Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ընկճուածութեան Էջը Մեզի Համար Փակուած Է»

2 դեկտեմբերին Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսած է խորհրդաժողովի աշխատանքներուն հիմնական ուղղութիւններուն մասին: Ան իր ելոյթին մէջ ըսած է.

«Յետպատերազմեան այս շրջանին կայ ընդհանուր ընկճուածութիւն: Այդ ընկճուածութիւնը ե՛ւ հայրենի զանգուածներուն մօտ է, ե՛ւ զգալի է յատկապէս սփիւռքի պարագային: Մեզի համար ընդունելի չէ այս երեւոյթը, եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Հայ դատի կառոյցները, մեր բոլոր շարքերով ու համակիրներով պիտի աշխատինք, որպէսզի դուրս գանք այդ հոգեբանական ընկճուածութենէն: Մեզի համար այդ էջը փակուած է:

Հիմա ժամանակն է յաւելեալ թափով աշխատանքներու լծուելու եւ յառաջ երթալու մեր չորս հիմնական նպատակներուն ուղղութեամբ: Այդ չորս նպատակները Հայ դատի ոլորտին մէջ հետեւեալ ձեւով կը սահմանուին. առաջինը մեր հայրենիքի իրազեկման խնդիրն է, լոպիինկի հարցը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման եւ միջազգային հեղինակութեան բարձրացման խնդիրը: Երկրորդը մեր շատ սիրելի Արցախի անկախութեան ճանաչման, եւ ուր ատիկա հնարաւոր չէ, ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորման խնդիրն է, նաեւ` Արցախի օժանդակութեան ծրարը: Երրորդը` Հայ դատի դասական օրակարգն է` Ցեղասպանութեան ճանաչման, հետեւանքներու վերացման եւ պահանջատիրութեան իմաստով: Չորրորդը` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրն է, ուր ալ գտնուինք` հայապատկան հողերու վրայ, թէ տարբեր երկիրներու մէջ: Կարեւոր է նաեւ մեր երիտասարդութեան քաղաքականացման խնդիրը, անհրաժեշտ է, որ տարբեր երկիրներու  մեր երիտասարդները մասնակցին քաղաքական կեանքին, ու նաեւ փորձենք տեղ-տեղ «բերդը գրաւել ներսէն»:

Մեր խորհրդաժողովի օրակարգի առիւծի բաժինը Արցախն էր: Պատերազմէն ետք մենք մշակած ենք յատուկ ուղեգիծ, երկու առցանց խորհրդաժողով ունեցած ենք: Նախորդ` 2020-ի խորհրդաժողովն ալ Արցախի մէջ կայացաւ: Այն ատեն տակաւին  կանխատեսելի չէր այն պատերազմը, որ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան իրենց ահաբեկիչ շրջանակներով սանձազերծեցին Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ: Բայց այդ ժողովին ժամանակ մենք դրինք Արցախի համար տարուելիք աշխատանքներուն հիմքերը: Ուղեցոյց ունէինք, բայց պատերազմէն ետք անիկա թարմացնելու, աւելի նպատակայարմար դարձնելու, թիրախաւորելու կարիք կայ:

Այդ աշխատանքը սկսած ենք պատերազմէն անմիջապէս ետք, որովհետեւ ո՛չ պատերազմի ընթացքին, ո՛չ ալ անկէ ետք մենք մեր աշխատանքները դադրեցուցած ենք, այլ պարզապէս փոխած ենք թիրախներն ու շեշտադրումները: Իջած ենք հրապարակ` պաշտպանելու Արցախի շահերը` մեր շահերը: Մենք լաւ գիտենք, թէ մեր թշնամին ի՛նչ հսկայական միջոցներ կ՛օգտագործէ, որուն դէմ ունինք մեր բանակը: Հայ դատի ընկերներն ու ընկերուհիները կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակը: Եթէ առաջինը մեր ժողովուրդի ֆիզիքական պաշտպանութիւնն կ՛ապահովէ, Հայ դատի բանակը անոր թիկունքն է, որ քաղաքական, դիւանագիտական եւ արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ նոյնքան մեծ պատերազմի մէջ է աշխարհով մէկ:

Մենք ունինք նաեւ Արցախի բարեկամներու ցանց, որ օրըստօրէ կ՛ընդարձակուի: Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ, Եւրոպայի մէջ ունինք այնպիսի ոչ հայ բարեկամներ, որոնք պատրաստ են Արցախի դատի կողքին կանգնելու, յայտարարութիւններ կատարելու, բանաձեւեր ներկայացնելու խորհրդարանին մէջ, իշխանութեան հետ գործակցելու: Եւ մենք բաւական մեծ յաջողութիւններու հասած ենք այս առումով:

Վերջերս Նոպելեան 4 մրցանակակիրներ յստակօրէն Ազրպէյճանը իբրեւ յարձակողապաշտ որակեցին: Համաշխարհային ընկալման մէջ Ազրպէյճան ինքն իրեն կը ներկայացնէ իբրեւ իր հողերուն վրայ պատերազմ տարած պետութիւն եւ երբեք չէ ընդունած Արցախի ինքնուրոյն նկարագիրը: Ատիկա փոխելու համար մենք դիմեցինք Նոպելեան մրցանակակիրներուն, որոնք վերջերս այդ յայտարարութիւնը կատարեցին: Շուտով այդպիսի յայտարարութիւն պիտի ըլլայ նաեւ Կիպրոսի մէջ, եւ նմանատիպ աշխատանքներ կը կատարենք աշխարհով մէկ:

Կարելի եղաւ կասեցնել քանի մը ռազմական աշխատանքներ` կապուած մեր թշնամիին զինամթերք մատակարարելու հետ: Այդ ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տարուեցաւ: Քանատայի մէջ «Պայրաքտար»-ի մասեր տրամադրող ընկերութիւնը սնանկացաւ, քանի որ մեր աշխատանքին իբրեւ արդիւնք Քանատայի կառավարութիւնը արգիլեց այդ կտորներու առաքումը Թուրքիա: Մեծ պայքար կը մղենք այդ ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի մէջ: Նաեւ աշխարհով մէկ կը ներկայացնենք Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական քաղաքականութեան իսկական դիմագիծը:

Մենք Հայ դատի յանձնախումբերու կողքին գործող ունինք հայերու իրաւունքներով զբաղող միութիւն, որ մասնագիտացած է Արցախի հարցին իրաւական մասով: Այսօր դատեր բացած ենք գերիներու հարցով եւ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք Հայաստանի փաստաբանական ընկերութիւններէն մէկուն հետ: Նաեւ պատերազմական ոճիրներու, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան խնդիրները կ՛արծարծենք:

Արցախի առումով օրակարգի վերջին հարցը մեր այլազան յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու յարաբերութիւններն են Արցախի Հանրապետութեան իշխանութեան տարբեր օղակներուն հետ, հիմնականին մէջ արտաքին յարաբերութիւններու, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի օժանդակութեան ծրագիրներու առումով:

Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկումներ ունեցանք Հայաստանի քաղաքականութեան, մեր տարուելիք աշխատանքին, Ջաւախքի, Նախիջեւանի, Միջին Արեւելքի ճգնաժամի, մանաւանդ լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան խնդիրներու եւ Թուրքիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մեր դատի հետապնդման հարցերուն մասին:

Կարեւոր տեղ յատկացուած է Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքը, քարոզչական, հաղորդակցական միջոցները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելուն:

Քննարկուած հարցերուն մէկ մասը միշտ կայ մեր օրակարգին վրայ, մէկ մասն ալ թելադրուած էր վերջին երկու տարուան ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերուն պատճառով: Մենք պիտի շարունակենք մեր քննարկումները, եւ համոզուած եմ, որ շուտով կրկին պիտի տեսնուինք Արցախի մէջ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.