Շրջափակման Զուգահեռ Քաղաքական Տագնա՞պ…

«Առանձին մենք մէկ կաթիլ ենք: Միասին մենք ովկիանոս ենք»:

Ռիունոսուքէ Սաթորօ (Ճափոնի գրականութեան տիտաններէն, 1892-1925)

Թուրքիոյ հարաւային՝ պատմական Կիլիկիոյ շրջանէն մինչեւ Սուրիա տարածուած գօտիին մէջ պատահած աղէտալի երկրաշարժը, որուն զոհերուն թիւը օրէ օր հազարներով բարձրացում կ’արձանագրէ, Արցախով եւ անոր 120 հազար պաշարուած վիճակով գերմտահոգ հայորդիին մոռցնել չտուաւ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող այդ տագնապը: Աւելի՛ն, հակառակ զինք հեղձամահ ընող շրջափակումին՝ Արցախը ձեռք երկարեց, թիկունք կանգնեցաւ սուրիահայութեան, մինչեւ իսկ նիւթական օժանդակութիւն գոյացուց անոր համար:

Փրկարարներու գործերը կը շարունակուին. զանազան երկիրներէ, նաեւ Հայաստանէն աղէտահար գօտիներ ժամանած ջոկատներ, գիշերը ցերեկին խառնելով, կը շարունակեն որոնման աշխատանքները, աղէտէն օրեր ետք ալ փրկելով փլատակներու տակ մնացողներ, յուսադրելով վերապրողները:

Երկրաշարժի շրջանէն քիչ մը արեւելք, Արցախի պաշարումը բոլորած է երկրորդ ամիսը, ու թէեւ աղէտեալներուն փրկութեան ճիգերն ու յոյսերը չեն մարած, սակայն օրերը նորութիւն չեն բերեր:

Բնականաբար կարելի չէ բնութեան բերած ահաւոր կործանումը բաղդատել քաղաքական մութ հաշիւներու հետ, որոնց զոհն է շրջափակուած Արցախը: Մէկը անսպասելի աղէտ է, միւսը՝ մարդակերտ եւ թրքատիպ:

Անշո՛ւշտ որ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ եւ չմտահոգուիլ Արցախով։ Մտահոգութիւններ՝ որոնք օրըստօրէ կը խորանան եւ տագնապը կը հասցնեն ճգնաժամի:

Նոյեմբեր 2022-ին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հաւանաբար որոշ հաշիւներով մուսկուայաբնակ յաջողակ առեւտրական Ռուբէն Վարդանեանի յանձնած էր պետական նախարարի պաշտօնը, կարծելով, թէ կառոյցներն ու վարչամեքենան պիտի վերաշխուժացուին եւ Արցախէն մնացած պատառիկը պիտի կարենայ աւելի բեղուն գործունէութիւն տանիլ։

Պարզ, խորհրդանշական պարտականութիւն մը չէր Ռուբէն Վարդանեանի ստանձնածը։ Անոր ստանձնած պարտաւորութեանց տարողութիւնը աւելի՛ շեշտակի դարձաւ, երբ պաշտօնը ստանձնելէն քանի մը շաբաթ ետք, ազերի «բնապաշտպաններ» փակեցին Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճամբան. պետական նախարարին պարտաւորութիւններն ու գործունէութեան դաշտերը բազմացան։

Շարունակ շփման մէջ մտնելով պատասխանատուներու հետ, միաժամանակ պարզ բնակիչներու հետ հանդիպումներ ունենալով՝ Ռուբէն Վարդանեան իր վրայ կեդրոնացուց նախարարութիւններու մեծամասնութիւնը, որոնք սկսան հետեւիլ իր գործելաձեւին։

Այս կացութեան մէջ, ուշագրաւ զարգացում մը տեղի ունեցաւ. Արցախի տը ֆաքթօ ղեկավար Ռուբէն Վարդանեանի առջեւ տեղի տեղի տալով, Արցախի տը ժիւրէ ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան առաջարկեց սահմանադրական փոփոխութիւն մը կատարել, այն իմաստով, որ Ազգային Ժողովը կրնայ նոր նախագահ մը ընտրել, եթէ այս պաշտօնը մնայ թափուր։

Նմանօրինակ որոշում մը ո՞ւր կրնայ առաջնորդել արցախցին, մանաւանդ որ Ազգային Ժողովէն ներս, Արայիկ Յարութիւնեանի «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւնը, կարգ մը դաշնակիցներու հետ, քուէներուն մեծամասնութիւնը կրնայ ապահովել եւ առաջադրել իր միջավայրին մօտիկ թեկնածու մը, որ կրնայ հակադրուիլ ժողովրդականութիւն վայելող Վարդանեանին։

Նման հաւանականութիւն կրնայ ստեղծել անընդունելի եւ դժուարին կացութիւն մը, այլ տեսակի երկրաշարժ մը, տեղաշարժ մը՝ որ կրնայ միայն ու միայն հարուածել Արցախն ու արցախցին։

Երկու ամիսներ սահած են, շրջափակումը կը մնայ անփոփոխ, հանգոյցի լուծման ուղղութեամբ ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է։

Ժամանակն է միասին գործելու, երկրորդական եւ «ես»-ական հաշիւները մէկդի դնելու։ Այլընտրանք չկայ։ Շրջափակուած ենք։ Կարելի չէ ներսէն ալ «շրջափակումներ» կատարել։

«Հայրենիք»
Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.