Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կայանայ Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբի Ստեղծման 30-Ամեակին Նուիրուած Համերգաշար

Այս տարի կ՛ամբողջանայ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադրութեան 30-ամեակը:

Այս օրերուն երգչախումբի անդամները Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճին մէջ սկսած են նախահամերգային փորձերու:

«Վարանդա» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ պատերազմէն ետք երգչախումբի տնօրէնութիւնը ընտրեց գործունէութիւնը շարունակելու նոր ձեւաչափ,  այն է` հանդէս գալ բազմաբնոյթ համերգաշարերով:

«Անցեալ տարի Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ միատեղ կեանքի կոչեցինք «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որուն կը մասնակցին Շուշիի, Հադրութի, Ստեփանակերտի երեխաները: Սկիզբը ընդգրկուած էր 90, իսկ այժմ արդէն` շուրջ 120 երեխայ: Այս տարուան համերգացանկին մէջ ներառած ենք չկրկնուող երգեր, ինչպէս նաեւ երգչախումբի յոբելենական տարուան նուիրուած 169 երգերէն մօտաւորապէս 20-ը: Համերգային ծրագրին մեկնարկը պիտի տրուի սեպտեմբեր 5-ին` Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ: Սեպտեմբեր 10-ին` ժամը 19:00-ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ պաշտօնական համերգ», ըսաւ Զ. Քէշիշեան` տեղեկացնելով, որ երգչախումբի յոբելենական տարուան առիթով որոշած է հանդէս գալ նաեւ առանձին համերգով` դաշնակահար Նադեժդա Յակոբեանին հետ:

«Անիկա քիչ մը կը նմանի համերգապատումի.  պիտի պատմեմ ուշագրաւ դրուագներ իմ արցախեան 30-ամեայ կեանքէս: Կը կարծեմ, թէ ձեւաչափը հետաքրքրական կ՛ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ համերգապատումը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 19-ին Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.