէջ կին գրողներ, մտաւորականներ եւ մարդասիրական մեծ գործիչներ յօդուածներ, շարժումներ սկսան հրապարակ նետել եւ կիներու իրաւունքները ջատագովող պահանջներ ներկայացնել:

Նոյն այս հարիւրամեակին տեղի ունեցան նաեւ  գրեթէ կարեւոր գիւտերը` ելեկտրականութեան, բժշկական, արհեստագիտական:

Տեղի ունեցան Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմները, եւ տղամարդիկը ներգրաւուեցան պատերազմի մէջ, արդիւնաբերական գործարաններու մէջ մարդուժի պակասը կը սպառնար արդիւաբերութեան շարունակականութեան, աշխատող մարդուժ էր պէտք գործարանները կարենալ բանեցնելու համար, եւ ահա հո՛ս է, որ կիները քաջալերուեցան աշխատելու  եւ ներգրաւուեցան աշխատանքի մէջ: Ահա այսպէ՛ս է, որ թափ առաւ կիներու աշխատելու երեւոյթը, եւ համաշխարհային զարգացումն ու արդիւնաբերութիւնը միասնաբար յառաջընթաց արձանագրեցին: Արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը` industrial revolution-ը, շրջեց աշխարհը ամբողջութեամբ:

Տասնամեակ առ տասնամեակ  տարբեր զարգացումներով` տպագրական, շինարարական  համակարգիչներու, հաղորդակցական, հեռաձայնային, ընդհանրացաւ ասպարէզը` ներառելով կիները զարգացման բոլոր մարզերուն մէջ:

Եւ տասնամեակ առ տասնամեակ իրաւունքներու գաղափարախօսութիւնները ձեւաւորուեցան, որոնք հետզհետէ բիւրեղանալով, աւելի ծրագրաւորուած, կազմակերպուած, ներառուեցան պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ ու ՄԱԿ-ը, եւ կիներու շարժումը ձեւ առաւ:

Պարզապէս յիշելու համար շատ կարճ եւ սեղմ գիծերով ըսեմ, որ  կիներու շարժման հոլովոյթը անցաւ տարբեր փուլերէ: 1789-ին Ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարախօս Անթուան Գոնտորես եղաւ առաջինը, որ պահանջեց կիներու համար քաղաքացիական լման իրաւունքներ: 1910-ին Քալարա Ձեթքին` կիներու շարժման ռահվիրան,  կիներու օր կը յայտարարէր մարտի 8: ՄԱԿ-ը 35 տարի վերջ միայն, 1945-ին, պաշտօնապէս մարտ 8-ն  Կիներու համաշխարհին օր կը յայտարարէր` պարտադրելով ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն` որդեգրելու  ՄԱԿ-ի յանձնաժողովներով ընդունուած մարդկային օրէնքներու բանաձեւերն ու  որոշումները, մշակութային մարզերէն ներս աշխատելու իրաւունքները եւ կիներու դէմ ամէն տեսակի խտրականութեան լուծարքի ուխտը:

Կիներու շարժումը հետզհետէ թափ առնելով` հասաւ  1970- ականները, եւ այնքան մը առաջ գացին կին ծայրայեղականներ, որոնք ամէն ինչ տղամարդու պէս ըլլալու երեւոյթին վրայ կեդրոնացան (Ֆեմինսթական շարժում,) որ շարժումը  մերժուեցաւ ոչ միայն տղամարդոց կողմէ, այլ նաեւ` կիներուն: 1980-ականներուն շարժումը սկսաւ աւելի հաւաքական կազմակերպչական բնոյթ ստանալ, 90-ականներուն արդէն միջազգային համագումարներ, Փեքինի` Չինաստանի մէջ, կիներու առաջին համաշխարհային համագումարը կազմակերպուեցաւ, եւ անկէ ետք  վարժութեան յատուկ համագումարներ աշխարհի բոլոր կողմերը եւ տարբեր ցամաքամասերու վրայ կիներ  միասնաբար սկսան շարժումին հետեւիլ ու մասնակցիլ աւելի կազմակերպուած եւ թիրախաւորուած կերպով` կեդրոնանալով նոր բնաբանի մը վրայ ամէն տարի: Այսօր հաւասարութեան ռազմավարութիւնը փոխուած է, եւ պայքարը տղամարդոց դէմ չէ, այլ «տղամարդիկ մեր դաշնակիցները» բնաբանով կ՛առաջնորդուին, այսինքն պայքարը միասնաբար յառաջ երթալու գաղափարախօսութիւնն է, որ կը  զարգանայ:  Օրինակ, ունենալով պուտտայական փիլիսոփայութիւնը, որ կ՛ըսէ, թէ քաղաքակրթութիւնը կը նմանի թռչունի, որ կը կրնայ սլանալ  դէպի երկինք երկու թեւերը թափահարելով, կինն ու տղամարդը թռչունին երկու թեւերն են, երկու թեւերը հաւասարապէս պէտք է  թափահարել,  որպէսզի կարենայ սաւառնիլ: Մէկ թեւով թռչունը կաղ է, քաղաքակրթութիւնը կը յառաջանայ կնոջ ու տղամարդու հաւասար ուժով ու սլացքով:

ՄԱԿ-ն է, իր զանազան յանձնաժողովներով, յատկապէս կիներու յանձնաժողովներով, որ կ՛որոշէ բնաբանի ընտրութիւնը: Եւ ամէնուրեք այդ նիւթով համագումարներ, վարժութեան,  ուսումնասիրութեան հաւաքներ կը կազմակերպեն` բացատրելու, թէ ի՛նչ է սպասուածը եւ ինչպէ՛ս յառաջ երթալ:

– Յիշելու համար միայն վերջին քանի մը տարիներուն ճշդուած բնաբանները`

2016 Pledge for Parity  –  Պաշտպանենք հաւասարութիւնը,
2017-ին Be Bold for Change  – Խիզախ եղիր փոխելու համար,
2018 Press for Progress  – Արագացնենք հաւասարութեան ձեռքբերումը,
2019   Balance for Better –  Հաւասարակշռենք աւելի լաւին համար:
2020 Each for Equal                  – Ամէն մէկս հաւասարապէս,
2021 Choose To Challenge   – Ընտրէ մարտահարաւէրը,
2022 Break The Bias  – Փշրէ նախապաշարումները,
2023-ին` Embrace Equity – Ընդգրկէ արդարութիւնը:

Այսինքն ոչ միայն խօսինք, ոչ միայն գրենք, ոչ միայն ընդունինք, բայց հաւատանք առանց պայմանի արդարութեան,  որ կը ձգտի ստեղծել աշխարհ մը, ուր բոլորը ներկայ են, մասնակից ու դերակատար քաղաքակրթութեան յառաջընթացին:

Այս նիւթերը կ՛արծարծուին պարզ անոր համար, որ խտրականութիւնը, բռնութիւնը, իրաւազրկուածութիւնը, անարդարութիւնը նախապաշարումներն ու հալածանքը այնքան համատարած են ամէնուրեք, որ ամէն տարի թեմա մը ընտրելով` առիթը կը տրուի քարացած մտայնութիւններ քիչ քիչ քանդելու ու նոր մտածողութիւններու տեղ բանալու, որովհետեւ հազարամեակներու ընթացքին արմատաւորուած մտայնութիւնները կարելի չէ մէկ օրէն միւսը կամ քանի մը տարիէն  փոխել, մտահան ընել, կամ մոգական գաւազանի հարուածով մը ամէն ինչ  շտկել:

Այս տարուան թեմային ՄԱԿ-ի կնոջական մէկ հատուածը աւելցուցած է «Digitalall»,  այսինքն բոլորը պէտք է զարգանան հաւասարապէս թուային ճարտարագիտութեան մէջ, այս վերջինը վտանգներ կը սպառնայ  կիներու եւ այր մարդոց միջեւ անհաւասարութիւնը կամ տարբերութիւնները յաւերժացնելու: Զգալիօրէն մեծ է տարբերութիւնը տղամարդոց եւ կիներու միջեւ թուային ճարտարագիտութեան իւրացման  եւ օգտագործելու  հնարաւորութիւններուն` շեշտելով անգամ մը եւս կիներու եւ տղամարդոց տարբերութիւնը: Կիները եւս պէտք է սորվին ու մասնագիտանան թուային ճարտարագիտութեան մէջ: Ինչպէս գիտենք, բոլորս ալ նոյն բանը կ՛ընենք, երբ մեր համակարգիչին առջեւ կամ բջիջային հեռաձայնին հետ հարց մը ունենանք, անմիջապէս կը կանչենք մեր տղայ զաւակները օգնութեան: Կիները եւս պէտք է այս մասնագիտութեան մէջ զարգանան, որպէսզի կարենան օգտագործել եւ յառաջանալ, որովհետեւ այս գիտութեան մէջ տարբերութիւնը կնոջ եւ մարդուն միջեւ մեծ է` պատճառ հանդիսանալով կիներու անհաւասար հատուցում ստանալու իրաւունքին, պատճառաբանելով, որ կիները չեն հասկնար թուային ճարտարագիտութիւնէն` խորացնելով անհաւասարութեան տարբերութիւնը եւ թափուած ճիգերը:

***

Այս բոլորը` շնորհիւ բուռ մը կիներու, որոնք յաջողած են շարժել աշխարհը եւ փոխել   շատ մը երեւոյթներ կիներու կեանքին մէջ: Մէյրի Ուալսթոնքրաֆթ եւ Ճէյն Օսթըն` անգլիացի գրողներ, Օլիմփիա տը Կուժ` ֆրանսացի թատերագիր, Զապէլ Եսայեան, Ֆրանսացի Սիմոն Տը Պուվուար` փիլիսոփայ եւ գոյութենապաշտ կին գրող, որ համաշխարհային դէմք դարձաւ իր «Երկրորդ սեռը» գիրքով, ուր կը յայտնաբերէ հայրապետական եւ դրամատիրական ընկերութեան ազդեցութիւնը կիներու վրայ, որ բացաւ նոր ուղի եւ նոր մտածողութիւն` կիներու ազատագրական պայքարին: «Մարդիկը կիները կը դիտեն իբրեւ առարկայ, իսկ կիները կրաւորականութեամբ կը կատարեն այդ դերը», կ՛ըսէ Սիմոն Տը Պուվուար` նշելով, որ կիները գիտակցաբար կը կատարեն այդ դերը:

Քլարա Ձեթկին, որ սկսաւ կիներու շարժումը` ընդվզելով զրկուած ըլլալու քուէարկելու իրաւունքէն: Եւ երկար է շարքը յեղափոխական եւ  պայծառամիտ կիներու, որոնք հարթեցին ճանապարհը մարդկային հաւասարութեան եւ իրաւունքներու:

Հարթեցին մեր ճամբան` իրենք կրելով ընկերութեան կշտամբանքն ու քննադատութիւնները, սակայն ճշմարտութեան առկայծող շողն էր, որ կրակ տուած է իրենց սրտին` քալելու փշոտ ճանապարհէն, որ կը կոչուի ազատութեան ճանապարհ: Կիներու այս հոյլը, որ յառաջ եկաւ  1800-ական թուականներէն մինչեւ 1960-ականները, 160 տարուան մէջ եւ  միլիառ հաշուող աշխարհի բնակչութեան մէջ բուռ մը կը հաշուէին միայն:

Այն, ինչ մենք կը վայելենք այսօր, կը պարտինք այդ յանդուգն, խիզախ ու մտաւորական կիներուն հոյլին, որոնք իրենց մէջ քաջութիւնը ունեցան փշրելու ընկերային սահմանափակումները եւ բարձրաձայնելու արդարն ու ճշմարիտը:

Հերթը ձերն է, սիրելի՛ ընկերուհիներ, կրաւորականութենէն դուրս գալու, նետուելու առաջ: Քաջալերելու ձեր աղջիկ զաւակները` ամէն գնով զարգանալու, համալսարանական դառնալու, ուսանելու` օրէնսգիտութիւն, մարդային իրաւունքներ եւ քայլ պահելու ժամանակակից կրթական, քաղաքական, տնտեսական զարգացումներուն հետ. միայն եւ միայն զարգանալով է, որ կարելի է ձեռք ձգել ազատութիւն եւ իրաւունքներ: Կինը ստորադաս էակ մը չէ, բայց անոր կը պակսին կրթութիւնը, զարգացումը, միայն հաւասար կրթութեամբ եւ զարգացումով հաւասարութիւն կարելի է ձեռք ձգել: Այսօր, երբ առիթը կը տրուի զարգանալու, կիները` իբրեւ աստղանաւորդներ, կը հասնին տիեզերք: Այսինքն`  Սահման քաջաց զէնն իւրեանց:

Հաւասարութեան կրթութիւնը կը սկսի առաջին հերթին տունէն, մայրն է աշխարհը ղեկավարող ձեռքը, եթէ դուք, մայրեր, ձեր տղայ եւ աղջիկ զաւակներուն  միչեւ խտրութիւն չդնէք եւ անոնց հետ մանկուց վարուիք իբրեւ հաւասար արարածներ, հաւատացէք, որ գործին մեծ մասին դուք սատարած կ՛ըլլաք արդէն:

Հայկական ասացուածքը կ՛ըսէ` տղայ զաւակներուն համար. «Թէ որպէս մայր ինչպիսի՛ տղամարդ եմ մեծցուցած, կ՛արտացոլայ տղուս վերաբերմունքին մէջ իր կնոջ հանդէպ, թէ ինչպիսի՛ տղայ զաւակ եմ մեծցուցած, կ՛արտացոլայ ծերութեանս տղուս ունեցած վերաբերմունքին մէջ` իր ծնողաց հանդէպ»:

Եզրափակելու համար կիներու օրուան խորհուրդը` կ՛ուզեմ հետեւեալով ընդգծել եւ շեշտել, որ աշխարհի բոլոր կիները կրնան տարբեր տարբեր պահանջներ ունենալ ու պայքարիլ` ձեռք ձգելու համար զանոնք, հայ կինը եւս իր բոլոր` ընկերային, տնտեսական քաղաքական, կրօնական հաւասարութեան իրաւունքներէն մեկնած, իր պայքարը կը մղէ բոլորին հետ բոլորին նման:  Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ, սակայն, ամէն մէկ հայ կին տարբեր պահանջ մը ունի` պատկանած ըլլալով տարբեր քաղաքացիութեան: Այսինքն ֆրանսահայ կնոջ պահանջները եւ լիբանանահայ կնոջ պահանջները նոյնը չեն, նոյնը չէ նաեւ հայաստանցի կնոջ պահանջները:  Իրաւազրկուածութեան ընդհանուր յայտարարը գոյութիւն ունենալով հանդերձ, իւրաքանչիւրը ենթակայ է իր ապրած երկրին քաղաքական,  ընկերային օրէնքներուն եւ տրամադրած թոյլտուութիւններուն, այսինքն հայ կինը քաղաքացի է ֆրանսական պետութեան, լիբանանեան,   ամերիկեան կամ հայաստանեան պետութեան, հետեւաբար ենթակայ  է  իր ապրած երկրին որդեգրած օրէնքներուն:

Բայց աշխարհի բոլոր հայ կիները կը տարբերին բոլոր կիներէն` հայ ըլլալու երեւոյթով, եւ աշխարհի բոլոր հայ կիները կը միանան` նոյն պատմութեամբ, նոյն անցեալով, իրենց ծնողաց Ցեղասպանութեան նոյն  հալածանքով, նոյն մշակոյթով, նոյն տագնապով եւ միւնոյն ապագայի տեսիլքով` ազատ, անկախ արդար Հայաստանի տեսիլքով:

Հայ կինը կը զանազանուի աշխարհի բոլոր կիներէն եւ մայրերէն` հայ ծնած ըլլալու գերագոյն խորհուրդով: Հայ կինը տարբեր է աշխարհի բոլոր կիներէն, որովհետեւ իր կեանքին գոյութիւնն ու իմաստը պայմանաւորուած են ոչ միայն տիպար մայր կամ կին ըլլալու հանգամանքով, այլ` իր կեանքին մեծագոյն իմաստը հայ ըլլալու ու իր զաւակները հայ դաստիարկելու, հայոց  լեզուն, պատմութիւնն ու  մշակոյթը պահելու գերագոյն յանձնառութեամբ: Ասոր գիտակից պիտի ըլլայ ամէն հայ կին, աշխարհի որ անկիւն ալ որ գտնուի` Մատակասքարէն մինչեւ Չիլի, հայ կինը  իր մայրական եւ կնոջական բոլոր պարտականութիւններէն ետք եւ աւելի պարտաւորեցնող առաքելութիւնը ունի` պահելու հայոց լեզուն, ժառանգելու հայոց պատմութեան փառահեղ անցեալը, մեր անզուգական եւ իւրայատուկ մշակոյթը, փոխանցելու մեր անհայրենիք գոյութեան պատճառները, աշխարհով մէկ սփիւռքացած ըլլալու պատճառները, վառ պահելու սերունդներու մտքին ու հոգիին մէջ մեր հայրերուն ու պապերուն արիւնով շահուած գոյութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան յիշողութիւնը, որուն ժառանգորդներն ենք այսօր մենք :

Շատ դիւրին է ամերիկացի, ֆրանսացի կամ անգլիացի ծնիլ, հայ ծնիլը, սակայն, առանձնաշնորհում մըն է, «գիտակցիլ, թէ հազարամեակներու մշակոյթի եւ ինքնութեան ժառանգորդն ես, որ դարերէն եկող յարատեւ գոյապայքարներու շարունակողն ես, բազմաթիւ արհաւիրքներ եւ Ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի մը ժառանգորդն ես. ունիս ուխտ եւ կեանքի նպատակ, նաեւ` բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ ամէն մէկը Գողգոթա մըն է ինքնին, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը եւ անոնց բովանդակ համահաւաքն է, որ կու տայ գոյութեանդ իմաստ եւ առանձնայատուկ արժէք: Այս արժէքը ամէն մէկ հայ իր անձին մէջ մարմնաւորելով, իր շունչով, նուիրումով, աշխատանքով եւ կրանիթեայ հաւատքով պիտի արդիւնաւորէ»[1] որպէսզի կոչուի հայ` կին թէ տղամարդ: Ահա հայ կնոջ մարտի 8-ն, մարտ 8-ի խորհուրդը, իրաւունքներուն գերագոյնը, վսեմագո՛յնն ու յաւերժականը, հայ ըլլալու, հայ ապրելու, հայ գոյատեւելու իրաւունքը, որ խլուած է մեզմէ  Ցեղասպանութեամբ եւ հայրենահանութեամբ: Ահա թէ ինչպիսի՛ ծանր, սակայն վսեմ  խորհուրդ կը կրէ իր մէջ մարտի 8-ը հայ կնոջ համար:

Այս գիտակցութիւնն է, որ մեզ կը տարբերէ աշխարհի բոլոր կիներէն, որովհետեւ բոլոր իրաւունքներուն տիրանալէն ետք, եթէ մեզմէ խլուած է ինքնութեան իրաւունքը, որ բոլոր իրաւունքներուն հենքը կը կազմէ, արժէք չունին այլեւս ազատութեան, քուէարկելու կամ հաւասար հատուցում ունենալու իրաւունքները, երբ մեզմէ  կը խլուի  մեր էութիւնը իմաստաւորող խորհուրդը` հայ ըլլալու իրաւունքը :

Ապրեցէք հայօրէն, ժառանգեցէք ձեր զաւակներուն հայ ծնած ըլլալու հպարտութիւնը մեր պատմութեան փառահեղ յաղթանակներով, մշակութային հարուստ շքեղութիւնը եւ իւրայատկութիւնը իր պերճանքով, որպէսզի ապրին անոնք  հայ ծնած ըլլալու ամբողջական գիտակցութեամբ եւ հպարտութեամբ,  որպէսզի ապրին հայը եւ հայուն երազը,  մինչեւ ըլլանք ազատ, անկախ քաղաքացիներ ամբողջական Հայաստանին ու կերտենք նոր Հայաստանը արդար ու հաւասար բոլորին համար` այր թէ կին,  սփիւռքահայ թէ հայաստանահայ, միակը եւ յաւերժականը` գլխագիր ՀԱՅԸ:

8 Մարտ 2023

[1] Աբէլ քհնյ. Մանուկեան` Նամականի

* Կիներու Միջազգային օրուան առիթով ԼՕԽ-ի ձեռնարկին արտասանուած խօսք

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.