Ալիեւի Օգնականը Խօսած Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Եւ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Մասին

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւ Կասպեան քաղաքականութեան կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած «Միացեալ Նահանգներ-Կասպեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը» առցանց սեմինարի ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճանը գործընկերներու եւ դրացի երկիրներու հետ կ՛աշխատի Հարաւային Կովկասը տագնապներէ եւ պատերազմներէ զերծ շրջանի վերածելու ուղղութեամբ եւ կը ձգտի ապահովել, որ Հարաւային Կովկասը կողմնորոշուի դէպի համարկում, շրջանային համագործակցութիւն` հիմնուած փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու վրայ:

Ալիեւի օգնականը նշած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան միջազգային իրաւունքին համապատասխան. «Այս համաձայնագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային օրէնքի հիմնարար արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն վրայ, մասնաւորաբար երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան սկզբունքներուն վրայ: Շրջանը վերադասաւորումի նոր ռազմավարութեան կարիք ունի: Ազրպէյճան պատրաստ է Հարաւային Կովկասի համարկուած շրջանի կառուցման գործին մէջ իր դերը կատարելու: Այս ծիրին մէջ մենք Միացեալ Նահանգները կը տեսնենք իբրեւ կարեւոր գործընկեր»:

Ալիեւի օգնականը նաեւ անդրադարձած է նոր փոխադրամիջոցային միջանցքներուն, որոնք պիտի բացուին շրջանին մէջ, մասնաւորաբար այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին:

«Զանգեզուրի միջանցքէն կրնան օգտուիլ նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ մեր գործընկերները: Սակայն Զանգեզուրի միջանցքը չի բացառեր այլ կարողական ճամբաները, որոնք մենք դրացի Վրաստանի հետ ստեղծած ենք շրջանին մէջ», ըսած է Հաճիեւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.