Ծառուկեան Փաշինեանէն կը պահանջէ հրապարակային ներողութիւն եւ աւելի քան 9 միլիոն դրամի փոխհատուցում

ԵՐԵՒԱՆ․ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան դատական հայց ներկայացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ՝ պահանջելով հրապարակայնօրէն հերքել իր հասցէին կատարուած զրպարտչական եւ վիրաւորական յայտարարութիւնները, ներողութիւն խնդրել եւ վճարել աւելի քան 9 միլիոն դրամի փոխհատուցում։

Յունիս 12-ին Երեւանի քաղաքացիական դատարանը վարոյթ ընդունած է յունիս 2-ին ներկայացուած հայցը։ Ծառուկեան կը պահանջէ, որ դատարանի վճիռի օրինական ուժի մէջ մտնելէն ետք հինգ աշխատանքային օրուան ընթացքին Փաշինեան հրապարակայնօրէն հերքէ մայիս 28-ի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին իր հասցէին կատարած այն արտայայտութիւնները, որոնց մէջ զինք բնորոշած էր որպէս «յանցագործ», «լրտես» եւ «գործակալ», ինչպէս նաեւ մեղադրած էր «յանցաւոր գործարքի» մասնակցելու եւ ժողովուրդը «թալանելու» մէջ։

Հայցով կը պահանջուի նաեւ 6 միլիոն դրամի փոխհատուցում՝ զրպարտութեան հետեւանքով պատճառուած վնասներուն համար, 3 միլիոն դրամ՝ վիրաւորանքի համար, ինչպէս նաեւ 310 հազար դրամ՝ դատական եւ փաստաբանական ծախսերու փոխհատուցման նպատակով։

Յիշեցնենք, որ Գագիկ Ծառուկեանն ու «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը աւելի վաղ եւս դատական հայց ներկայացուցած էին Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան դէմ՝ պահանջելով հրապարակային հերքում եւ 12 միլիոն դրամի փոխհատուցում։