Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Դաշինքի Ա. Ընդհանուր Ժողովը

29 յունիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի Ա. ընդհանուր ժողովը:

Արտահերթ ընտրութիւններէն ակնկալիքները եղած են քիչ մը այլ, իսկ ստացուած արդիւնքները ունին ենթակայական եւ առարկայական պատճառներ. իր ելոյթին մէջ ըսաւ «Հայաստան» դաշինքի անդամ Վահէ Յակոբեան:

«Իշխող ուժին կողմէ օգտագործուեցաւ ընտրակեղծիքներու ամբողջ գործիքակազմը, վարչական միջոցներու աննախադէպ կիրարկումէն մինչեւ զինուորներու ուղղորդուած քուէարկութիւն, շրջիկ խումբերէն մինչեւ ուրիշի փոխարէն ընտրութիւններու երթալ», նշեց ան:

Արամ Վարդեւանեան ներկայացուց, թէ ի՛նչ հարցեր պիտի բարձրաձայնուին Սահմանադրական դատարանին մէջ: Խօսելով վարչական միջոցներու չարաշահումներու մասին` ան նշեց, որ անզէն աչքով նկատելի էր, թէ ինչպէ՛ս հազարաւոր ոստիկաններ միշտ կ՛ուղեկցին «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի վարչապետի թեկնածու անձին:

Ժողովին հնչեց նաեւ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորութեան թեկնածու Արմէն Չարչեանի ուղերձը, զոր հրապարակեց անոր կինը` Մելանիա Յովհանիսեան:

Ելոյթներով հանդէս եկան «Հայաստան» դաշինքի անդամ Նարեկ Մանթաշեան, Գորիս համայնքի ղեկավարի տեղակալ Իրինա Եոլեան, գործարար Աշոտ Բարսեղեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան, Հայաստանի 2-րդ նախագահ եւ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Հայաստան» դաշինքին մէջ համախմբուած ուժերը եւ անհատները մէկ կողմէ կը միաւորէ երկրին օրհասական վիճակը, պետականութեան կորուստը կասեցնելու կամքը, միւս կողմէ` մեր ժողովուրդին, անոր ապագային նկատմամբ պատասխանատուութիւնը»: Ան աւելցուց, որ իրենք հանդէս պիտի գան իբրեւ արմատական ընդդիմութիւն, պիտի շարունակեն պետականութեան, վիրաւոր արժանապատուութեան վերականգնման համար պայքարը` ընդգծելով. «Մեր քաղաքական օրակարգը կը մնայ նոյնը` Հայաստանի մէջ հաստատել ազգային պետականութիւն, լուծել անվտանգային խնդիրները, վերականգնել երկրի ինքնիշխանութիւնը»:

Հայաստանի 2-րդ նախագահ եւ դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան իր ելոյթին ընթացքին ընդգծեց, որ արդիւնքները անսպասելի էին դաշինքին համար եւ կանխատեսումները եղած են այլ, քանի որ բոլոր հարցախոյզները կը նկարագրէին այլ պատկեր:

Ան նաեւ նշեց, որ մօտ 200.000 ձայն կասկածի տակ է, եւ իրենք կը պատրաստուին դիմելու Սահմանադրական դատարան եւ կը սպասեն հետագայ զարգացումներուն:

Ան նաեւ անդրադարձաւ 2018-ի իրադարձութիւններուն եւ նշեց, որ այդ ժամանակ մարդիկ կը քուէարկէին ապագայի նկատմամբ մեծ յոյսով, որ պիտի ըլլան փոփոխութիւններ, որ երկիրը վերելք պիտի ապրի եւ շահառուները պիտի ըլլան քաղաքացիները:

Ռոպերթ Քոչարեան նաեւ նշեց, որ խիստ բեւեռացում եղած է տարբեր ընտրազանգուածներու մօտ, ինչ որ յանգեցուցած է նման արդիւնքի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.