Քեսապի ժողովուրդը կը ջանայ աստիճանաբար յաղթահարել երկրաշարժին հետեւանքները

Քեսապի պատերազմի տարիներուն Շտապ Օգնութեան գործադիր մարմնին մաս կազմած, ներկայիս Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան «Գանձասար»-ին զեկուցեց երկրաշարժի յաջորդող օրերուն Քեսապի իրավիճակին եւ նիւթական վնասներուն շուրջ։

Ան դիտել տուաւ, որ երկրաշարժի առաջին օրէն ի վեր ժողովուրդը, յատկապէս Քեսապ աւանի բնակչութիւնը, մեծաւ մասամբ, յատկապէս բարձրայարկ շէնքերու մէջ բնակողներ, վախի ազդեցութեան տակ, իրենց բնակարաններէն դուրս ելան, որովհետեւ այսպիսի շարժ իրենց համար նորութիւն էր ու վախազդու, յատկապէս պատերազմական դժուար պայմաններու եւ անապահովութեան լոյսին տակ ապրելէ տարիներ ետք։

Ապա շարունակելով ըսաւ.

«Առաջին ժամերը տեղեկութեան եւ ապատեղեկատուութեան համացանցի հոսքը աւելի բարդացուց մարդոց հոգեվիճակը։ Կրկնուող յետցնցումներու հաւանականութիւնները մեծ էին։

Յետցնցումներու ընթացքին ալ իրարանցում կը ստեղծուէր։ Առաջին քանի մը գիշերները շատեր գիշերեցին իրենց ինքնաշարժներուն մէջ։ Առաջին օրերուն մարդիկ սպասողական վիճակի մէջ էին եւ համարեա՛ գործի չմեկնեցան, իրենց արտերը չգացին, մինչեւ որ այս նոր կացութիւնը վերջնականապէս յստականար։

Առաջին իսկ ցնցումին արդէն տասնեակ մը տուներ վտանգուած էին, մանաւանդ այն տուները, որոնք հին, լայնանիստ պատերով կառուցուած էին՝ առանց պեթոն-երկաթեայ հիմերու, սակայն վնասուած տուներուն թիւը քաղաքապետարանի տուեալներով մէկուկէս տասնեակը չÿանցնիր։ Այդ բնակարաններուն ցանկը արձանագրուեցաւ քաղաքապետութեան մօտ։

Ամէնէն ծանր վնասը հասած էր Քեսապի հայ առաքելական համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, որ համարեա՛ 200 տարուան կեանք ունի։ Անոր արեւելեան խորանը, զանգակատունը բաւական վնասներ կրած էին, պատին վրայ տասը սմ. բացուածք մը ստեղծուած էր, որովհետեւ եկեղեցւոյ ծանր տանիքը յենած է չորս կողմի քարաշէն լայն պատերուն վրայ եւ զուրկ է պեթոն-երկաթեայ հիմերէ։ Նոյնպէս վնասուած են արեւմտեան խորանին հանդիպակած պատը, դէպի վերնատուն բարձրացող աստիճանը եւ հարաւարեւմտեան անկիւնը։ Եկեղեցւոյ մէջ, սալայատակին վրայ կարելի է տեսնել երկու հորիզոնական, երկայնքին երկարող ճեղքեր՝ կէսէն մէկ սմ. տարողութեամբ, ինչ որ ցոյց կու տայ որ եկեղեցւոյ հիմերը լրջօրէն վնասուած են։ Թէեւ անմիջական փլուզումի վտանգ չկայ, բայց կառոյցը տկարացած է եւ լուրջ վնասներ կրած։ Եկեղեցւոյ մօտ «Սահակեան» սրահը նկատառելի վնասներ չէ կրած։ Հսկումի արարողութիւնները այնտեղ կը կատարուին։ Երկրաշարժէն ետք եկեղեցւոյ մէջ պատարագ չմատուցուեցաւ, փոխարէնը Քարատուրանի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Փետրուարի վերջին պատարագը։

Երբ երկրորդ գլխաւոր երկրաշարժը տեղի ունեցաւ, մեր ազգային, յարանուանական մարմինները անմիջապէս որոշեցին Հայ Աւետարանական Նահատակաց դպրոցին փակը տեղադրել երկու մեծ վրան, ուր վառարաններ ալ զետեղուեցան, որպէսզի անօթեւան  մարդիկ այնտեղ ապաստանին ժամանակաւորապէս։

Ներկայիս յետցնցումները մեղմացած են համեմատաբար, սակայն մարդիկ տակաւին վախի ազդեցութեան տակ են ու իրենց բնակարաններէն դուրս կը մնան։

Քաղաքապետարանը Լաթաքիայէն ժամանած երկրաչափներու միջոցով վնասուած բնակարաններու ապահովութիւնը գնահատելու աշխատանքին լծուած է։ Սակաւ շէնքեր, որոնք ի սկզբանէ կառուցուածքային թերութիւններ ունէին, վտանգաւոր են, բարեբախտաբար անոնք անբնակ շէնքեր են, զբօսաշրջութեան համար նախատեսուած։

Տնտեսական կեանքը առժամաբար կանգ առած է, սակայն կամաց-կամաց կը վերականգնի։ Ներկայիս սննդեղէնի անմիջական կարիք չկայ։

Քաղաքապետարանը աշխատանք կը տանի համայն քեսապահայութեան համար մարդասիրական կողմերէ զանազան օժանդակութիւններ ապահովելու։

Բնականաբար քեսապահայութիւնը եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին յառաջիկային ինչպէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Ազգ. իշխանութեան, այնպէս ալ համայն հայութեան ուշադրութեան առարկան պիտի ըլլան, ինչպէս եղած էին Սուրիոյ պատերազմի ողջ տարիներուն, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ թօթափել այս սարսափը եւ իր հոգեւոր կեանքը շարունակել ու միախմբուիլ եկեղեցւոյ շուրջ։

Ներկայիս առաջնահերթութիւնը մարդոց ապահովութեան եւ կենցաղային յարմարութիւններու ապահովման կը տրուի։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.