Գարեգին Բ. Կաթողիկոս եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ ներկայ պիտի չգտնուին օգոստոս 28-ի դատական նիստին
- (0)

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներ ու արքեպիսկոպոսներ ներկայ պիտի չգտնուին օգոստոս 28-ին նշանակուած դատական նիստին։ Այս մասին յայտնած է անոնց պաշտպան Արա Զոհրապեան։
Զոհրապեանի փոխանցմամբ՝ հոգեւորականները դատարան պիտի չներկայանան՝ հիմք ընդունելով Հայաստանի Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 272-րդ յօդուածի 4-րդ մասը։ Նիստին ներկայ պիտի գտնուին միայն անոնց պաշտպանները՝ ներկայացնելով հոգեւորականներուն շահերը։
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներուն նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ Սարոյեանը կարգալոյծ հռչակելու գործին առնչութեամբ։
Պաշտպանական կողմը կը շեշտէ, որ եպիսկոպոսի կարգալուծումը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին կանոնական կեանքին եւ եկեղեցական ինքնակառավարման վերաբերող հարց է, հետեւաբար պետական մարմինները իրաւասութիւն չունին միջամտելու նման զուտ եկեղեցական գործընթացներու։