Շաբթուան ամփոփումը (7 մայիս 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

– Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 69/26-րդ ժողովը գումարուեցաւ 1-2 մայիս 2026-ին Գէմպրիճի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորական ու աշխարհական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ազգային կազմակերպութիւններու հրաւիրեալներու։ Ժողովը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, բարձր գնահատեց Առաջնորդ Սրբազան հօր ծառայութիւնը եւ թեմական կառոյցներու գործունէութիւնը՝ կրթական, եկեղեցական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, արտայայտուեցաւ մտահոգութիւն Միջին Արեւելքի տագնապներուն շուրջ, դատապարտուեցաւ Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ անգործութիւնը՝ Արցախի հայկական ժառանգութեան ոչնչացման հարցին մէջ, իսկ ժողովը վերահաստատեց նաեւ հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջը։ Ժողովի աւարտին կատարուեցան լրացուցիչ ընտրութիւններ թեմական կառոյցներու կազմերուն մէջ։

– Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի «Սօսէ» ու Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, կիրակի, 3 մայիս 2026-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀՕՄ-ի օր»-ուան հանդիսաւոր ձեռնարկը՝ հոգեւոր, քաղաքական եւ համայնքային ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ։ Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր ինչպէս նաեւ ներկայացումներ, որոնց ընթացքին ներկայացուեցաւ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը, տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ նիւթական պատկերը, ինչպէս նաեւ փոխանցուեցաւ միութեան նիւթական նպաստը՝ Սուր Յակոբ Ազգային վարժարանին։ Օրուան բանախօսը՝ Հորիզոն Մետիայի գլխաւոր խմբագիր՝ Սեւակ Պէլեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց ՀՕՄ-ի դերը որպէս ազգային ինքնութիւն կերտող եւ պահպանող կառոյց։ Ձեռնարկի ընթացքին պարգեւատրուեցան երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող անդամներ եւ 14 նորագիրներ երդմամբ միացան միութեան շարքերուն։ Ձեռնարկը աւարտեցաւ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի հոգեւոր պատգամով եւ աղօթքով՝ վերահաստատելով ՀՕՄ-ի շարունակական դերակատարութիւնը հայ համայնքային եւ ազգային կեանքին մէջ։


ՀԱՅԱՍՏԱՆ

– Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովը աւարտեցաւ երկուշաբթի 4 մայիսին՝ համախմբելով շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներու առաջնորդներ եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Հաւաքին մասնակցեցան Եւրոպական եւ միջազգային բարձրաստիճան ղեկավարներ, ներառեալ առաջին անգամ այս ձեւաչափով ներկայ գտնուած Գանատայի վարչապետը։ Իր բացման խօսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը, մինչ Ատրպէյճանի նախագահը քննադատեց Եւրոպական խորհրդարանը։ Գագաթնաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ երկկողմ հանդիպումներ, ներառեալ Հայաստան–Մեծ Բրիտանիա ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագրի ստորագրումը եւ Հայաստան–Թուրքիա Անիի կամուրջի վերականգնման վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը։

– Նախքան գագաթնաժողովը, Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի հանդիպում ունեցաւ Փաշինեանի հետ՝ ընդգծելով երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը, սակայն պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ բացակայ էին Հայաստանի անվտանգային մարտահրաւէրներուն եւ Արցախի հետեւանքներուն ուղղակի անդրադարձները։ Միաժամանակ, գագաթնաժողովը տեղի ունեցաւ ներքաղաքական լարուածութեան պայմաններուն մէջ, ընդդիմադիր շրջանակներու եւ վերլուծաբաններու կողմէ բարձրացուած մտահոգութիւններով՝ ժողովրդավարական նահանջի եւ ընտրութիւններուն ընդառաջ իշխանութեան դիրքերու ամրապնդման փորձերու մասին։

– 5 մայիս, 2026-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած առաջին Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն երկկողմ գագաթնաժողովէն ետք կողմերը ընդունեցին համատեղ հռչակագիր եւ ստորագրեցին շարք մը համագործակցութեան համաձայնագրեր՝ քաղաքական ու տնտեսական կապերու խորացման նպատակով։ Հռչակագիրը կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, դիմակայունութեան եւ բարեփոխումներու օրակարգին, միաժամանակ ճանաչելով հայ ժողովուրդի եւրոպական ձգտումները։ Գագաթնաժողովին ընթացքին կարեւորուեցաւ համագործակցութիւնը հաղորդակցութեան, ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ թուայնացման ոլորտներուն մէջ, իսկ ստորագրուեցաւ նաեւ Հայաստան–ԵՄ գործընկերութեան փաստաթուղթ եւ սահմանային կառավարման ուղղութեամբ գործակցութեան պայմանաւորուածութիւն։ ԵՄ-ը ներկայացուց վիզայի ազատականացման գործընթացին վերաբերող առաջընթացի զեկոյցը եւ յայտարարեց 2.5 միլիառ եւրոյի ներդրում Հայաստանի մէջ «Global Gateway» ծրագիրին ծիրին մէջ՝ ընդգծելով երկու կողմերու միջեւ խորացող ռազմավարական գործընկերութիւնը։

– Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Նիկոլ Փաշինեանի հետ ստորագրուեց Հայաստան–Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան համատեղ հռչակագիրը, որուն նպատակն է խորացնել երկկողմ համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային ոլորտներուն մէջ։ Անոնք շեշտեցին, որ փաստաթուղթը կը բանայ գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ՝ ներառեալ պաշտպանական, արհեստական բանականութեան եւ թուային անվտանգութեան մարզերուն մէջ, մինչ Մաքրոն նաեւ բարձր գնահատեց Փաշինեանի վերջին տարիներու քաղաքականութիւնը, փաստօրէն յայտնելով իր զօրակցութիւնը։ Մաքրոնի անտեղի գնահատականները քննադատութեան արժանացան ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ, մասնաւորաբար ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի, որ շեշտեց թէ հայ–ֆրանսական յարաբերութիւնները տասնամեակներու ժառանգութիւն են եւ պէտք չէ ներկայացուին իբրեւ ներկայ ղեկավարներու ձեռքբերում, միաժամանակ անընդունելի համարելով Հայաստանի մասին «ռուսական արբանեակ» ըլլալու բնորոշումները։