Տօն է բազմաշխատ՝ մահուան Գէորգին, Սասնոյ հարազատ մեծանուն քաջին

Ծնողքը կը փափաքէր գրել, կարդալ սորվի, որպէսզի քահանայ ձեռնադրուի։ Այդ նպատակով, 1876ի Մայսի 14ին, պատանի հասակին զինք ղրկեցին Մշոյ Ս. Առաքելոց Վանքը։ Հոն հանդիպեցաւ Արաբոյին եւ այլ ֆետայիներուն։ Երկու տարի ետք, 1878ի Մայիսի 4ին, հրաժարեցաւ վանքէն, վերադարձաւ տուն։ Եւ, ինչպէս ան կը գրէ իր յուշերուն մէջ, «այնուհետեւ իմ գործը շարունակ զէնքերը եղան։»

Այսպէս յայտնուեցաւ մեր ազատագրական պայքարի խիզախագոյն ֆետայիներէն ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇը՝ Սարերու Ասլանը, Սարհատը։ Ան քսան տարի պայքարեցաւ անընդհատ՝ միշտ զէնքը ձեռքին։ Մեր յեղափոխական կռիւի ազատութեան ձայնը գոռաց անոր զէնքի խողովակէն։ Այդ պայքարին մէջ ան էախառնուեցաւ հայրենական հողին, մարմնացաւ անոր լեռներով, եւ վերածուեցաւ մեր յեղափոխութեան ապառաժին՝ մեր ժայռերուն պէս։

Գէորգը հայ էր իր ամբողջ էութեամբ։ Սասունցի իր անհատնում քաջութեամբ։ Դաշնակցական էր իր կրակի մկրտութեամբ։ Միշտ հաւատարիմ Դաշնակցութեան գաղափարին եւ զէնքին, ան պայքարեցաւ յանուն ազատութեան՝ միանալով Դաշնակցութեան միւս հաւատարիմներուն՝ Հրայր Դժոխքին, Աղբիւր Սերոբին, Անդրանիկ Փաշային…։ Գէորգն ու Ռուբէնը (Տէր Մինասեան) յեղափոխական կռիւի մտերմագոյն ընկերները եղան եւ դարձան հայրենիքի ազատութեան անբասիր գործակիցները։

Եւ, բազում ճակատագրական կռիւներէ ետք, օր մը՝ 1907 թուականի չքնաղ Մայսի 27ին, երբ վարդն էր նոր բացուած, Սուլուխը յանկարծ չորս կողմէն մթնցաւ։ Ահաւոր սոսկումը պատած էր Մշոյ դաշտ։ Անհաշտ Սուլթանը նորէն կը հառաչէր։ Բայց ապստամբ Սուլուխը մնաց աներեր։ Սկսաւ կռիւ, բարձրացաւ վեր մուխ։

Ազատ որդիներ՝ Գէորգ եւ Ռուբէն, ինչ միջոց որ պէտք էր՝ ի գործ դրին։ Տղերքը դիրք արին եւ Աստուած կանչելով կրակ բաց արին։ Երբ իր անտարբեր հրացանը կը քննէր, գնդակի կայծ մը Գէորգի ձախ կողմը հարուածեց։

Զարնուէր էր Գէորգ՝ սարերու ասլանը։ Ան մէկ զէնքին նայեցաւ, մէկ ալ իր արեան։ Ապա ուղղեց մոսինը իր նպատակին եւ ոռնաց, վար ինկաւ Քէօսա Պինպաշին։

Այդ օրը հայոց քաջերու Զատիկն էր։ Ամպեր գոռացին, շանթեր արձակուեցան, հայրենական դրախտի ճամբան կրկին արեամբ ողողուեցաւ։ Հերոս մը ինկաւ նահատակ։ Այդ քաջ հերոսը, աւաղ, Սարհատն էր, որ քսան տարի մղեց կռիւներ անյաղթ։

Գիշէր էր։ Հերոսը փչեց իր շունչը վերջին եւ ըսաւ լուսնակին, «Սիրոյ համբոյր տար, որդւոյս Վարդգէսին։»

Եւ ազատագրական պայքարը շարունակեցին նոր Գէորգներ։

Երբ ֆետայիները լուսանկարելու համար քաղաքէն եկած էր Վահան Փափազեան (Կոմս), Գէորգ Չաւուշ մանկական ժպիտով մը Կոմսին դարձաւ ու ըսաւ, «Յեղափոխութիւնը մինակ մեզմով չի լինի, պարո՛ն, ի՞նչ կայ լեցուեր էք քաղաքներ, գրոց մարդիկդ, քաղաքներէն խեր չկայ, կու գա՞ս հետս, քեզի տանիմ մեր երկիրը, տես իմա՞լ անուշ երկիր է, իմա՞լ ժողովուրդ ունենք… արժէ որ մեռնենք անոր համար,» եւ լռեց Գէորգ…։

Բայց Գէորգի պատգամը շարունակեց արձագանքել։ Լսելի է մինչեւ այսօր։ Կը լսենք ամէն անգամ երբ արդարութեան ձայնի որոտումը ցնցէ մեզ։ Հարցուցէք Սարդարապատեան կտրիճներուն, Նեմեսիս արդարահատուցման վրիժառուներուն, արդարութեան մարտիկներուն, Արցախեան ազատամարտիկներուն… եւ տակաւին գալիք սերունդներուն։

Սեդօ Պոյաճեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.