Սասունցի Շաքէի խոյանքը

Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ այս տարուան սկիզբը հրատարակուեցաւ Էդիկ եւ Տաթեւիկ Մինասեաններու «Հայ կանայք 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հերոսամարտի տարիներին» գիրքը։ Ստորեւ կը հրատարակենք գիրքէն հատուած մը, որ կը պատմէ Սասնոյ առաջին ապստամբութեան ընթացքին հայ կիներու հերոսական սխրանքներւն մասին։ «Սասունցի կին» Գծանկարը կը պատկանի գեղնկարիչ Արշակ Ֆեթֆաճեանի։

1894-ի Օգոստոս 15-ին սասունցի մարտիկներուն քով 200 հոգինոց պատուիրակութիւնը իջաւ Անդոկէն՝ բանակցելու համար 500 թուրք ասկեարներով իրեն սպասող Զէքի փաշային հետ: Սակայն ինչպէս եւ պէտք էր սպասել, թուրք գլխաւոր հրամանատարը դիմեց ստոր խաբէութեան: Ապստամբներու պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը ձերբակալուեցաւ, իսկ մնացած մասը, հակառակ ցոյց տուած կատաղի դիմադրութեան, գրեթէ ամբողջութեամբ ոչնչացուեցաւ, շատ քիչեր յաջողեցան ետ վերադառնալ Անդոկ: Ձերբակալուածներէն գազանային խոշտանգումներու միջոցով փորձելով տեղեկութիւններ կորզել սասունցիներու մարտական ուժերուն եւ դիրքերուն մասին ու չհասնելով իրենց նպատակին՝ թուրք բարբարոսները Զէքի փաշային հրամանով կտոր-կտոր ըրին Սեմալի Տէր Յովհաննէս քահանան, որմէ ետք տանջամահ ըրին նաեւ միւսները:

Լիովին համոզուելով, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կամովին յանձնուիլ արիւնարբու ոսոխին ողորմածութեանը՝ Սասունի մարտական ուժերը Օգոստոս 15-25-ը Անդոկ լերան վրայ՝ Գելիեգուզանի եւ Տալուորիկի մատոյցներուն մէջ մղեցին իրենց վերջին օրհասական կռիւները: Շատերուն մօտ սպառած էր զինամթերքը, եւ անոնք կը մարտնչէին սուրերով, դաշոյններով, թշնամիին վրայ ժայռաբեկորներ գլորելով: Հրետանային կրակի օգնութեամբ յարձակող թուրք-քրտական 40,000-նոց զանգուածին դէմ մարտնչող ապստամբներուն թիւը նուազեր էր հասնելով մինչեւ 1800-1700-ի. սասունցի շատ կիներ կը փոխարինէին կռիւին ինկած իրենց ամուսինները: Այս վերջին եւ ամենադաժան մարտերուն թշնամիին կոտորածները կազմեցին աւելի քան 2000 սպաննուած եւ վիրաւոր: Համեմատաբար մեծ կորուստներ ունեցան նաեւ սասունցիները:

Օգոստոս 23-ին ճակատամարտը շարունակուեցաւ ամբողջ օրը՝ 24 ժամ անընդմէջ: Օգոստոս 24-25-ին մարեցին դիմադրութեան վերջին օճախները:

Սասունի 1894 թուականի ինքնապաշտպանութեան հերոսուհիներէն էր Շէնիկի իշխան Մոսէ Գրգոյի մեծ եղբօր՝ Մարտոյին կինը՝ հարս Շաքէն (պապիս՝ Սիմոն Յակոբեանի հարազատ մօրաքոյրը – ընդգծումը իմս է՝ Մինասեան է): Անոր գլխաւորութեամբ դեռեւս 1891 թուականին շէնիկցի կիները, տղամարդոց կողքին կռուելով, քրտական ուժերուն ստիպեր էին նահանջել: Անոնց նշանաբանն էր «Մահ կամ ազատութիւն»: Տալուորիկցիները իշխան Գրգոյին ղեկավարութեամբ գրոհի նետուեր էին թշնամիին դէմ: Կիները քաջալերանքի խօսքերով իրենց ամուսիններն ու եղբայրները մարտի մղած էին: Տեղ մը հրացանային կռիւ մղուեր էր, ուրիշ տեղ մը՝ սուրի եւ դաշոյնի: Թշնամիին դիակոյտերը փռուած էին ամէնուրեք. քրտական փոքրիկ նահանջը կարճ ժամանակի մէջ վերածուեր էր խուճապահար փախուստի:

Յաջորդ տարուան կռիւներուն Անդոկի շրջանի այլ գիւղեր եւս օգնութեան հասեր էին: Դիրքերը վերագրաւած հերոսուհի կիները հերոս տղամարդոց հետ միասին հետապնդեր էին թշնամին՝ զայն քշելով Սպիտակ սարէն դէպի հարաւ:

1994 թուականի Օգոստոսին, ամիսներով կռուելով թշնամիին գերազանց ուժերուն դէմ, ռազմամթերքի սպառելէն ետք անոնք շարունակեր էին դիմադրել՝ քարեր գլորելով, որուն հետեւանքով թշնամին շատ զոհեր տուեր էր, չէր կրցած դիրքերը գրաւել: Երբ թշնամին պաշարեր էր հայ կիները, եւ փախուստը անհնար էր, Շաքէն բարձրացեր էր քարաժայռի մը վրայ եւ խօսքը ուղղելով քոյրերուն՝ յորդորեր էր լաւ մտածել եւ գերի չիյնալ քիւրտերուն ձեռքը կամ ընդունիլ մահմետական պիղծ օրէնքները: Ան վեհ գաղափաի համար նահատակուողի պայծառ ժպիտը դէմքին, զաւակը կուրծքին սեղմած, ժայռէն ինքզինք նետած էր դէպի անյատակ անդունդը: Անոր հետեւած էին հինգ տասնեակի հասնող կիներ: Ահա թէ ինչպէ՛ս կը նկարագրէ Ա. Նազարբէկը (Լեռնենց) հերոսուհի շէնիկցի Շաքէին նահատակութիւնը իր «Սասուն» բանաստեղծութեան մէջ.

«Նետում է իրան այն ժայռից անդունդ՝

Սեղմած իր գրկին իր սիրոյ ծնունդ,

Եւ մէկն է, միւսը, երրորդն, յիսուն կին,

Որ հետեւում են նրա սուրբ քայլին…

Ո՛չ, դրանք, այդ կիներն մահկանացու չեն,

Դիցուհիներն են սրբացած արդէն»:

Սասունցի շատ կիներ հետեւեցան Շաքէին արարքին նաեւ 1904 թուականի Սասունի ինքնապաշտպանութեան օրերուն եւ 1915 թուականի Մեծ եղեռնի ժամանակ: Անոր օրինակին հետեւելով՝ քիւրտերուն ձեռքը չիյնալու համար Շէնիկ գիւղի մօտէն հոսող Գելի գետը իրենք զիրենք նետած էին Շաքէին երկու գեղատեսիլ քոյրերը՝ Հեզիկն ու Ալթունը: Զայրացած քիւրտերը նոյնիսկ փորձած էին ծաղր ու ծանակի ենթարկել քոյրերուն դիակները:

Շաքէին միւս քոյրը՝ Շուշանը, նոյնպէս հերոսուհի էր իր քոյրերուն նման: Սիմոն պապիս վկայութեամբ՝ 1902 թուականին Տիգրանակերտ երթալու ճանապարհին, երբ 5 զինուած քիւրտեր յարձակեր են անոր վրայ, վերջինս խլեր է անոնցմէ մէկուն զէնքը, գետին տապալեր է զայն, սպաններ է մէկը, երկրորդը՝ դաշունահարեր է, իսկ միւսները այս տեսնելով փախուստի դիմեր են: Պատահական չէ, որ հերոսուհիին դիմանկարը քանդակեր են Տիգրանակերտի պարիսպներուն վրայ, զոր, Պապիս վկայութեամբ, իր մօր՝ անվեհեր ֆիտայի Հռիփսիմէի (Ռպէ) հետ ամէն այցելութեան ժամանակ, դիտեր են զայն մեծ հպարտութեամբ: Այդ անվեհեր հայուհին նահատակուեր է 1904 թուականին Սասունի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին:

Օգոստոս 24-ին Հեղին գիւղին մօտ (Անդոկէն արեւմուտք) իր վերջին մարտը մղեց Շէնիկի ռես Մոսէի Գրգօն՝ ապստամբութեան ղեկավարներէն մէկը: Օգոստոս 25-ին, իր փոքրիկ խումբով մարտնչելով մինչեւ վերջին փամփուշտը, սուրը ձեռքին, նահատակուեցաւ Սասունի հերոսամարտի միւս հռչակաւոր ղեկավարը՝ Գելիեգուզանի ռես Պետօն:

Օգոստոս 24-ին Ֆըրֆըրքարի Արծուի բոյն կոչուած քարանձաւէն (Տալուորիկի Հարթք գիւղին մօտ) դուրս եկաւ եւ Գէորգ Չաւուշի եւ փոքր խումբի հետ միասին թուրքերուն յանձնուեցաւ Մեծն Մուրատը՝ ապստամբութեան գլխաւոր ղեկավարը: Զայն եւ իր զինակիցները շղթայակապ ուղարկեցին Մշոյ բանտ: Հնչակեան գործիչը հետագային տեղափոխուեցաւ Կ. Պոլիս եւ ապա Թրիփոլի, իսկ Գ. Չաւուշ իր սասունցի ընկերներով 1896 թուականին Մշոյ բանտէն փախաւ Սասուն՝ շարունակելու եւ ընդլայնելու համար ֆիտայական պայքարը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.