Միակ Իմաստալից Ու Կարեւոր Քայլը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 դեկտեմբերին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ես եմ իրավիճակի գլխաւոր պատասխանատուն, սակայն ոչ` թիւ մէկ մեղաւորը»: Յայտարարութիւն մը, որ հերքումէ մը աւելի` խոստովանութիւն է, մեղաւորութեան հաստատում:

Փաշինեան արդէն ճիշդ մէկ ամիս առաջ` 16 նոյեմբերին խոստովանած էր, որ ստեղծուած կացութեան թիւ մէկ պատասխանատուն ինքն է, եւ ահա կ՛ընդունի, որ նաեւ մեղաւոր է, թէեւ, ըստ իրեն, ոչ թիւ մէկը: Այստեղ կարեւորը մեղք գործած ըլլալու խոստովանութիւնն է, միւս հարցը, թէ թիւ մէկ մեղաւո՞րն է, թէ՞ թիւ երկուն, արդէն ընդամէնը մանրամասնութիւն է:

Քաղաքական առողջ գիտակցութեան ու անձնական գետնի վրայ վեհ սկզբունքներու ու բարոյականութեան տէր քաղաքական ոեւէ գործիչ, արդէն 9 նոյեմբերին հայ ժողովուրդի համար նուաստացուցիչ այդ անձնատուական յայտարարութիւնը ստորագրած ըլլալու ամօթէն մղուած, առաւելագոյնը մէկ կամ երկու օր ետք կը հրաժարէր իր պաշտօնէն: Փաշինեան այդ նզովեալ թուականէն հինգ օր ետք բաւարարուեցաւ կատարուածին պատասխանատուութիւնը ստանձնելով եւ իր բարոյահոգեբանական «արժանիքներուն» հետեւանքով չկրցաւ իշխանութեան կառչելու փորձութեան դիմանալ եւ դիմեց կառավարութեան մաս կազմող նախարարները փոխելու, ներկայ քաղաքական պահու պահանջին անյարիր, ուստի եւ անհեթեթ քայլին:

Ցաւօք, տրամաբանականն ու անխուսափելին ձգձգելու մարտավարութեան, աւելի ճիշդ` անմտութեան պատճառով Արցախի մէջ մեր կրած պարտութեան հետեւանքներն ու ժխտական ազդեցութիւնը օրէ օր ձիւնագնդակի մը նման կը մեծնան: Արդարեւ, քաղաքական գործիչի մը չպատշաճող այդ տհասութեան ու «հրաշքով մը» ստեղծուած ծանր կացութեան, ուստի եւ ատկէ բխող պատասխանատուութեան չքացումին սպասելու մանկամտութեան մեղքին կշիռը կու գայ աւելնալու Փաշինեանի գործած «սկզբնական մեղք»¬ին` պարտութեան նախապայմաններու ստեղծման վրայ, եւ առօրեայ կշռոյթով կը բարձրացնէ վերջինիս հետեւանքին ծանրութիւնը, զոր ազգովին պիտի կրենք, մինչեւ մեր մէջքը շտկենք եւ դարձեալ ոտքի կանգնինք:

Արցախը Հայաստանի 2-րդ հանրապետութեան հոգին է, որովհետեւ ներկայ հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ 1988-ի ղարաբաղեան շարժումէն` «Մեր հողերը» կարգախօսով ցոյցերէն, իսկ վերանկախացած հանրապետութեան ողնասիւնը շտկուեցաւ ու պնդացաւ արցախեան յաղթանակով: Այսօր հանրապետութեան հոգին խոր կերպով խոցուած է եւ անոր մէջքը` կոտրուած: Վերադարձած ենք զերօ կէտին` 7 դեկտեմբեր 1988-ին յաջորդած օրերուն:

Քաղաքականութեան աստուածը ողորմած ու անյիշաչար չէ. ան Փաշինեանէն անոր գործած մեղքի լրջութեան համարժէք որոշակի քայլի կատարում կը պահանջէ, անոր հրաժարականը` քաղաքական դիակի հրկիզումը կը պահանջէ, սակայն` առանց մեղքի թողութեան խոստումի: Իշխանութենէն հեռանալու գաղափարին կողքին, այս հեռանկարն է, որ Փաշինեանը կը սարսափեցնէ, ուստի ատկէ խուսափելու համար ժամանակ կը վատնէ` կաթիլ առ կաթիլ խոստովանելով իր պատասխանատուութեան տարողութիւնը: Ան թերեւս կը կարծէ, թէ խոստովանութեան իւրաքանչիւր «կաթիլով» փոխադարձ զիջումի արժանի քաղաքական զիջում մըն է, որ կը կատարէ. անտեղի ու զաւեշտալի ակնկալութիւն մը: Քաղաքական առողջ տրամաբանութեան համաձայն, ներկայ վատառողջ կացութեան դարմանման համար գոյութիւն ունի մէկ դեղ` պատասխանատուն պէտք է հրաժարի:

16 նոյեմբերին անոր «ես եմ այն թիւ մէկ պաշտօնեան, որ պատասխանատու է տեղի ունեցածի համար» խոստովանութիւնը ինքնին բաւարար էր, որ ատոր բնականաբար հետեւէր հրաժարականի մասին յայտարարութիւնը: Ուստի ան պարտի «երէկ նախքան այսօր» հրաժարիլ, իսկ իր պատասխանատուութեան տարողութեան «ուսումնասիրութիւն»¬ը ձգել աւելի ուշ թուականի: Այսօրուան համար տրամաբանականը, հրամայականն ու հայրենիքի ու համայն հայ ժողովուրդի համար կենսական կարեւորութիւն ներկայացնողը վարչապետին հրաժարականն է եւ ոչ թէ` անոր «մտային մարզանքները»:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.