Սուրիոյ մէջ ծառայող ռուսական զօրախումբին մէջ կրնան յայտնուիլ հայ բժիշկներ ու սակրաւորներ

Հայաստանի ռազմական մասնագէտներ հաւանաբար մեկնին Սուրիա՝ յատուկ առաքելութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Sputnik Արմենիայի աղբիւրները։

Մասնագէտներու կազմին մէջ պիտի ըլլան սակրաւորներ, ռազմական բժիշկներ ու կապի մասնագէտներ։ Անոնք պիտի աշխատին ռուսական զօրախումբին մէջ:

Հայկական լրատուամիջոցները նախապէս յայտնած էին, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Բութինը հաւանաբար հանդիպին Սեպտեմբերին։

Հանդիպման ժամանակ պէտք է քննարկուի երկու երկիրներուն համագործակցութեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ ռուսական ռազմական առաքելութեան ընթացքին համատեղ աշխատանքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.