Սեպտեմբերին բացումը պիտի կատարուի Այնճարի «Ժամանակի հրաշալիքը» պատմական ժամացոյցին

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, 1947-ին, Հիլֆսպունտ կազմակերպութեան միսիոնարուհի Հետուիկ Այնսհանսլի կը ժամանէ Այնճար, ուր երկար տարիներ կը ծառայէ Այնճարի հայ ժողովուրդին՝ ստանձնելով Աւետարանական դպրոցին եւ Առաքելական եկեղեցւոյ Կիրակնօրեային տնօրէնութիւնը եւ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատգամախօսութիւնը: Յետագային իրեն կը միանան միսիոնարուհիներ Մարի Ռոք եւ Հաննա Նիչքէ: Անոնք դժուարին պայմաններու մէջ տարբեր տեսակի ծառայութիւններ եւս կը մատուցեն այնճարահայութեան. պարտէզներ կը ցանեն, պտղատու ծառեր բերել կու տան Զուիցերիայէն եւ կը բաժնեն ժողովուրդին, հիւանդները կը հոգան եւ նոյնիսկ ձեռագործի դասեր կու տան հայ կիներուն:

Այդ օրերուն, երբ ոչ ոք ժամացոյց ունէր, անոնք կառուցեցին աշտարակ-ժամացոյց մը, որ զետեղուեցաւ գիւղին կեդրոնը: Ժամացոյցը զարկաւ ամէն ժամ եւ տարիներ շարունակ դարձաւ հաւաքական վայր՝ համագիւղական հաւաքներու եւ սկաուտական բանակումներու:

Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, յառաջացած է աշխատանքային խումբ մը՝ վերաշինելու ժամացոյցը, որ կը շաղկապէ այնճարահայութիւնը իր պատմական արմատներուն հետ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական հրապոյր պիտի դառնայ Լիբանանի զբօսաշրջիկներուն համար:

Այս առթիւ Նաթալի Քենտիրճեանի «Այնճարի ժամացոյցին պատմութիւնը» յօդուածը կրնաք կարդալ այստեղ:

«Ժամանակի հրաշալիքը» ժամացոյցի վերականգնման աշխատանքները ընթացք առած են արդէն, եւ բացումը նախատեսուած է 1 Սեպտեմբերին: Փափաքելի է, որ այնճարահայութիւնը յատկապէս եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակները ընդհանրապէս նեցուկ կանգնին այս ծրագիրի յաջողութեան, որովհետեւ նշեալ ժամացոյցը բարոյական մեծ արժէք եւ իմաստ ունի իւրաքանչիւր այնճարցիի համար, որպէս մարդկային ծառայութեան եւ Այնճարի պատմութեան խորհրդանիշ:

Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ ձեւով.

Պրոնզեայ (10-100$), արծաթեայ (110-500$), ոսկեայ (510-1,000$), Լսնոսկեայ (platina) (1,010-5,000$), ադամանդեայ (5010-10,000$):

Եթէ կը փափաքիք վերոնշեալ ձեւերէն մէկը որդեգրել, հաճեցէք ուղարկել հետեւեալ տեղեկութիւնները Aessanjar@gmail.com ե-նամակի հասցէին.

Անուն-մականուն …………………………………

Գումար …………………………………………………

Հեռաձայնի թիւ ……………………………………..

Ե-նամակ ……………………………………………….

Թուական ……………………………………………….

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.