Տարածքային իրաւո՛ւնք եւ պահա՛նջք

«Դիւանագէտը այն մարդն է, որ երկու անգամ կը մտածէ… ոչինչ ըսելէ առաջ»:

Սըր Էտուըրտ Հիթ (1916 – 2005), Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ

Մտահոգիչ են Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարին արտայայտութիւնները։

Մտահոգիչ էին, են, եւ յայտնապէս նոյն ձեւով ալ պիտի շարունակուին, ցաւալիօրէն։

Ժամանակագրական՝ անցեալի, ներկայի եւ ապառնիի բաժանումները պարզ ձեւականութիւն չեն, այլ յաւելեալ հաստատում մը՝ դէպի անդունդ թաւալգլոր եւ անվերջանալի անկումին։

Անթալիոյ ժողովէն հազիւ վերադարձած, եւ իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ «պատմական» հանդիպումին փոշին չթօթափած, Արարատ Միրզոյեան յետ-անթալեան հարցազրոյցի մը ընթացքին, քաջաբար եւ պաղարեամբ հաստատեց, թէ հայկական կողմին համար, սկզբունքային եւ հիմնարար է, որ արցախահայութեան իրաւունքներն ու ազատութիւնները յստակօրէն երաշխաւորուին եւ վերջնականապէս յստակեցուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը: Այսքանը բաւարար չսեպելով՝ շեշտեց. «Մեզ համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը տարածքային հարց չէ, այլ իրաւունքների»:

Այս կարճ հիմնաւորման մէջ, տեսողութիւնը չկորսնցնողին համարակներեւ է անհիմն եւ անյստակ բաղդատական մը, գլխապտոյտ յառաջացնող եւ հարցադրումներու դուռ բացող արտայայտութիւն մը, անորոշութիւն բուրող եւ միեւնոյն ժամանակ առաձգական հաստատում մը, որ կը մտահոգէ, պէ՛տք է մտահոգէ հայորդին։ Միրզոյեան չէ այն դիւանագէտը, որ, Հիթի բնութագրումով, երկու անգամ մտածած է, նաեւ՝ բան մը կ’ըսէ՛: Եւ՝ ի՜նչ…

Ահաւասիկ նոր ապացոյց մը, որ մեր դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ «ջայլամի քաղաքականութիւն» խաղալ, մնալ ինքնախաբէութեան եւ հանրութիւնը անհիմն պատրանքներով օրօրելու եթերին մէջ, բառեր եւ գաղափարներ օգտագործելով եւ համահունչ բադադրեալներ կամրջելով՝ հաստատումներ կատարել, պարզապէս իմաստազուրկ, աւելի՛ն՝ հայութեան համար վնասարար կեցուածքներ դուրս տալով:

Տարածքն ու իրաւունքը իրարմէ բաժնելով, նաեւ՝ իրարու խառնելով, պարոն նախարարը կ՛ուզէ պաշտպանե՜լ Արցախն ու արցախցին, անշուշտ մոռնանք, թէ Արցախ եզրն ալ կը բացակայի։

Այս խօսքով, պարոն Միրզոյեան պաշտօնապէս եւ առանց գլուխը կախելու կը հաստատէ, որ Շուշիէն, Հատրութէն եւ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով բռնագաղթած բոլոր արցախցիներուն համար, հիմնախնդիրը տարածքային չէ՛, այլ պարզապէս՝ իրաւունքի հարց։ Աւելի պարզ խօսքով, անոր ըսածէն կարելի է հասկնալ, թէ արցախցին կրնայ իր իրաւունքները հետապնդել՝ անցնելով Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ: Քիչ մըն ալ յստակացնելով՝ ան տարածքի՝ հողի պահանջ չունի, այլ պարզապէս իբրեւ մարդ արարած՝ ապրելու, գործելու մարդկային տարրական իրաւունքներու պահանջք, կը մնայ, որ հայեր ջարդող ազերիները երաշխիք տան այդ իրաւունքներուն պահպանման:

Յիշեցնենք դարձեալ: Հատրութցիէն, շուշեցիէն եւ գրաւեալ միւս շէներէն խլուած ՀԱՅԿԱԿԱՆ հողին, անոր վրայ ապրողին իրաւունքներուն մասին է խօսքը, եւ ահա, անոնց մասին օր-աւուր բառախաղերով, լարախաղացութեամբ եւ նենգամտութեամբ՝ նախարարը, իր պետն ու գործակիցները կը փորձեն համոզել արցախցին եւ ընդհանրապէս հայը, ազերիական տեսակէտները ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով եւ փափուկ ուժով հրել հայորդիին կոկորդէն վար:

Ահա թէ ինչպէ՛ս կը շարունակուի դիւանագիտական բնագաւառէն ներս գործածուող «ճկուն» բառամթերքն ու այն հաստատումը, թէ «Խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ իւրաքանչիւր բանակցութիւն պիտի ընթանայ առանց նախապայմանների»: Այսքանով չգոհանալով՝ Միրզոյեան 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած պարտութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ «ամրագրուած պայմանաւորուածութիւն, որ պէտք է լիարժէք կեանքի կոչուի»։ Աւելի՛ն, առանց ահաւոր եւ պատմական պարտութեան ծանրութիւնը նուազագոյն չափով զգալու, ամենայն ինքնավստահութեամբ կը յոխորտայ. «Մենք շարունակում ենք հետեւողական լինել այս ուղղութեամբ: Ինչպէս գիտէք, մենք նոյնիսկ հանդէս ենք եկել այդ պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու համալիր առաջարկներով․․․»։ Հոս տեղին է կանք առնել եւ չշարունակել ողբերգութիւնն ու թաւալգլոր անկումին ցուցահանդէսը, սակայն պէտք է աւելցնել, որ նաեւ վարչապետին կողքին, նորընտիր նախագահին համար ալ որեւէ մտահոգիչ բան չկայ ազերիներուն կրկնակի ու յարաճուն յարձակումներուն մէջ, որովհետեւ ան ալ ելած է նոյն մտածողութեան կաղապարէն:

Ժանգոտած է ու մաշած՝ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ը։ Դժբախտաբար յարութիւն առած են նորելուկ Վեստ Սարգիսներ, որոնք Անիի փոխարէն՝ կ՛ուզեն ամբողջ հայրենիքը ծախել թշնամիին, որովհետեւ Արցախի յանձնումը չի բաւարարեր թուրք-ազերի համաթուրանական ճակատը:

Մեր պատմութեան ու գոյատեւող հայրենիքին հաւատարիմ հայը կասկած չունի. պիտի վերադառնան Խրիմեան հայրիկները, որոնց պատգամած՝ «Երկաթեայ շերեփ»-ը պիտի դրուի հայրենի դիւանագիտութեան ձեռքին մէջ եւ զայն պիտի հրաւիրէ զարթնումի եւ վերածնունդի։

«Հայրենիք»
Խմբագրական

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.