Որո՞ւն ուղղուած են Լաւրով-Չաւուշողլու մամլոյ ասուլիսի յայտարարութիւնները
Կարօ Արմենեան
Մոսկուայի ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները Լաւրով-Չաւուշողլու մամլոյ ասուլիսի եզրակացութիւններուն մասին նպատակ ունին բացայայտելու Մոսկուայի այժմու քաղաքականութեան դիտաւորութիւնները Կովկասեան տարածաշրջանի կապակցութեամբ։
Ազրպէյճանը Թուրքիայէն անջատելու և զայն իր թևարկութեան տակ բերելու և Թուրքիան Կովկասէն հեռու պահելու երբեմնի քաղաքականութիւնը — առայժմ գէթ — վերջ գտած կը թուի ըլլալ Մոսկուայի ռազմագէտներու նոր քաղաքականութեան հաշուարկներով։
Մոսկուա վերադարձած կը թուի ըլլալ Հարաւային Կովկասին լիովին տիրութիւն ընելու իր պատմական յաւակնութիւններուն։ Եւ անցեալի Հիւսիս-Հարաւ (Ռուսաստան-Հայաստան-Իրան) Առանցքին փոխարէն, ան այժմ կը միտի շահակցական մէկ ամբողջական հիւսուածք ձևաւորել, որ պէտք է ընդգրկէ Թուրքիան և Իրանը լայնօրէն՝ օգտագործելով ազրպէյճանական գործօնի հնարաւորութիւնները և այս բոլո՛րը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան և ազգային գերագոյն շահերուն հաշւոյն։
Մոսկուայի հաշուարկով, պէտք է բաւարարել Թուրքիան և Ազրպէյճանը և ապահովութիւն ներշնչել Իրանին…Ապահովութի՛ւն՝ ԱՄՆ-էն և յատկապէս Իսրայէլէն եկող սպառնալիքներուն դիմաց։
Եւ հոս իսկ է հարցը։ Մոսկուայի, Իսրայէլի և ԱՄՆ-ի շահերը Ազրպէյճանի մէջ անհամատեղելի են։ Իսրայէլ կ՚ուզէ տկարացնել և ի հարկին ներսէն պայթեցնել Իրանը, մինչդեռ Մոսկուայի համար կենսական նշանակութիւն ունի Իրանի կայունութիւնը և անոր կառավարելիութիւնը ռուսական հովանիի տակ։ ԱՄՆ-ի իրանեան քաղաքականութիւնը դեռևս յստակօրէն չէ բացայայտուած և ԱՄՆ-Իսրայէլ համագործակցութեան եզրերը Իրանի նկատմամբ դեռ շատ հեռու են ճշտուած ըլլալէ։ Յստակ է մէկ բան։ ԱՄՆ չի կրնար ընդունիլ Իրանի «ռուսականացումը»։ Իրանը պահել Մոսկուայէն անկա՛խ, թէկուզ ոչ-բարեկամ ԱՄՆ-ի և Արևմուտքի…Միաժամանակ ԱՄՆ չի կրնար ընդունիլ Թուրքիան Արևմուտքի ծիրէն դուրս։
Հետևաբար Մոսկուա դեռ շատ բացեր ունի գոցելիք հասնելու համար իր սիրեցեալ հաւասարակշռութիւններուն։ Եւ Մեղրիի վրայով ճանապարհներու ձևաւորումը դեռ շատ հեռու է գտնելէ իր աշխարհաքաղաքական յենարանները։ Դիւանագիտութեան համար դեռ գոյութիւն ունին բաւականին լայն կարելիութիւններ, որոնք սկզբունքով բաց են Հայաստանի համար։ Պէտք է ափսոսալ, որ այսօր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ղեկը կը գտնուի անձեռնհաս իշխանութեան մը ձեռքերուն մէջ։
Լաւրով-Չաւուշողլու յայտարարութիւնները, այս կէտին վրայ, ենթադրաբար ուղղուած են Արևմուտքին և յատկապէս ԱՄՆ-ի իշխանութեան։ Եւ իսկապէս այս խօսակցութեան իսկական առարկան Իրանն է։ Դեռ շատ ճամբայ ունինք կտրելիք։