«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – Դ.
Գլուխ Երկրորդ
1914
Բասէն Եւ Ալաշկերտ
3. Ազգային Վարչութիւն
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ
(Նկարը՝ Սմբատի յիաւոր Կամաւորական խումբը)
Կամաւորական գունդերուն հետ միաժամանակ երկիր կը մտնէր ազգային վարչական մեքենան, անյայտ կամ ապօրինի անուան տակ: Հայերու ազգային բաղձանքները գրաւուած պզտիկ գետնի մը վրայ իսկ մարմին եւ ձեւ կ’ուզէին առնել: Կամաւորական շարժումը եւ կատարուած նիւթական ու բարոյական զոհողութիւններն ուղղուած էին երկու նպատակի.- ա) Որքան կարելի է շուտ մտնել հայաշատ նահանգներու ներսը՝ ֆիզիքական վտանգէ փրկելու համար այդ տեղի հայերը, եւ բ) Ուղղակի (թէ կարելի է) կամ անուղղակի (եթէ ռուսական ձեռքը արգելք հանդիսանայ) միջոցներով ստեղծել ազգային վարչութիւնը եւ երկիրը վերածել հայրենիքի:
Կովկասի հայ մտաւորականութիւնը զինուորական ուժերուն պէս մօբիլիզացիայի ենթարկուած էր: Այդ շարժուն կեանքի ընթացքին, գրագէտը, բանաստեղծը, վարժապետը, ուսուցիչն ու աշակերտը գործի լծուած էին: Ոմանք յաջող, ոմանք անյաջող, իրենց օժանդակութիւնը կը բերէին ազատագրական գործին՝ տեղաւորուելով Թիֆլիսէն մինչեւ պատերազմի ճակատը, զինուորական մեքենայի մէջն ու շուրջը:
Զինուորական գործողութիւններէն աւելի նշանակալից է ժողովրդական կազմակերպութեան պատկերը գրաւուած վայրերուն մէջ: Բասէնի եւ Ալաշկերտի գրաւումէն հազիւ մէկ երկու շաբաթ անց, Ալաշկերտ ղրկուեցաւ Ս. Տիգրանեանի գլխաւորութեամբ երիտասարդ մտաւորական գործիչներու խումբ մը, որոնցմէ ոմանք տաճկահայեր էին (Աբօյեան, Զաւէն եւ ուրիշներ): Ալաշկերտի վարչութիւնը (այսպէս անուանենք, որովհետեւ մասնաւոր անուն մը չունէր) ե՛ւ օգնութեան մարմին էր, ե՛ւ կառավարչական դեր կը խաղար (անշուշտ քօղարկուած կերպով) ե՛ւ տեղաւորման ու հողային բաշխման գործերը կը կարգաւորէր: Ասիկա կառավարական եւ զինուորական նոր առկայծող կեանք մըն էր, որ շատ աննշմար կ’անցնէր ընդհանուր ժխորի մէջ, բայց կենսական ու կազդուրիչ երեւոյթ մը կը մնար:
Օգնութեան մարմինները իրենց առաջին նիւթական օժանդակութիւնը սկսած էին հասցնել, թէեւ թոյլ կերպով, որովհետեւ նոր ազատուած վայրերը եթէ բժշկական սուր կարիք ունէին, սակայն նիւթական տեսակէտով, շատ մտահոգիչ վիճակի մը մէջ չէին: Այդ օրերու մտահոգութիւններն աւելի քաղաքական էին, քան գաղթականական: Տակաւին մենք գաղթական չունէինք: Երկու շրջաններու կռուի ճակատի վրայ գտնուող շարք մը գիւղերու բնակիչները ետ քաշուած՝ եւ իրենց դրացի գիւղերու մէջ տեղաւորուած էին, որոնց բաւարարելը շատ դիւրին էր:
Շատ չանցաւ, երբ նոյեմբերի սկզբին Բասէն ղրկուեցաւ մտաւորականներու ուրիշ խումբ մը: Այս խումբը կ’երթար Ազգային Բիւրոյի կողմէ քաղաքական վերաշինական նպատակներով: Խումբը բաղկացած էր վեց հոգիէ, Կորիւն Ղազարեան, Մինաս Մակարեան, Տիգրան Աւետիսեան, Ծատուր (բժ. Բ. Բաղդասարեան), Վահան Խուտատեան1 եւ տողերիս գրողը:
Փակագծի մէջ ըսեմ որ կամաւորական շարժման մասին բաւական թուով երիտասարդ մտաւորականներ (Դաշնակցական) բացասական կարծիք ունէին: Հ.Յ.Դաշնակցութեան 1914-ի աշնան Ռայեօնական ժողովի մէջ, մէկ քանի ընկերներ իրենց բացասական վերաբերմունքը յայտնած էին, սակայն ճնշիչ մեծամասնութիւնը սկսուած կամաւորական շարժումը կազմակերպելու եւ վարելու որոշումը կայացուցած էր: Այսպիսով, մատի վրայ համրուող անհատներ կային, որոնք տակաւին կը մնային այդ համոզման եւ չէին թաթխուած զինուորական գործերու մէջ: Ես անձամբ, այդ ընկերներու տեսակէտները կը բաժնէի եւ այդ տրամադրութեամբ մեկնած էի Պօլսէն, (յետագային մանրակրկիտ վերագնահատումով եկայ այն եզրակացութեան, որ առջի օրերու մեր խմբակի մտածումըսխալ էր): Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի եւ Ազգային Բիւրոյի գիտակցութեամբ, ահա, վերյիշուած վեց ընկերներուս վրայ ծանրացաւ Բասէնի շրջանի վարչական եւ ժողովրդական միլիցիայի գործերը:
Ճիշդ էոր ռուսական գրաւման հետ միաժամանակ այդ վայրերու համար կը նշանակուէին կառավարիչներ (նաչալնիկ), բայց անոնք շատ անուանական էին: Գործ ունէին իրենց քանի մը ոստիկաններու հետ եւ գլխաւորաբար ելեւմուտք ունէին թուրք եւ քիւրդ մնացորդ ազգաբնակչութեան մօտ: Իրական վարչութիւնը, դատ ու դատաստանը, օգնութեան գործը, զինելու եւ զինավարժեցնելու աշխատանքը կը տանէին քաղաքական մարմինները Բասէնի եւ Ալաշկերտի մէջ: Այդ երկու խմբերը տեսակ մը Գօլլէկտիւ մարմիններ էին, որոնք աշխատանքի բաժանումով՝ կառավարիչի մը դերը կը խաղային:
Վարչական այդ հաւաքական մարմինը մեր ազգային շրջանակներու մէջ կը կոչուէր «ինքնապաշտպանութեան մարմին», երբեմն «գաղթականական լիազօր», «Ազգային ԲիւրոյիՅանձնախումբ»: Սակայն Բասէնի եւ Ալաշկերտի ժողովուրդը մարմնին տուաւ «շտաբ» անունը: Ռուսական բանակն ունէր իր շտաբը (սպայակոյտը). հայ ժողովուրդը եկող ռուսական իշխանութիւնը մարմնացած տեսաւ անոր ամենազօր շտաբին մէջ: Հայ ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչը կը հանդիսանային այդ մարմինները Բասէնի եւ Ալաշկերտի մէջ, եւ հետեւաբար՝ ժողովուրդը մարմնի մէջ պիտի տեսնէր հայ անգոյ կառավարութեան սպայակոյտը,- շտաբը: Անունն այդպէս ալ մնաց:
Պէտք է խոստովանիլ որ այդ անունը շատ յաճախ քաղաքական-զինուորական փորձանքներէ կ’ազատէր մեզ, բայց լուրջ անպատեհութիւններն ալ անպակաս էին: Կամաւորները (երբ կ’ապացուցանէինթէ այսինչ խումբին կը պատկանին) զինուած պտտելու իրաւունք ունէին. իսկ ազգաբնակչութիւնը բացարձակապէս այդ իրաւունքէն զրկուած էր: Հայոց շտաբը շրջաններ պտտած ժամանակ՝ զինուած մարդիկ ունէր իրեն հետ: Ռուսական բանակի հասարակ զինուորները, երբ այդ երեւոյթի դէմ կը գրգռուէին, անոնց կը հաղորդուէր որ զինուածները հայկական շտաբին կը պատկանին: Այդ զինուորական խօսքը բաւական կ’ըլլար շարք մը արգելքներէ անցնիլ եւ որոշ գործեր կարգաւորել: Բայց շատ անգամ մեզի կը հանդիպէին գիտակից սպաներ, գնդապետներ, զօրավարներ, որոնք նման զինուած փոքրիկ խումբերու եւ քաղաքական անհատներու գոյութիւնը կ’անգիտանային եւ իրենց ստացած լուրերու վրայ, թէ հայկական շտաբ մը գոյութիւն ունի, անմիջական հետապնդման կը ձեռնարկէին մարմնի դէմ: Այդ սպայութիւնը, զինուորական եւ ռուսական պետականութեան տեսակէտէն վնասակար կը գտնէր նման մարմիններու գոյութիւնը: Սակայն Բասէն եւ Ալաշկերտ գործող քաղաքական մարմինները զինուած էին շատ խոհեմ վկայականով մը: Անոնք իրենց գտնուած ճակատի ընդհ. հրամանատարէն ունէին պարզ վկայականներ, որոնք կը հաստատէին թէ «անոնք գաղթականական օգնութիւն հասցնելու համար լիազօրուած են եւկրնան զէնք կրել»: Նոյն թղթերու մէջ շեշտուած էր յանձնարարութիւն մը, որով կը թելադրուէր զինուորական եւ քաղաքացիական իշխանութեանց, հարկ եղած պարագաներուն, օժանդակութիւն ցոյց տալ յիշեալներուն: Երբ բարձր սպայութիւնը այդ վկայականները կը կարդար, կը հանդարտէր, մտածելով որ ժողովուրդը «շտաբ» բառը սխալ գործածած է: Բնական է ժողովուրդն այդ բառը սխալ տեղ կը գործածէր, սակայն ատով ան «հայոց իշխանութեան» իմաստը կ’ուզէր բառով մը սահմանագծել: Կարեւորն այն էր թէ այդ անլէկալ մարմիններն ի՞նչքանբովանդակութիւն կրնային դնել իրենց ժողովրդական աշխատանքին մէջ:
Բասէնի մարմինն աւելի լայն ու աւելի հիմնաւոր աշխատանքի մը ձեռնարկեց: Այդ աշխատանքներն առաջին նահանջէն յետոյ միայնիրենց արդիւնքները տուին: Անմիջական աշխատանքի լծուելով՝ ամենէն առաջ գիւղական նոր վարչութիւններ կազմակերպուեցան: Վիճակագրական նոր տախտակներ պատրաստուեցան՝ որով տեղաւորման գործը կը տարուէր որոշ հաշիւներով: Բացի նպատակայարմար բաշխումէն, հնարաւոր էր ջոկել բացարձակ չքաւորներու թիւը՝ անոնց միայն օգնութիւն հասցնելու համար: Ստուգուեցաւ զէնքերու թիւը,- շատ խղճուկ քանակ մը: Գիւղերու մէջ հաստատուեցաւ կապ, որու նպատակն էր շրջանը ամբողջական հաւաքական ապրումներով տոգորել: Ձեռնարկուեցաւ պրօպականտի, գիւղական յետամնաց շրջանը քաղաքական եւ ազգային խնդիրներու շուրջ լուսաբանելու համար: Գիւղացիները կը լսէին հաճոյքով. հասարակական կեանքը կը կազմակերպուէր, եւ այդ այն չափով, որքան կարելի էր ակնկալել գիւղական նեղ շրջանէ մը:
Այդ հասարակական աշխատանքներու ընթացքին երկու կարեւոր խնդիրներ ցցուեցան Բասէնի ժողովրդի եւ զայն ղեկավարող մարմնի առջեւ: Առաջին՝ տեղաւորման հարցն էր: Բասէնի շարք մը գիւղերէն հեռացած էին քիւրդերն ու թուրքերը. իսկ կռուի ճակատէն ռուսական կողմն անցած էին հայերը: Բասէնի մարմինը ձեռնարկեց հէնց առաջին օրէն հայերը տեղաւորել թափուր մնացած գիւղերու մէջ: Այդպիսով, մենք երկու նպատակի կը հասնէինք՝ առանց մեծ դժուարութիւններու: Նախ՝ գաղթական ժողովուրդ չէինք ունենար, այլ գիւղացին փոխանակ իր գիւղի մէջ բնակուելու, կը բնակուէր Բասէնի մի այլ գիւղի մէջ, եւ յետոյ՝ այդ ձեւով մենք կը հայկականացնէինք ամբողջ Բասէնը: Տեղաւորումը կը նշանակէր հայացնել շրջանը: Այդ մտքով տոգորուած էր ամենէն շատ տեղի ազգաբնակչութիւնը2 : Այդ հոգիով վարակուեցան Բասէնի մէջ աշխատող գործիչները, եւ անոնց աշխատանքը դարձաւ ե՛ւ Ազգային Բիւրոյի ե՛ւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընթացիկ նպատակը: Ասիկան գործունէութեան նոր եղանակ էր.- Հայաստան ստեղծել:
Երկրորդ կարեւոր խնդիրը ազգաբնակչութիւնը զինելու հարցն էր: Զէնքի ուժը հայերը սկսած էին ըմբռնել: Իրենց շուրջն ու բոլորը կը տեսնէին ռուսական բանակը, կամաւորները, միշտ զէնքի ձայն: Իսկ լեռներու վրայ մնացող քիւրդերն ինչպէս երէկ՝ այսօր ալ զինուած կը մնային: Հայ գիւղացիութիւնը զէնք կ’ուզէր, այդ զէնքի ծովուն մէջ: Իր ապահովութիւնը իր սեփական ուժին կ’ուզէր կապել. փոքր ուժ, բայց վերջին հաշուով՝ միակ արժէքաւորը: Այդ աշխատանքին ձեռնարկեց Բասէնի մարմինը գաղտնի ու դժուարին միջոցներով: Ընդամէնը հազիւ երկու ամսուայ աշխատանք կատարած էր, երբ նահանջի ուրուականը կը ցցուէր մեր դէմ: Գիւղացին իր ապահովութիւնը կը գտնէր միայն հայ կամաւորներու պաշտպանութեան մէջ: Ժողովուրդը տակաւին զինուած ու լաւ կազմակերպուած չէր, որ գոնէ իր անցած ճանապարհներն ապահովէր:
11914-ի դեկտեմբերի նահանջէն յետոյ Ծատուր եւ Վահան Խուտատեանները Կովկաս մնացին: Անոնց տեղ մեզի ընկերացան Աշոտ Իսրայէլեան եւ Ալեքսանտր Բարխուտարեան:
2Արփաչայը քրդական գիւղ մըն էր, որու բնակիչներու մեծ մասը փախած էր: Հոն տեղաւորած էինք հայ գիւղացիներ: Արփաչայի գիւղական մարմինը կազմակերպելու համար այդ տեղ գացած էինք քանի մը ընկերներով: Մեր աշխատանքները վերջացնելէ յետոյ, գիւղի անունը փոխեցինք եւ «Խանի գիւղ» անուանեցինք, որովհետեւ Խանն իր խմբով երբ անցած էր Բասէն եւ կռուի բռնուած՝ այդ գիւղի ձորին մէջ կոտորուեցաւ, օժանդակութեամբ Արփաչայի քիւրդերուն: Ատիկա արեան տուրք էր: Յետագային քանի մը անգամ նահանջներ տեղի ունեցան, բայց գիւղը մնաց զուտ հայաբնակ եւ Խանի գիւղ: Հիմ թուրքերու տիրապետութեան տակն է եւ դատարկ: վաղը դարձեալ հայ գիւղացին պիտի կրնայ լեցնել ու շէնցնել Խանի գիւղը: