Ո՞Վ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՅԻՇԷ ԱՐՑԱԽԸ…

… Երբ ցեղասպանութիւնը կը վերադառնայ աշխարհաքաղաքականութիւն

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Դեռ ինչքա՞ն պիտի փորձէք սիրաշահիլ գազանը (Ալիեւը), երբ ան ամէն օր նորանոր պահանջներ կը ներկայացնէ եւ կը շարունակէ իր թշնամական հռետորաբանութիւնը: Ինչքա՞ն պիտի շարունակուի այս սիրաշահելու քաղաքականութիւնը։ Մենք կը տեսնենք, որ դուք կը փորձէք սիրաշահիլ գազանը, բայց գազանը չի կշտանար, գազանը աւելին կ՚ուզէ։ Ո՞ւր է այս ամէնուն սահմանը»:

Սեւան Տէյիրմենճեանի հարցումը Նիկոլ Փաշինեանին, 26 սեպտեմբեր 2024-ին։

Պաղ պատերազմի աւարտին, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ցեղասպանութեան կանխարգիլման մեքանիզմներու ստեղծման շուրջ արձանագրուած զգալի յառաջընթացէն ետք, ցեղասպանութիւնը վերադարձած է աշխարհաքաղաքականութեան։

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) 1948-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման մասին համաձայնագրէն յիսուն տարի ետք, Հռոմի համաձայնագրով Միջազգային քրէական ատեանի (ICC) ստեղծումը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի 2005-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած Պաշտպանելու պատասխանատուութեան (R2P) նորմը, այդ յառաջընթացին ամենացայտուն երեսներն են։ Անկախ իրենց գործնականացման ընթացքին երեւան եկած բոլոր հակասութիւններէն եւ այն մեծ հարցականէն, թէ արդեօ՞ք յաջողած են զանգուածային ոճիրներու կանխարգիլման իրենց նպատակին հասած ըլլալու մասին համոզիչ փաստեր ներկայացնել։

Որքան ալ սահմանափակ ըլլայ միջազգային յարաբերութիւններու տինամիքին մէջ ուժի կիրառումը նուազեցնելու անոր կարողութիւնը, միջազգային օրէնքը, այնուամենայնիւ, կը պահպանէ իր նուազագոյն պիտանիութիւնը։ Աւելի լաւ է ունենալ թէկուզ եւ թերի կանոնաւորումներու առկայութեամբ ընկալուած աշխարհակարգ մը, քան բնականոնացնել «ուժեղները կ’ընեն այն ինչ կրնան, տկարները կ’ընդունին այն ինչ պարտաւոր են» Թուկիդիդեսեան (Thucydides) ծանօթ տողը Պելոպոնեսեան Պատերազմը հատորի Մելոսեան Երկխօսութիւնը (The Melian Dialogue) գլխուն մէջ։

Յետ-պաղպատերազմեան յարաբերաբար խաղաղ ժամանակաշրջանէն ետք, պատերազմներու վերադարձը միջազգային քաղաքական բեմահարթակ զգալի էր արդէն քսանմէկերորդ դարու սկիզբէն՝ «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»-ի հաստատագրումով որպէս տիրապետող օրակարգային կէտ։ Բայց յատկապէս 2020-էն ի վեր է, որ միջազգային օրէնքի արագընթաց արժեզրկումով պատերազմները վերածուած են տագնապներ լուծելու ոչ թէ վերջին, այլ առաջին այլընտրանքի՝ հեռու «այլ միջոցներով քաղաքականութեան շարունակութիւն» ըլլալու կլաուզեւիցեան բանականութենէն, առանց յստակ «ելքի ռազմավարութեան»՝ անոնց աւարտը նախածրագրելու համար։ Անոնք նախատրամադրուած են մագլցումի, առաւելապաշտ եւ անզիջող նպատակներու հետամուտ՝ եւ յաճախ, եթէ ոչ ցեղասպանական դիտաւորութեամբ, ապա յստակօրէն Ուրիշին, կամ Միւսին, գոյութեան ժխտումով։

Ինչ ալ ըլլայ Մոսկուայի նարատիւը ՆԱԹՕ-ի դէպի արեւելք տարածման մասին, որով փորձ կը կատարուի, եւ կը շարունակուի կատարել, Ուքրանիոյ ներխուժումը բացատրել կամ արդարացնել, պատմաբաններու, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտներու եւ քաղաքական դիտորդներու փաստագրուած համոզումն է, որ Փութինի համար Ուքրանիան, որպէս երկիր եւ պետութիւն, գոյութիւն չունի։ Նման եզրակացութեան հասած է, ի միջ ի այլոց, Հարվըրտի իրաւաբանական դպրոցի Մարդկային իրաւանց միջազգային կլինիկայի 2025-ի տեղեկագիրը(1):

Պաղեստինեան Համասի յարձակումը՝ 7 հոկտեմբեր 2023-ին, հրեայ ժողովուրդին համար անմիջապէս կենդանացուց Ողջակիզման յիշատակը՝ որպէս գոյութենական սպառնալիք։ Թէ ի՞նչ ռազմավարական նպատակ կը հետապնդէր այդ գործողութիւնը իսրայէլեան հողատարածքի վրայ, որուն ոճրագործային տարողութիւնը ամենամեծն էր Ողջակիզումէն ի վեր, մինչեւ այսօր ալ յստակ չէ։ Նուազ յստակ է նաեւ, թէ նման բարբարոսական գործողութեան մը նախապատրաստութեան ընթացքին որքանով հաշուի առնուած էր հակառակորդին հակազդեցութեան հեռանկարը, այսինքն՝ գործողութեան բերելիք «շահ»-ին եւ սպասելի «վնաս»-ին միջեւ կատարուած հաշուարկը։ Ամէն պարագայի, իսրայէլացի, հրեայ եւ մինչեւ իսկ պաղեստինցի մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան յանձնառու գործիչներ, հոկտեմբեր 7-ին ընդմէջէն տեսան հրէական ինքնութեան ապամարդկայնացում, հերքում եւ Իսրայէլի գոյութեան իրաւունքի մերժում՝ յիշեցնելով այդ մասին Համասի ծրագրով բանաձեւուած նպատակը եւ անոր ղեկավարներէն մէկուն հրապարակային «խոստումը»՝ հոկտեմբեր 7-ը «կրկին ու կրկին» կրկնելու(2):

Բայց Համասի հոկտեմբեր 7-ի յարձակման իսրայէլեան հակազդեցութիւնն էր, որ շատ աւելի տեսանելի դարձուց ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն անդին՝ ցեղասպանական դիտաւորութեամբ մղուած պատերազմի մը իրողութիւնը։ Մարտ 2026-ի դրութեամբ՝ աւելի քան 72,200 պաղեստինցի զոհ եւ 171,900 վիրաւոր՝ երկու պարագաներուն ալ շուրջ 70 տոկոսը կիներ եւ երեխաներ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր անհետ կորածներ։ Նիւթական վնասներու առումով՝ բոլոր շէնքերուն եւ տուներուն աւելի քան 90 առ հարիւրը վնասուած կամ հիմնայատակ կործանուած է։ Քաղաքներն ու թաղամասերը վերածուած են մոխրակոյտերու, ուր կեանքի որեւէ նշոյլ անհնար դարձած է։ Կազան վերածուած է անբնակելի տարածք։

«Կազայի մէջ տիրող աւերածութիւնը գրեթէ անըմբռնելի է։ Այսօր Կազան երկրագունդի ամենաշատ քանդուած վայրերէն մէկն է։ Մեր վերջին գնահատումով՝ վերականգնման եւ վերաշինութեան համար անհրաժեշտ է 70 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Մենք ականատես ենք մօտ 55 միլիոն թոն փլատակներու, որոնք ներկայիս կը գտնուին Կազայի գօտիին մէջ։ Ասիկա բաւարար քանակութիւն է Կիզայի 13 մեծ բուրգերը լեցնելու համար։ Ասիկա մարդածին անդունդ մըն է, ուր գոյատեւման իւրաքանչիւր յենասիւն զգալիօրէն խաթարուած է՝ ջնջելով աւելի քան 20 տարուան զարգացման յառաջընթացը՝ երկու տարուան նուազ ժամանակամիջոցի մը մէջ», համաձայն ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի (UNDP) մասնաւոր ներկայացուցիչին(3):

Դեկտեմբեր 2023-ին Հարաւային Ափրիկէն Իսրայէլին դէմ դատական գործ յարուցեց Արդարադատութեան միջազգային ատեանին (ICJ) մէջ՝ պնդելով, որ անոր ռազմական գործողութիւնները Կազայի մէջ կը խախտեն 1948-ի Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը։ Ատեանը 2024-ի յունուարին արձակեց նախնական վճիռ մը, որով հրահանգեց Իսրայէլին ձեռնարկել բոլոր միջոցները՝ կանխելու համար ցեղասպանական արարքները։ Եւ թէեւ (ընդհանրապէս արեւմտեան) շատ երկիրներ «սխալ» որակեցին Փրեթորիայի նախաձեռնութիւնը(4), ցեղասպանական ոճիրի զոհ գացած ժողովուրդի մը պետութեան ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին հիմնաւորումով մղուած պատերազմին մէջ ցեղասպանութեան դիտաւորութեան ամբաստանութիւնը այնքան ակնառու է, որ արդէն ստեղծած է հանրային բանավէճ՝ քաղաքական թէ փիլիսոփայական-բարոյական ոլորտներուն մէջ(5):

Իտալացի մտածող Ֆրանքօ Պիֆօ Պերարտին Կազան կը նկարագրէ որպէս «քամերաներով Աուշվից» (Auschwitz)(6), իսկ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ պատերազմի եւ ցեղասպանութեան հարցերու մասնագէտ Մարթին Շաու դիտել կու տայ, որ Կազան երեւան հանեց թէ պետութիւնները, որոնք ենթադրաբար ցեղասպանութեան կանխարգիլման յանձնառութիւն վերցուցած էին, ոչ միայն կը ձախողին կանխարգիլել ցեղասպանութիւնը, այլեւ՝ իրենք կը գործեն ցեղասպանութիւն։ «Այլեւս երբեք»-ը (Never Again) տիեզերական պաշտպանութեան մանտրա մը չէ, այլ միայն՝ հրեաներու պաշտպանութեան, որ շնականօրէն կ’օգտագործուի պաղեստինցիներու ջարդը արդարացնելու համար(7):

Կազայի պատերազմին մէջ ցեղասպանական դիտաւորութեան մէկ այլ երեսը երեւան եկաւ անոր ապագային մասին ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփի առաջարկած ծովափնեայ շքեղ հանգստավայրի մը կառուցման ծրագրին ընդմէջէն։ Աշխարհին խաղաղութիւն բերելու եւ պատերազմները աւարտելու խոստումով 2025-ին Սպիտակ տուն վերադարձած Տոնալտ Թրամփը, ոչ անսպասելիօրէն, ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց իր մօտիկ բարեկամ Նեթանեահուին եւ առաջ քաշեց Կազայի մէջ յետպատերազմեան բարգաւաճման իր «անշարժ գոյք»ային ծրագիրը, որ, բնականաբար, կը բացառէր Կազայի բնակիչներուն որեւէ բաժնետիրական մասնակցութիւն…

Աֆղանիստանի (2001) եւ Իրաքի (2003) ամերիկեան զինուորական միջամտութիւններուն յաջորդած «վերաշինութեան» ծրագիրներու օրինակները իրենց մտքին մէջ ունենալով՝ Նուր Արաֆէ եւ Մենտի Թըրնըր չուշացան Թրամփի առաջարկին հետեւութեամբ արդէն շրջանառութեան մէջ դրուած չորս ուսումնասիրական փաստաթուղթերուն ետին տեսնելու Նաօմի Քլայնի 2007-ի աշխատասիրութեան(8) մէջ բանաձեւուած «աղէտի դրամատիրութեան» հարազատ ծրագիր մը(9): Անոնցմէ մէկը նոյնինքն Իսրայէլի կառավարութեան նախաձեռնութիւնն է, իսկ միւս երեքը կազմուած են ԱՄՆ-ի համալսարանական եւ հրէական լոպպիի ու պահպանողական շրջանակներուն մօտիկ ուղեղային կեդրոններու (think tank) մէջ։ Երկրորդ մը, ըստ հեղինակներուն, Թրամփի «Միջին Արեւելքի Րիվիերա» ծրագիրը ներշնչողն եղած է։ Եւ մինչ բոլոր ծրագիրները յստակօրէն կը նպաստեն շահագրգռուած մեծ դրամագլուխին եւ հրէական գաղութներու տարածման՝ բռնագրաւուած պաղեստինեան հողերուն վրայ, զոհասեղանին աներկբայօրէն կը դրուի պաղեստինցի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը։ Աւելի՛ն, ծրագիրներէն ոչ մէկը մասնաւոր կերպով մտահոգուած կը թուի Կազայի բնակչութեան ճակատագրով։

Կազան այս ձեւով, բառին ամբողջական իմաստով, կը ջնջուի քարտէսէն եւ մարդկային յիշողութենէն։ Ամբողջ յարացոյց մըն է՝ ցեղասպանութեան ոճիրը իր լրումին հասցնելու կարելիութեան, որուն պայմանները ստեղծուած են յետ-2020 միջազգային յարաբերութիւններու քաոսային ժամանակներուն։ Երբ մէկ կողմէ զանգուածային սպանութիւններու եւ քանդումներու հետզհետէ աւելի լայնածաւալ մասշտապ տուող զէնքերով մղուած պատերազմները վերածուած են միջպետական տագնապներու լուծման առաջնային այլընտրանքի, եւ միւս կողմէ ամբողջ երկիրներու փաստացի անհետացումը եւ բնակչութիւններու բնաջնջումը, ինչպէս նախորդ դարու երկու համաշխարհային պատերազմներուն, կը բնականոնանան՝ այս անգամ շատ աւելի բացայայտ կերպով՝ յայտարարուած, նկարահանուած եւ աշխարհով մէկ անմիջականօրէն հաղորդուած։

Կը մնայ, որ այդ բոլորը արդէն փորձարկուած էր Կազայէն առաջ։ Կամ, ինչպէս օրին Washington Post-ի սիւնակագիր Իշաան Թհարուր գրած է՝ «Կազայի աղէտէն առաջ Լեռնային Ղարաբաղ եղած էր»(10): Եւ ան միակը չէ։ Արցախի հայաթափումը մանրամասնօրէն տեղեկագրուած է բազմաթիւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնցմէ թերեւս ամէնէն ամբողջականը Freedom House-ի եւ չորս այլ ոչ պետական կազմակերպութիւններու հետազօտողներու պատրաստած փաստաթուղթն է, որ հրատարակուեցաւ 2024-ի յուլիսին(11)։ Մանրազննին քննարկելէ եւ վերլուծելէ ետք իրենց հաւաքագրած փաստերը՝ հետազօտողները կը հասնին այն եզրակացութեան, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած էթնիկ զտման արշաւ մըն է, որուն հետեւանքով վերջ գտած է տարածաշրջանին մէջ հայութեան հազարամեայ ներկայութիւնը։ Տեղեկագիրը Ալիեւի կառավարութիւնը կ’ամբաստանէ պատերազմական ոճիրներու գործադրութեան մէջ եւ արարքը կը բնութագրէ որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր։

Աւելի՛ն. արցախահայութեան դէմ Ատրպէյճանի ցեղասպանական դիտաւորութեան մասին ահազանգած էր բռնի տեղահանումէն դեռեւս ամիս մը առաջ Միջազգային քրէական ատեանի առաջին դատախազը՝ արժանթինցի Լուիս Մորենօ Օքամփօ, իր 7 օգոստոս 2023-ի զեկոյցով, ուր ի լուր աշխարհին կը զգուշացնէր, որ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը՝ նախորդ տարուան դեկտեմբերէն սկսեալ, պարզապէս քաղաքական հարց չէր, այլ՝ ցեղասպանական գործիք, շեշտելով, որ «սովը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է»։ Զեկոյցը ունեցաւ միջազգային անմիջական արձագանգ՝ դառնալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն մինչեւ ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու հիմք։ Անկախ այն հանգամանքէն, որ այդ մէկը չկրցաւ կանխարգիլել ցեղասպանական դիտաւորութեամբ սկսած եւ ռուս խաղաղապահներու մեղսակից անգործութեամբ կատարուած ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը։

Արցախի հայաթափման մէջ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան պատասխանատուութիւնը կասկածի տակ չեն դներ միայն անոնք, որոնք Քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ետք իրենց քուէով պարտութեան «գլխաւոր պատասխանատու»-ն (իր բառերն են) իշխանութեան վրայ պահեցին՝ հաւատալով, որ այնուամենայնիւ, ինչպէս Վարչապետը իր գլխաւոր պատասխանատուութիւնը ընդունելէ անմիջապէս ետք արդարացած էր, թէ ինք գլխաւոր «մեղաւոր»ը չէր։ Թերեւս պատերազմի պարտութենէն անմիջապէս ետք արդէն իշխող վարչախումբին մօտ հաստատուած էր՝ յանուն «խաղաղութեան», Արցախէն ձերբազատուելու համոզումը, կամ նոյնիսկ անհրաժեշտութիւնը՝ իշխանութեան վրայ յարատեւելու համար։ Բայց այդ համոզումը գոնէ իրենց հետեւորդներուն մտքերուն մէջ ամրագրելու կարիք կար։ Ի մասնաւորի՝ երբ պատերազմէն ետք տեղի ունեցած ընտրարշաւին ընթացքին բոլորովին տարբեր բան խոստացած էին։ Անհրաժեշտ էր կամաց-կամաց վերաշխուժացնել արցախատեացութեան այն արշաւը, որ 2008-2018 տասնամեակին, ոչ բացայայտօրէն, բայց փողոցային մակարդակով եւ սոցիալական դժուար կացութեան մէջ գտնուող շարքային քաղաքացիներուն հետ հաղորդակցութեան ճամբով, առաջ տարած էին։

Եւ եթէ 2018-ի իշխանափոխութեան յաջորդած երկու տարիներուն, հաւատարիմ իրենց պատեհապաշտ եւ ամբոխահաճոյ քաղաքական վարքաոճին, ոչ միայն կասեցուցած էին այդ արշաւը, այլեւ իրենք զիրենք հարիւր ութսուն աստիճան հակառակ դիրքի մէջ դրած էին՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» տխրահռչակ յայտարարութիւններով, ապա պարտութենէն ետք, իրենց վերընտրութեան լոյսին տակ, որդեգրեցին այդ գաղափարի աստիճանական վերաժողովրդականացման մարտավարութիւն մը։

Անոր առաջին նախանշանը հաւանաբար կը տեսնուի Վարչապետին հետեւեալ յայտարարութեան մէջ. «Այսօր միջազգային հանրութիւնը մեզի դարձեալ կ՚ըսէ՝ քիչ մը իջեցուցէք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով ձեր նշանաձողը, եւ միջազգային մեծ համախմբուածութիւն կ՚ապահովէք Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ», որ հնչեց 13 ապրիլ 2022-ին՝ Ազգային ժողովի հարթակէն։ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան քաջածանօթ վերլուծաբաններուն կը մնայ ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս Փաշինեանի կառավարութիւնը Արցախէն վերջնականապէս հրաժարելու գաղափարը տարածեց ժողովրդային մակարդակով, եւ որո՛նք եղան այն գործօնները, որոնք օժանդակեցին, որ այդ հայրենուրացութեան հրաւէրը արմատականօրէն չմերժուի։ Այսինքն՝ Փաշինեան մնայ իշխանութեան վրայ եւ 2022-ի հոկտեմբեր 6-ին, Փրակայի մէջ, ի լուր աշխարհի պաշտօնականացնէ Արցախէն հրաժարումը։

Այդ պահը անկիւնադարձային եղաւ Արցախի հայաթափման յանգած ատրպէյճանական ցեղասպանական ծրագրին գործընթացի արագացման համար։ Այսինքն՝ երբ կը խօսինք Փաշինեանի իշխանութիւններու պատասխանատուութեան մասին, ի մտի պէտք չէ ունենալ անոնց ուղղակի դերակատարութիւնը Պաքուի մէջ առնուած որոշումներուն մէջ։ Թէկուզ եւ շատեր այդ մէկը գոնէ վարկածային կարգով չբացառեն, շատ դժուար է նման դաւաճանութեան մը առարկայական եւ վաւերագրուած փաստեր գտնել։ Սակայն նուազ ծանր չէ նման հեռանկարի ամէն նախանշան գիտակից կերպով անտեսելու վարքագիծի անժխտելի իրողութիւնը։

Աւելի՛ն, մինչ Կազայի «վերաշինութեան» ծրագիրները կ’ահազանգեն՝ հոն տեղի ունեցած, ցեղասպանական դիտաւորութեամբ եւ տակաւին իր աւարտին չհասած պատերազմի մը ոճիրը իր կատարելագործման հասցնելու քաղաքական կամքի մը հեռանկարին մասին, այն է՝ Կազան եւ անոր բնակչութիւնը վերացնելու թէ՛ քարտէսէն, թէ՛ համամարդկային յիշողութենէն, Արցախի մէջ այդ մէկը արդէն տեղի կ’ունենայ՝ հայութեան հազարամեայ ներկայութեան բնաջնջման շատ յստակ գործողութիւններով, որոնց դիմաց լուռ է նաեւ Փաշինեանի իշխանութիւնը։ Ատրպէյճանական մշակութային ցեղասպանութեան վաւերագրական փաստերը չեն պակսիր, եւ աշխատանքը, առանց պետական աջակցութեան եւ ի հեճուկս իշխանութիւններու՝ լուռ թէ բացայայտ ընդդիմութեան, կը շարունակուի։ Բայց հանրային խօսոյթին մէջ «Արցախ» բառին պաշտօնական զեղչումը ինքնին բարացուցական է՝ հոն տեղի ունեցած ցեղասպանական ոճիրը իր լրումին հասցնելու Փաշինեանի կառավարութեան մեղսակցութեան։ Ինչ որ այս կացութիւնը ահաւոր կերպով իւրայատուկ կը դարձնէ՝ զոհին մասնակցութիւնն է ոճիրի կատարելագործման։ Բայց այդ մէկուն մասին նոյնինքն ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդն է, որ պիտի գիտակցի…

Արցախի հայաթափման մէջ պատասխանատուութիւն ունեցող Փաշինեանի կառավարութեան շատ աւելի խորքային՝ «իրական» Հայաստանի եւ «պետականօրէն» սահմանուած ազգային ինքնութեան տիսթոփիական ծրագիրին ներհակ չէ Ցեղասպանութեան «փափուկ» ուրացումը։ Հարցը չի վերաբերիր Ցեղասպանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս հանելուն՝ որպէս անպիտան եւ մինչեւ իսկ վտանգաւոր թեմա։ Անցնող հինգ տարիներուն հրապարակային կերպով բանաձեւուած մտքեր չեն պակսիր այդ մասին՝ Զարեհ Սինանեանի «Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ի՞նչ յաւելեալ արժէք բերած է Հայաստանին»-էն մինչեւ Փաշինեանի՝ «էդքան երկիրներ ճանաչել են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ի՞նչ ա շահել դրանից» յայտարարութիւններու տրամաբանութեամբ։ Ոչ ալ մի ոմնի յիմար առաջարկը՝ Ցեղասպանութեան զոհերու ցանկագրում իրականացնելու, անոնց ճիշդ թիւը իմանալու համար, պէտք է այնքան լուրջի առնել՝ անկախ անոր յառաջացուցած զզուանքէն ենթակային նկատմամբ։ Կամ այն միւսին՝ իշխանակարգի ամենաբարձր մակարդակին վրայ գտնուողին, որ Ցեղասպանութիւնը Խորհրդային ՊԱԿ-ի ուղղորդմամբ հաստատուած օրակարգ կը յայտարարէր(12): Լուսարձակի տակ պէտք է բերուին, ի մասնաւորի, այն ակնարկները, որոնք ցեղասպանութեան ոճիրին նսեմացման նախանշաններ կու տան, ինչպէս՝ օրինակի կարգով, յղացքը զեղչել պաշտօնական խօսոյթէն եւ զայն, ա լա Օպամա…, փոխարինել «Մեծ Եղեռն» եզրոյթով՝ բովանդակազրկելու համար անոր իրաւական բնոյթը։ Ցեղասպանութիւնը, լաւագոյն պարագային, պիտի մնայ լոկ արարողակարգ՝ այն ալ ներհայկական ոլորտով սահմանափակուած։

Ցեղասպանութեան «փափուկ» ուրացման քաղաքականութիւնը եւ անոր ամենադատապարտելի արտայայտութիւնները իւրայատուկ են Փաշինեանի կառավարութեան եւ անոր քաղաքական վարքագիծին՝ Քառասունչորսօրեայ պատերազմին պարտութենէն ի վեր։ Կրնանք մինչեւ իսկ ըսել, որ անոնք, ակամայ թէ համոզուած, այնքան կարմիր գիծեր հատած են, որ այլեւս իրենց համար ետդարձի ճամբայ չկայ։ Այսինքն՝ եթէ յունիսին վերընտրուին, արդէն պէտք է սպասել Ցեղասպանութեան «փափուկ» ուրացման օրինականացման։ Ընտրութիւններու արդիւնքով իշխանափոխութիւնը միակ յոյսն է այս ընթացքը կասեցնելու եւ ներազգային, թերեւս՝ վերջնական, պառակտումի մը առաջքը առնելու՝ «իրական» պետականահայերու եւ միւսներու(ս) միջեւ։

Ատով հանդերձ, Ցեղասպանութիւնը քաղաքական օրակարգի վրայ դնելու ներազգային համաձայնութիւն մը տակաւին բացակայ է, քանի որ չեն կամրջուած, մէկ կողմէ՝ Հայ Դատի հետապնդման տրամաբանութեամբ Սփիւռքի մէջ բանաձեւուած Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը՝ ճանաչում եւ արդարահատոյց, եւ միւս կողմէ՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հրամայականները, ի մասնաւորի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցը՝ փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան հայեցակարգով։ Եւ մինչ այդ քաղաքական զարգացման մակարդակին հասնիլը, անհրաժեշտ է ականջալուր ըլլալ մասնագէտներու ահազանգերուն՝ գիտակցելու համար ցեղասպանութեան վերադարձին աշխարհաքաղաքական բեմահարթակին եւ անոր սպառնալիքին՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի համար։

Ֆրիտըմ Հաուս-ի Արցախի հայաթափման պատճառներու տեղեկագրին խորագիրը՝ «Ինչո՞ւ հայեր չկան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», կը յիշեցնէ Օրհան Փամուքի համարձակ յայտարարութիւնը, զոր ան ըրած էր 2005-ի փետրուարին՝ զուիցերիական Tages-Anzeiger թերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին. «Այս հողերուն վրայ երեսուն հազար քիւրտ եւ մէկ միլիոն հայ սպաննուեցաւ, եւ գրեթէ ոչ ոք կը համարձակի խօսիլ այդ մասին, բացի ինձմէ»: Թրքական Քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածին հիման վրայ հալածուած եւ դատի տրուած Նոպէլեան մրցանակակիրին հարցադրումը՝ «ինչո՞ւ հայեր չկան այս հողերուն վրայ», այսօր նոյնութեամբ կը հնչէ Արցախի պարագային։ Այս յօդուածին խորագիրը կը յուշէ նաեւ այլ յայտարարութիւն մը, որով նոյնպէս կը կամրջուին Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախի հայաթափումը։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին նախօրեակին Հիթլերի հռետորական հարցումը՝ հայերուն մասին, ազդանշան մըն էր գալիք արհաւիրքին, սակայն միջազգային հանրութիւնը անոր պատշաճ ուշադրութիւն չդարձուց։

Նոյն հռետորական հարցումին՝ Արցախով բանաձեւուած տարբերակը, այսօր պէտք է ուղղել՝ Կազայի մէջ պատահածը ի մտի ունենալով, ցեղասպանութեան աշխարհաքաղաքականութեան վերադարձով մտահոգ բոլոր բարի կամքի մարդոց, բայց մասնաւորաբար՝ մեզի։ Եւ անոնց, որոնք համոզիչ պատասխան չունեցան եւ չունին պոլսահայ մտաւորականին հարցումին՝ Արցախէն յետոյ ո՞ւր է գազանին կշտացման սահմանը…


Օգտագործուած աղբիւրներ՝

– Anastasiya Donets, Susan H. Farbstein, Tamar Ruseishvili, “Intent to Destroy: Why the World Must Name and Confront Russia’s Genocidal War in Ukraine.” International Human Rights Clinic, Harward Law School, November 18, 2025.
– David Grossman, “Israel is falling into an abyss”, Financial Times, October 12, 2023); Eva Illouz, “L’impensé de la gauche”, Le Monde, October 27, 2023; Einat Wilf, “The Strategy of Denial” and “The War on Return and the October 7 Massacre”, The Sapir Journal, Volume 12 (Winter 2024); Sari Nusseibeh, “A Palestinian Voice of Reason”  -Public Statement on the Crisis, published through the Common Ground initiative and distributed via The Times of Israel and Al-Quds academic circles, late October 2023; Bashir Bashir, “October 7 and the Crisis of Mutual Recognition”, Van Leer Jerusalem Institute forum, December 2023, and “The Holocaust and the Nakba in the Shadow of October 7”, Journal of Palestine Studies / Theory & Event (2024); Bernard-Henri Lévy, La solitude d’Israël, Éditions Grasset, 2024.
– UN Geneva Press Briefing and UNDP/World Bank Interim Rapid Damage and Needs Assessment (October 2025/March 2026).
– Irwin Cotler, “South Africa is inverting reality by accusing Israel of genocide.” The National Post, January 10, 2024.
– Avi Shlaim, Genocide in Gaza: Israel’s Long War on Palestine, Irish Pages Press, 2025; Gilbert Achcar, The Gaza Catastrophe: The Genocide in World-Historical Perspective, University of California Press and Saqi Books 2025; Pankaj Mishra, The World After Gaza, Penguin Press, 2025.
– Franco ‘Bifo’ Berardi, Pensar después de Gaza. Ensayo sobre la ferocidad y la extinción de lo humano, Tinta Limón, 2025.
– Martin Shaw, «Genocide is the New Geopolitics», E-international relations, February 15, 2026.
– Naomi Klein, The Shock Doctrine: The Rise of Disaster Capitalism. New York: Metropolitan Books/Henry Holt and Co., 2007.
– Nur Arafeh and Mandy Turner, “Distruction, Disempowerment, and Dispossession: Disaster Capitalism and the Postwar Plans for Gaza.” Malcom H. Kerr Carnegie Middle East Center, July 24, 2025.
– Ishaan Tharoor, “Before Gaza’s woe, there was Nagorno-Karabakh”. The Washington Post, August 8, 2025.
– Freedom House. Why Are There No Armenians in Nagorno-Karabakh? Washington, D.C.: Freedom House, July 2024.
– Էդվարդ Տանձիկեան, «Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան. Հայերը ՊԱԿ-ի ուղղորդման կարիքը չունէին 1915 թ. տեղի ունեցածը հասկնալոււ համար -Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն»: akunq.net, 29.11.2025:

(Այս յօդուածը լոյս տեսած է Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն»-ի յաւելուածին մէջ։)