Գեմպրիճի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան տօնը
- (0)

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ Գեմպրիճի մասնաճիւղի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 31 մայիս 2026-ի յետմիջօրէին, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան 108-ամեակի նշումը։
Ձեռնարկին ներկայ կը գտնուէին Գանատայի Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, Արժ. Տ. Նշան Քհն. Մանուկեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դրօ Թասլաքեան, Քէմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարանդ Զէյթլեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիոնի Սարմազեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Սամսոն Քահքէճեան, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմն ու փողերախումբը, եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը։
Հայ կեդրոնի շրջափակէն սկիզբ առաւ տողանցքը, Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի, Օնթարիոյի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակակիր արծուիկ-սկաուտներով, որոնց կը հետեւէին փողերախումբը, հոգեւորականաց դասը, միութիւններու ներկայացուցիչները, դպրաց դասն ու բոլոր ներկաները։
Հայր Սուրբը նախքան դրօշակի օրհնութիւնը ըսաւ. «Այս երեք գոյներով գեղեցիկ դրօշակը, որ օր մը պիտի ծածանի Արարատի գագաթին, թող ըլլայ մեր ուխտի դրօշը», որմէ ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշակի օրհնութիւն՝ Հայր Սուրբին եւ Տէր հօր կողմէ, ապա սկաուտ եղբայր Գէորգ Ճիւլհայեան բարձրացուց դրօշակը։
ՀՄԸՄ-ի Գեմպրիճի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վրէժ Փամպուքեան խօսք առնելով ըսաւ. «Համախմբուած ենք այսօր, նշելու 1918 մայիս 28-ն, ոչ թէ պատմութեան գիրքերու մէջ գրուած էջ մը ըլլալուն, այլ որպէս ժամանակակից պետութեան եւ ազգային գոյութեան հիմնաքար», ապա աւելցուց. «Այսօր մե՛նք ալ կողմնակից ենք խաղաղութեան, բայց՝ կայուն խաղաղութեան, որպէսզի վերադարձուին բոլոր գրաւուած տարածքները, ապահովուի բոլոր ռազմագերիներուն ազատութիւնը, երաշխաւորուի Արցախի հայութեան վերադարձը»:
Ան խօսքը եզրափակեց շեշտելով թէ ինքնիշխանութիւնը պէտք է հիմնուի ամուր պետականութեան վրայ, թէ օտար խոստումներու ապաւինիլը երբեք չի կրնար փոխարինել մեր հաւաքական կամքն եւ ռազմավարութիւնը, եւ թէ միասնականութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն է:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ եղբայր Զարեհ Քենտիրճեան փունջ մը երգերով, իսկ փողերախումբը հնչեցուց «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։
Աւարտին Տէր Նշան Քահանայ Մանուկեան «Պահպանիչ»-ով փակեց ձեռնարկը, որմէ ետք եղաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Սալբի Քէլեշեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Ալիս Նաճարեանի