Մնայուն հա՞յ

Երբ հայու մը հարց կու տաս, թէ ի՞նչ ազգի կը պատկանի, սովորաբար, առանց վարանելու կը պատասխանէ «հայ եմ»։ Խօսքս չի վերաբերիր ի՜նչ-ի՜նչ պատճառներով հայութենէն հեռացած մարդոց։

Երբ օտարներուն նոյն հարցը կ՚ուզես տալ, նախ դուն կը վարանիս, թէ ի՛նչ պէտք է հարցնես։ «Ազգ» (nation) եւ «ազգութիւն» (nationalité, nationality) տարբեր իմաստներ ունին բայց նաեւ յաճախ կը շփոթուին, մէկը միւսին տեղ կը հասկցուի եւ ստիպուած կ՚ըլլաս ուրիշ եզրերու դիմելու։

Այսպէս, հարցո՛ւր գանատացիի մը, թէ ի՛նչ ազգութեան կը պատկանի, ան այդ բառով, իր լեզուով, կը հասկնայ ի՞նչ քաղաքացիութիւն ունի, եւ կը պատասխանէ «գանատացի»։ Իսկ եթէ ուզես իր ազգային ծագումը գիտնալ, քանի որ «գանատացի ազգ» գոյութիւն չունի, գէթ տակաւին գոյութիւն չունի, ապա պիտի հարցնես «ի՞նչ էթնիկ ծագում (origine ethnique, ethnic origin) ունի», այն ատեն գրեթէ իւրաքանչիւրը պիտի տայ իրեն յատուկ պատասխանը՝ ֆրանսական, անգլիական, յունական, իտալական, լիբանանեան, բնիկ եւ այլն։

Հետաքրքրական է այս երեւոյթը։

Հետաքրքրական է, որովհետեւ բացի բնիկներէն եւ անգլիական ու ֆրանսական ծագում ունեցողներէն, որոնք ընդհանրապէս պահած են իրենց լեզուն (յաճախ ալ չե՛ն պահած, մանաւանդ բնիկները, ձուլուած են մէկը միւսին մէջ), միւսները, մեծ մասամբ, քանի մը սերունդ ետք այլեւս դադրած են զայն գործածելէ, նոյնիսկ չեն կրնար զայն խօսիլ, կարդալ ու գրել, սակայն ունին պատմական յիշողութիւնը իրենց ծագման։

Այդ յիշողութիւնը անպայման կապ չունի իրենց նախահայրերուն հանդէպ որեւէ զգացումի, իրենց ծագման նկատմամբ որեւէ հպարտութեան կամ հաւատարմութեան հետ։ Ըսեմ՝ ընդհա՛նրապէս։ Սակայն այդ ազգային ծագումը չէ՛ մոռցուած, մանաւանդ երբ մականունն ալ պահպանուած է։ Յաճախ այդ ալ փոխուած է, թարգմանուած է կամ նմանակուած, սակայն բան մը մնացած է, որ չէ մոռցուած։

Այդ կապը կրնայ ժառանգութիւն մը ըլլալ (աւետարան մը, զգեստ մը, լուսանկար մը), կրնայ աւանդութիւն մը ըլլալ, մանաւանդ հաւատքի կամ հաւատալիքի առնչուած, կրնայ նաեւ մշակութային բնոյթի ըլլալ, ինչպէս որոշ ուտեստներ, ինչպէս Զատկուան հաւկիթներու իւրայատուկ գունաւորումը եւ այլն։

Սակայն անոնք բոլորը՝ այդ գանատացիները, դուրսը, արտասահմանի մէջ, իրենք-զիրենք կը ներկայացնեն իբր գանատացի։

Արդեօք նոյնը չէ՞ հայերու պարագային ալ։ Ուրիշներուն համար Լիբանանէն եկող հայերը, գաղթական թէ զբօսաշրջիկ, կը մտնեն լիբանանցիներու դասաւորման մէջ եւ պաշտօնական իրավիճակներու մէջ այդպէս ալ կը ճանչցուին։ Իրենց հայ կամ տիւրզի ըլլալը չի՛ հետաքրքրեր մագսատան պաշտօնեան կամ դատաւորը։ Լիբանանցի են, սուրիացի, յոյն կամ պուլկարացի՝ նոյնիսկ եթէ «եան»-ը փակած է իրենց մականունին, նոյնիսկ եթէ 100 առ հարիւր հայ կը զգան։

Յետոյ, յաջորդ սերունդներուն համար այդ «հայ զգալու» իրավիճակը հետզհետէ կը փոխարինուի նախ գանատացի ըլլալու զգացումով, եւ ինչպէս միւս ազգութիւններու պարագային, հայ ըլլալը, հայ եղած ըլլալը կ՚երթայ մնալու միայն ենթագիտակցութեան մէջ։

Որոշ ազդակներ կը դանդաղեցնեն այդ փոխարինումը, ուրիշներ՝ կ՚արագացնեն, սակայն չեն կասեցներ։ Հայկական ուսում ստացած ըլլալը կամ չըլլալը, հայ կեանքին մասնակից ըլլալը կամ չըլլալը, ազգակիցի մը հետ ամուսնացած ըլլալը կամ չըլլալը, Հայաստանի հետ առնչուիլը կամ չառնչուիլը եւ այլն։

Պնդողներ կան, թէ հայերը պէտք է հպարտ զգան իրենց հայկական ծագումով, մանաւանդ հպարտ՝ ազգի ներկայ նուաճումներով, որպէսզի մնան կառչած իրենց արմատներուն։

Կրնանք հարց տալ, թէ արդեօ՞ք այդ հպարտութենէն զուրկ են միւսները, այդ գանատացիները, աւստրալիացիները, ամերիկացիները, պրազիլիացիները եւ մասամբ նորին, որոնք մեզմէ աւելի հզօր եղած են՝ քանակայի՛ն իմաստով հզօր, քաղաքակրթութեան զարմացման մէջ մեզմէ աւելի պատկառելի ներդրում ունեցած, հպարտ ըլլալու մեզմէ բազմապատիկ աւելի պատճառներ կամ պատրուակներ վայելող ազգերու ժառանգորդներն են՝ Նոր աշխարհի այդ բնակիչները, նոյնիսկ Հին աշխարհի նորահաստատ բնակիչները, որոնք աւելի հաւատարիմ են իրենց նոր քաղաքացիութեան քան իրենց ծագման։

Մարդկային այս պարզ իրականութիւնը կամ իրողութիւնը պէտք չէ անտեսենք, երբ մեր ազգի ապագային մասին կը մտածենք։

Ազգի եւ ազգութեան հասկացութիւնները համեմատաբար նոր զարգացումներ են մարդկութեան պատմութեան մէջ։ Անոնք յառաջացած են մարդկային կեցութեան ու համակեցութեան յարափոփոխ պայմաններէն։ Այսօր անոնց պահպանումը մեզի համար սրբութիւն-սրբոց է, քանի որ անմիջականօրէն առնչուած է մեր հաւաքական գոյութեան ու գոյատեւման հետ։ Յատկապէս մեր աշխարհացրիւ իրավիճակին մէջ։ Անհատական գոյութիւնը, անհատին կեանքը, սակայն, այլ ազդակներէ կախում ունի. ունենալ ամուր երդիք գլխուն վերեւ, կարենալ հայթայթել ամենօրեայ սնունդ, ապահովել որակաւոր ուսում զաւակներուն, վայելել անցաւոր այս կեանքը առաւելագոյն չափով։ Հայ ըլլալը չ՚առնչուիր այդ կարիքներուն կամ պահանջներուն, չ՚աւելցներ անոնց ապահովման հաւանականութիւնը։ Անշուշտ կայ լեզուն՝ իր գեղեցկութեամբ, կայ մշակոյթը իր ճոխութեամբ, կայ պատմութիւնը իր արութեան գործերով, սակայն այդ բոլորին կարելի է ծանօթանալ ու այդ բոլորը վայելել… առանց հայ ըլլալու ալ։

Ուրե՞մն…

Հրաժարի՞նք մեր ազգային գոյամարտէն։ Յանձնուի՞նք պատմութեան ալիքին։ Փակե՞նք մեր վարժարանները, եկեղեցիները, կեդրոնները…

Այս տողերը գրողէն չակնկալէք նման եզրակացութիւն։

Մեր մարտահրաւէրը ա՛յդ է. մարդկային այդ կարիքներն ու պահանջները ինչպէ՞ս հաշտեցնել հայ ազգի ապրելու իրաւունքին հետ. բռնաբարուա՛ծ իրաւունքին հետ։

Մարդկային այդ կարիքներուն ու պահանջներուն մաս կը կազմէ նաեւ իմաստալից կեանք մը ապրելու իրաւունքը։

Իմաստալից կեանք՝ անհատականէն անդին հաւաքակա՛ն նպատակներով եւ իրագործումներով հարուստ կեանք մը՝ ապահո՛վ, արդա՛ր, խաղա՛ղ ու հա՛շտ աշխարհի մը մէջ։

Ճի՛շտ այս առումով է, որ հայ մարդը պիտի հասկնայ, թէ կարեւոր է մեր՝ ի՛ր պայքարը յանուն մեր՝ ի՛ր Դատին, կարեւոր՝ ոչ միայն հայութեան համար այլեւ համա՛յն մարդկութեան։ Բայց մանաւանդ կարեւոր է իրե՛ն համար, իբր մա՛րդ ապրելու համար։

Եւ ճի՛շտ այս առումով ալ է, ինչպէս կ՚ըսէի այլ առիթով մը, ամեն հայ պիտի ըլլայ մարտիկ Հայ դատի։ Պիտի ըլլայ մարտիկ՝ հա՛յ ըլլալու համար։ Հայ մնալո՜ւ համար։

Այլապէս՝ ինչո՞ւ հայ ըլլալ, մնայո՜ւն հայ, վասն ինչի՞…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.