Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէյիսեանի «100 նուիրեալներ Ցեղասպանութեան օրերուն հայ ժողովուրդի օտարազգի բարեկամներէն» գրքի շնորհանդէս

Սեպտեմբերի 27-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Րէյիսեանի «100 նուիրեալներ Ցեղասպանութեան օրերուն հայ ժողովուրդի օտարազգի բարեկամներէն» գրքի շնորհանդէսը:

Ողջույնի խոսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Ժիրայր Րէյիսեանի այս գիրքը մեծագոյն նուէրն է հայ ժողովուրդին, քանի որ աշխատատութեան մէջ տեղ գտած են 100 մարդասէր և հայասէր օտարազգի անհատներու անուններ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, անտեսելով ամէն վտանգ ու դժուարութիւն, ձեռք մեկնեցին օսմանեան եաթաղանին զոհ գացող հայ ժողովուրդին: Րէյիսեանի պապը նոյնպէս փրկուած է Հայոց ցեղասպանութենէն»:

Գրքի հրատարակումը արժևորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիո Հայոց թեմի առաջնորդ Բարձրաշնորհ Շահան արք. Սարգիսեանը: Ան նշեց, որ հակառակ սուրիական պատերազմին ու տագնապին՝ համայնքը մնաց տոկուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան՝ գրքի տպագրական աշխատանքները նախաձեռնելու և շնորհանդէսը կազմակերպելու համար:

Այնուհետև ելոյթ ունեցաւ «100 նուիրեալներ Ցեղասպանութեան օրերուն հայ ժողովուրդի օտարազգի բարեկամներէն» գիրքին մէջ տեղ գտած անհատներէն մէկուն՝ Նորվեկիացի միսիոներուհի Պոտիլ Կատարինէ Պիոռնի թոռը՝ Եուսի Պիոռնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ժիրայր Րէյիսեանին իր մեծ մօր կատարած աշխատանքը և հայ ժողովուրդին նուիրումը չմոռանալու և 100 անհատներուն մէջ ներառելու համար:

Հանդիպման աւարտին ելոյթ ունեցաւ գրքի հեղինակը՝ Ժիրայր Րէյիսեանը: Ան նշեց, որ աշխատութիւնը նուիրած է իր մեծ հօր՝ Մարուքէ Սինանեանի յիշատակին, որ փրկուելով թրքական եաթաղանէն՝ ի վերջոյ հաստատուած է Հալէպ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.