Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԵԹՂԵՀԷՄ՝ ԱՂԲԻՒՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ

                    Յովհաննէս Առաքեալ իր Առաջին Ընդհանրական Նամակը կը սկսի վկայելով, թէ՝ Որդին, Բանը, որ նոյնինքն կեանքն էր, Բեթղեհէմի ճամբով յայտնուեցաւ մարդուն (1.1-2)։ Այս գծով անհրաժեշտ է հետեւեալ ընդգծումները կատարել.-
                    – Աստուած՝ ստեղծիչը կեանքին։ Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ Աստուած ստեղծիչն է կեանքին։ Տիեզերքի մէջ ոեւէ գոյութիւն ինքնագոյ չէ, իր գոյաւորիչը ունի։ Աստուած ոչինչէն ստեղծեց տիեզերքը իր բանական եւ ոչ-բանական արարածներով՝ ստեղծագործութեան մէջ իւրաքանչիւրին իւրայատուկ տեղն ու դերը ճշդելով։
                 – Մարդը՝ պսակը Աստուծոյ ստեղծագործութեան։ Հանգրուանային կերպով կատարած իր ստեղծագործութեան վերջին օրը Աստուած ստեղծեց մարդը։ Աստուածաշունչի առաջին գիրքը՝ Ծննդոցը մարդու ստեղծագործութեան երկու դրուագներու (1.27,2.7) ճամբով կը շեշտէ, թէ ի տարբերութիւն բոլոր արարածներէն, մարդը ստեղծուած է հողէն, օժտուած՝ բանականութեամբ, եւ որպէս Աստուծոյ գործակից, տիեզերքը կառավարելու յատուկ պարտականութիւն տրուած իրեն։
                 – Մարդու աստուածատուր կեանքի անկումը։ Աստուածաշունչը կը պատմէ, թէ ինչպէս առաջին մարդը, Ադամը, հաւատարիմ չգտնուեցաւ իր կոչումին, իրեն տրուած իշխանութիւնը օգտագործեց իր հաճոյքին ու փառքին համար եւ թերացաւ Աստուծոյ նկատմամբ իր համարատուութեան մէջ։ Այլ խօսքով, առաջին մարդը մեղանչեց եւ պատճառ դարձաւ որ «Ադամական մեղքը» ժառանգեն հետագայ բոլոր սերունդները։ Մարդու մեղքին հետեւանքով աստուածատուր կեանքը ապականեցաւ՝ չարիք ու վնաս պատճառելով նաեւ ողջ ստեղծագործութեան։
                 – Բեթղեհէմը՝ ծննդավայր նոր կեանքի։ Ադամի անհնազանդութեան պատճառով մեղքով ապականուած կեանքը Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդւոյն յայտնութեամբ վերանորոգուեցաւ։ Բեթղեհէմը դարձաւ ծննդավայրը նոր կեանքի։ Քրիստոս յայտարարեց՝ «Ես եմ կեանքը» (Յհ 14.6) եւ իր մարդեղութեան նպատակը բնորոշեց ըսելով՝ «Ես եկայ, որպէսզի կեանք ունենան» (Յհ 10.10)։ Նոր Կտակարանը յստակօրէն կը պարզէ, թէ Քրիստոսի առաքելութեան կիզակէտը, Բեթղեհէմէն մինչեւ Յարութիւն, մարդը օժտել էր նո՛ր կեանքով։
               – Քրիստոս՝ ճամբայ նոր կեանք առաջնորդող։ Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին ո՛չ միայն ինքզինք ներկայացուց որպէս նոր կեանք, այլ նաեւ՝ միակ ճամբան դէպի նոր կեանք առաջնորդող (Յհ 14.6)։ Հետեւաբար, նոր կեանք ունենալու համար հարկ է դառնալ Քրիստոսին եւ քալել դէպի Քրիստոս տանող ճամբէն։
             – Քրիստոս՝ աղբիւր յաւիտենական կեանքի։ Յովհաննէս Առաքեալ կը վկայէ, թէ Քրիստոսի ճամբով «Աստուած յաւիտենական կեանք տուաւ մեզի եւ այդ կեանքին աղբիւրը Որդին ի՛նքն է» (Ա.Յհ 5.11)։ Ան կը շարունակէ ըսելով՝ «մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին» (1.1-2)։ Քրիստոսի աշխարհ բերած կեանքը սովորական կեանք չէր։ Նոր Կտակարանը զայն կը բնութագրէ որպէս առաւել, լեցուն, ճշմարիտ, նոր կեանք, այլ խօսքով՝ յաւիտենական կեանք։ Յաւիտենական կեանքը մերժումն է մեղքով ու չարով տիրապետուած կեանքին, նիւթեղէն ու երկրաւոր արժէքներով առաջնորդուած կեանքին։ Յաւիտենական կեանքը Քրիստոսի ներկայութեամբ ապրուած կեանք է։
             Ինչպէ՞ս կարելի է արժանի դառնալ յաւիտենական կեանքին։ Հետեւինք Աւետարանիչներուն ու Առաքեալներուն թելադրութիւններուն.-
             1) Քրիստոսի հաւատալով։ Առաքեալը շեշտակիօրէն կը յիշեցնէ՝ թէ «ով որ կը հաւատայ Որդիին, յաւիտենական կեանք կ’ունենայ» (Յհ 3.36)։ Արդ, Քրիստոսը դաւանելով որպէս աշխարհի փրկիչը, մարդ արժանի կը դառնայ Քրիստոսի պարգեւած յաւիտենական կեանքին։
           2) Քրիստոսի հետեւելով։ Քրիստոս ըսաւ, ով որ ինծի կը հաւատայ, պէտք է հետեւի ինծի։ Արդ, որպէս յաւիտենական կեանքի աղբիւր, հարկ է մօտենալ Քրիստոսին։ Որպէս յաւիտենական կեանքի ճանապարհ, հարկ է քալել այդ ճամբէն։ Որպէս յաւիտենական կեանք տանող դուռ, հարկ է մտնել այդ դռնէն (Մտ 7.13-14)։
           3) Յաւիտենական կեանքը ապրելով։ Քրիստոսի հետեւիլ կ’ենթադրէ՝ Քրիստոս իր մէջ ընդունիլ, նոր մարդ դառնալ եւ նորոգուած կեանքով ապրիլ (Յհ 5.12, Բ.Կր 5.17, Հռ 6.6)։ Ա՛յս կը թելադրեն Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրած առաքեալները։ Յաւիտենական կեանքով ապրիլ կը նշանակէ մեր նմանին ծառայել, արդարութիւն գործել, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով մեր կեանքը շաղախել, երկնային շնորհներով մեր կեանքը լեցնել եւ բարիք գործելով մեր ապրած օրերը իմաստաւորել։
            Սիրելի՛ հայորդի, կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է. զայն պէտք է ապրիլ մեր անձի նեղ պարունակէն ու մեր կեանքի սահմանափակ ծիրէն անդին ու վեր՝ երկնային արժէքներու ու յաւիտենական ճշմարտութիւններու համար։ Այս է Քրիստոսին ճամբով աշխարհին յայտնուած կեանքին որակը, իմաստը ու նպատակը։ Հետեւաբար, յաւիտենական կեանքը վախճանական երեւոյթ մը չէ, գալիք իրականութիւն մը չէ. ան արդէն եկած է աշխարհ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեամբ։ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդը կոչուած է զայն ապրելու՝ հաւատարմութեամբ, պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ։ Առաքեալը կը պատգամէ՝ «Ամուր կառչէ յաւիտենական կեանքին, որուն քեզ հրաւիրեց Աստուած» (Ա.Տմ 6.12)։
            Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր կեանքը, բնութեան թէ ընկերութեան մէջ, բարոյապէս ապականած է ու ֆիզիքապէս՝ վտանգուած։ Շրջապատուած ենք աստուածատուր կեանքը Աստուծմէ հեռացնող ու զայն մարդակեդրոն ու մարդանպատակ կեանքի վերածող երեւելի թէ աներեւոյթ չարերով ու չարիքներով։ Մարդուն կողմէ բնութեան պատճառուած չարիքներուն առընթեր, նաեւ մարդկային կեանքին անոր պատճառած չարիքներուն ահաւոր հետեւանքները կ’ապրինք մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքի բոլոր մարզերէն ներս։
          Արդարեւ, գիտութիւնը որքան փորձէ իր այլազան գիւտերով ու նորանոր իրագործումներով հարստացնել ու ապահովութիւն երաշխաւորել կեանքին, առանց մարդուն յաւիտենական կեանք պարգեւած Քրիստոսի կենսատու ներկայութեան՝ կեանքը կը դառնայ աննպատակ գոյութիւն։ Հոն, ուր իր արեան հեղումով մարդուն յաւիտենական կեանք պարգեւած Քրիստոս ներկայ է, մեղքը, չարը ու չարիքը հեռու կը մնան։
Բեթղեհէմը յաւիտենական կեանքին յայտնութիւնն է մարդուն։ Բեթղեհէմը երկնային հրաւէր է ուղղուած մարդուն՝ իր կեանքը Քրիստոսի վերանորոգիչ ներկայութեամբ շաղախելու, որպէս աղբիւրը յաւիտենական կեանքի։
          Արդ, ա՛յս հաւատքով դառնանք Բեթղեհէմին ու ապրինք անոր խորհուրդը։
*
* *
         Նոր Տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, եղբայրական սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ եկեղեցաշէն ծառայութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն։ Քրիստոնէական սիրով կ’ողջունենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով իրենց աստուածահաճոյ գործերով լեցուն ծառայութիւն։
        Հայրական սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդները, հոգեւորական դասը ու ազգային իշխանութիւնները, հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները. ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, աղօթելով, որ Բեթղեհէմի յաւիտենական կեանքով պայծառակերպուի մեր ազգին կեանքը։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 Յունուար, 2022
Անթիլիաս, Լիբանան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.