Սփիւռքը Կը Միանայ Դիմադրութեան Շարժումին

Նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային լրջագոյն խնդիրները, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի  իշխանութիւններուն բացայայտ եւ քուլիսային պայմանաւորուածութիւններու յարուցած վտանգներն ու հաւանական անդառնալի հետեւանքները` ՀՅԴ կառոյցը աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ 8-9 նոյեմբերին կը կազմակերպէ բողոքի ցոյցեր` ի զօրակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուող ազգային դիմադրութեան` ընդգծելով հայրենիքի եւ սփիւռքի միասնականութիւնը, համախմբուածութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով:

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը 7 նոյեմբեր 2021-ին կը կազմակերպեն բողոքի հաւաք եւ քայլարշաւ դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն:

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց 9 նոյեմբերին կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժումին:

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան դիմաց 9 նոյեմբերին կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժումին:

ՀՅԴ-ի, Քանատայի երիտասարդական միութեան եւ Դիմադրութեան շարժումին կողմէ Քանատայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դեսպանատուներուն դիմաց 9 նոյեմբերին կը կազմակերպուի հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժումին` ընդդէմ Հայաստանի թրքացման:

«Հաւաք մեր հողերու յանձնման դէմ, երկուշաբթի` ժամը 18:00-ին Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց: Ըսենք Ո՛Չ մեր հողերու յանձնումին, Ո՛Չ նոր համաձայնագիրի ստորագրման®», նշուած է ՀՅԴ Ֆրանսայի կառոյցի պաշտօնական էջի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ Կլենտէյլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան դիմաց 9 նոյեմբերին կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժումին:

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ Շիքակոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան դիմաց 9 նոյեմբերին կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժումին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.