Մեր Հողային Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին Մէջ (Հեղինակ` Մեթր Գասպար Տէրտէրեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի Քեստէնեան տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ մեթր Գասպար Տէրտէրեանի «Մեր հողային պահանջատիրութիւնը միջազգային հանրային իրաւունքին մէջ» գիրքին երկրորդ տպագրութիւնը, բաղկացած` 247 էջերէ:

Ներածութիւն բաժինով հեղինակը կ՛ըսէ, որ Մեծ Եղեռնի դարադարձին, դարու մը հաշուետուութեան միակ վճիռը պէտք է որ ըլլար` վերջնականապէս փակել անհեթեթ թատրոնը, որու բեմին վրայ, հարիւր տարի Հայ դատ հետապնդելու նուիրական շարժառիթին լոզունգին տակ, մենք խաղացեր ենք` անյուսօրէն, Հայոց անհերքելի Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, ապաքաղաքական ու պղատոնական ճանաչումը խնդրող մուրացիկին դերը. այսօր հարկ է` համահայկականօրէն, Արեւմտահայաստանի հողային դատի քաղաքական պահանջատիրութեան համար` Տարագիր Արեւմտահայութեան աշխարհացրիւ ու բազմահպատակ բեկորները միաւորենք ու կազմակերպենք` կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցի մը մէջ, պայմանականօրէն կոչուած“ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէս (ՏԱՀՔ), որպէսզի վերջապէս լրջօրէն եւ հանգամանօրէն հետապնդուի Հայ դատի կորիզը կազմող Արեւմտահայաստանի հողային դատը` միջազգային ատեաններու առջեւ, լրացնելով Միջազգային Հանրային Իրաւունքին բոլոր նախապայմանները:

«Անցողակի նշումներ» բաժինով Տէրտէրեան կ՛ըսէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հրէական Ողջակիզումը ոչ միայն իրարմէ հիմնովին տարբեր ոճիրներ են, այլեւ` Հայոց ցեղասպանութիւնը շատ աւելի ծանրակշիռ ոճիր մըն է, իր տարողութեամբ եւ մանաւանդ` հետեւանքներով, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը Արեւմտահայութիւնը զրկեց Արեւմտահայաստանէն, իր հայրենիքէն: Հրէական Ողջակիզումը չհայրենազրկեց հրեաները:

Ընդհակառակը` Ողջակիզումին դիմաց սիոնականներուն արտօնուեցաւ ուրիշ ժողովուրդի մը հայրենիքը զաւթելու եւ «հայրենիք» ունենալու իրաւունքները, եւ ուրեմն` շահեցան մեծապէս: Նոյնիսկ` փաստեր կան, որ Ողջակիզումը եւ ասոր` քարոզչութիւնը սիոնա-նացիական ֆինանսատէրներու տնտեսա-քաղաքական գործարք մըն էր` Ռոչիլտներու եւ Եունքերներու միջեւ…:

Տէրտէրեան կը նշէ ըսելով, որ համաթրքութիւնը

կայսերապաշտական ծրագիր մըն է` տարածուելու Արեւմուտքէն Արեւելք, Թուրքիոյ վրայով… Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանները խոչընդոտ կը հանդիսանան ծաւալողական այս ծրագրին… ուրեմն` զանոնք պէտք է վերացնել ճամբէն…: Համաթրքութեան ծրագրին բուն հեղինակները թուրքերը չեն, այլ` սիոնականութիւնը, որ այս ծրագրով` ծառայութիւն կը մատուցանէ Արեւմուտքի կայսերապաշտական տէրութիւններուն, եւ այս ծառայութեան դիմաց անոնցմէ կը ստանայ այլաբնոյթ հատուցումներ: Պատմական փաստ է` որ սիոնականութիւնը 1873-1923, 50 տարի` ինք եղաւ համաթրքութեան վարդապետութիւնը հիմնադրողն ու քարոզողը:

Տէրտէրեան կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ ներքին ճակատի ամէնէն աւելի խոցելի կողը` իր տարատնկեալ պետութեան հանգամանքն է, բազմազգի եւ բազմակրօն ոչ-միատարր (ոչ միասեռ) բնակչութեամբ: Պետութիւն մը, որ Փոքր Ասիոյ մէջ տնկի պետութիւն մըն է` ուրիշ ժողովուրդներու հայրենիքներուն եւ այդ ժողովուրդներու գանկերուն վրայ հաստատուած արհեստական օտար պետութիւն մը, որուն բնակիչները` մեծամասնութեամբ թիւրքիէլի են, թուրքիացի, բայց ոչ թուրք… եւ բուն թուրքերը` փոքրամասնութիւն են, միւս փոքրամասնութիւններուն նման (քիւրտերը` 20 միլիոն, իսկ ալեւիները` 20 միլիոն… եւ մնացեալները` 15 միլիոն, որոնց 4 միլիոնը իսլամացուած արեւմտահայեր… որոնք այսօր սկսած են վերադառնալ իրենց արմատներուն…), ինչ որ բուն թուրքերուն մօտ ստեղծած են ինքնութեան սուր տագնապ մը… զոր փարատելու մտահոգութեամբ` իրերայաջորդ թուրք կառավարութիւնները միլիառներ կը ծախսեն պատմաշինութեան (այսինքն` պատմութեան նենգափոխութեան) եւ համաթրքութեան քարոզչութեամբ առասպելներու յօրինումին (յերիւրումին) համար, եւ կը շինեն` «ազգային հերոսներ»:

Տէրտէրեան կը շարունակէ ըսելով որ Թուրքիոյ ներքին ազգային ու կրօնական սուր տագնապը բուն թուրքերուն մօտ ստեղծած է ինքնութեան սուր տագնապ մը…: Էրտողան, որ արտաքին ճակատի վրայ չարաչար ձախողեցաւ, միանձնեայ բռնատիրութեան նոր հանգրուանին, ան որոշած էր ամէն գնով եւ բոլոր արտօնելի թէ արգիլեալ միջոցներով մեղմացնել կամ արմատապէս լուծել բուն թուրքերու ինքնութեան տագնապը` չէզոքացնելով (վերացնելով) ոչ-թուրք ազգային (20 միլիոն քիւրտերը) – կրօնական (20 միլիոն ալեւիները) մեծաթիւ համայնքները:

***

Գիրքին առաջին գլուխը բաղկացած է 17 կէտերէ: Տէրտէրեան կ՛ըսէ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գոյութիւն ունէր ոչ միայն Էրմէնի Միլլէթ-ը, այլեւ` մանաւանդ Էրմենիստան Էլայէթի-ն (Հայաստանի նահանգը) իբրեւ առանձին հողատարածք, հիմնուած պետական որոշ սահմաններու վրայ, որոնք ներխուժող օսմանցիները գրաւած էին տեղական իշխանութիւններէն, եւ որոնց պաշտօնական անուանումը մնացած էր Էրմէնիստական Էլայէթի երկար դարերով, եւ ասիկա արձանագրուած կը մնայ Թուրքիոյ (Օսմանեան կայսրութեան) պետական արխիւներուն մէջ: Ուրեմն, Օսմանեան Կայսրութեան Էրմէնիստան նահանգը Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը կը կազմէր, եւ մենք իրաւունք ունինք Թուրքիայէն պահանջելու Էրմէնիստան Էյալէթի-ն: Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը կը խօսի` ռուսական բանակին կողմէ գրաւուած Հայաստանի մասին: Հայաստան ներխուժող օսմանցիները ճանչցան իրենց գրաւած հողամասին էրմէնիստան ըլլալը, նախապէս ալ Էրմէնիստան կոչուիլը… Քանի որ իրենք եկուորներ էին, իսկ հայերը` բնիկները այդ հողին, որովհետեւ` այդ հողը ճանչցուած էր իբրեւ բնագաւառը հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար, Սան Սթեֆանոյի 16-րդ յօդուածը, որ կը խօսէր ռուս բանակին կողմէ գրաւուած հողամասին հայկականութեան մասին, յաղթող բանակին պարտադրած, զինու ուժով պարտադրած անուանումը չէր, այլ` նոյնինքն Օսմանեան պետութեան պաշտօնապէս ճանչցած Էրմէնիստան Էյալէթի-ն էր…:

Անդրադառնալով Սեւրի դաշնագիրին եւ նախագահ Ուիլսընի իրաւարարական որոշումին Տէրտէրեան կ՛ըսէ, որ իրաւարարութիւնը` ըլլայ տեղական կամ միջազգային, կը հետեւի հետեւեալ հաստատ կանոնին,- երբ վէճի մը երկու կողմերը համաձայնաբար կը նշանակեն իրաւարար մը եւ այդ իրաւարարը կ՛ընդունի պաշտօնը եւ յետ քննութեան կ՛արձակէ իր վճիռը, երկու կողմերը պարտաւոր են գործադրելու իրաւարարին վճիռը, եւ բնաւ իրաւունք չունին առարկելու իրաւարարի վճիռին դէմ: Այս կանոնը տիեզերական է, քանի որ, իրաւարարը արդէն չէր ընդուներ պաշտօնը` եթէ երկու կողմերը հաւասարապէս վստահութիւն յայտնած չըլլային իրաւարարի անձին հանդէպ եւ նաեւ` յայտնած չըլլային անոր, որ առանց առարկութեան պիտի ենթարկուին անոր որոշումին, ինչ որ ալ ըլլայ որոշումին բովանդակութիւնը:

Տէրտէրեան կ՛ընդգծէ ըսելով, որ Թուրքիա ամբողջական յանձնառութեամբ իրաւարար նշանակած է նախագահ Ուիլսընի անձը, որուն պաշտօնին գծած սահմանները յստակ էին` Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի շրջագիծէն ներս, նաեւ` նախատեսելու դէպի Սեւ Ծով ելք մը Հայաստանի համար, նաեւ` ճշդելու Թուրքիոյ հողամասէն Հայաստանի նոր սահմաններուն յարակից այն շրջանները, որոնք պէտք է որ ապազինուորականացուէին, եւ իրաւարարը յարգած էր պաշտօնին գծած սահմանները, եւ իր վճիռը հրապարակած 22 նոյեմբեր 1920 թուին` իր անձնական անունով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն… կը կրկնենք` անջատաբար Սեւրէն: Եւ հետեւաբար, Թուրքիա` 22 նոյեմբեր 1920 թուականէն պարտաւոր է գործադրելու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռը:

Տէրտէրեան նախընտրելի կը նկատէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինք պահանջէ Թուրքիոյ հետ իր սահմաններու ճշդումը` Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին գործադրութեամբ, որովհետեւ ներկայիս սահմանները իրողական սահմաններ են, չունին իրաւական հիմքեր:

***

Տէրտէրեան կը հաստատէ որ Թուրքիա շարունակողն է Օսմանեան կայսրութեան միջազգային իրաւական անձնաւորութեան:

Տէրտէրեան կը հաստատէ, որ Թուրքիա կը փորձէ առարկել թէ` ինք պատասխանատու չէ օսմանեան իշխանութեանց արարքներուն, քանի որ կը ներկայացնէ օսմանեանէն տարբեր, նոր իրաւական անձնաւորութիւն:

Տէրտէրեան կ՛ըսէ, որ հետեւեալ երկու հարցումներուն պատասխանները կը հաստատեն թէ` Թուրքիա շարունակողն է օսմանեան իրաւական անձնաւորութեան.

1) Արդեօ՞ք Օսմանեան կայսրութեան տապալումով` ամբողջովին վերացաւ անոր միջազգային անձնաւորութիւնը:

2) Արդեօ՞ք` արդի Թուրքիան ամբողջութեամբ նոր պետութիւն մըն է, որ ոչ մէկ կապ ունի Օսմանեան կայսրութեան հետ` նման Իրաքի,Պուլկարիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի:

Տէրտէրեան կը պարզաբանէ ըսելով, որ Լոզանի դաշնագրով (1923) ծնունդ առած արդի Թուրքիան` Լոզանի դաշնագրով իսկ նկատուեցաւ` որպէս շարունակութիւնը Օմանեան կայսրութեան, այնպէս` ինչպէս Ռուսական Դաշնութիւնը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ նկատուեցաւ Խորհրդային Միութեան միջազգային անձնաւորութեան շարունակութիւնը:

Տէրտէրեան կը շարունակէ. երբ Օսմանեան կայսրութեան պարտքերուն հարցը դրուեցաւ` միջազգային իրաւարար նշանակուեցաւ դատաւոր Պորելը, որուն իրաւարարական վճիռը ըսաւ. «Արդի Թուրքիան շարունակութիւնն է Օսմանեան կայսրութեան իրաւական անձնաւորութեան, եւ ուրեմն` պատասխանատու է Օսմանեան Կայսրութեան պարտքերուն եւ պարտաւորութիւններուն»:

Այնուհետեւ Տէրտէրեան կ՛աւելցնէ. արդի Թուրքիան բոլորովին նոր պետութիւն մը չէ, անջատ Օսմանեան կայսրութեան միջազգային իրաւական անձնաւորութենէն, այլ` կը շարունակէ գոյատեւել Օսմանեան կայսրութեան հողերուն կորիզին վրայ, կը շարունակէ Օսմանեան կայսրութեան փանթուրքական քաղաքականութիւնը, կը շարունակէ վայելել Օսմանեան կայսրութեան զաւթած գոյքային եւ հողային աւարները` հայ, քիւրտ եւ յոյն ժողովուրդներէն, կը շարունակէ Օսմանեան կայսրութեան կրօնքը, լեզուն, ցեղը եւ մասնաւորաբար պատմութիւնը:

Տէրտէրեան կը բացատրէ, որ Թուրքիա հայկական հողերու իր գրաւում-զաւթումը կը փորձէ հիմնաւորել հետեւեալ չորս դաշնագրերով.

1.- 4 յունիս 1918 թ. Պաթումի դաշնագիրը:

2.- 2 դեկտեմբեր 1920 թ. Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը:

3.- 16 մարտ 1921 թ. Մոսկուայի համաձայնագիրը:

4.- 21 հոկտեմբեր 1921թ. Կարսի դաշնագիրը:

Տէրտէրեան կ՛աւելցնէ, որ մօտէն քննելով այս դաշնագրերը`

1) Պաթումի դաշնագիրը անվաւեր է` քանի որ յաղթական հզօր բանակին կողմէ պարտեալ տկար կողմին պարտադրուած է: (Հակառակ Սարդարապատի մեր յաղթանակին… կացինին կոթը…):

2) Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը եւս անվաւեր է, քանի որ զայն ստորագրող հայկական կողմը իշխանութիւն չունէր զայն ստորագրելու` 29 նոյեմբեր 1920 թուականին, երբ իշխանութիւնը զիջած էր Հայաստանի Կոմկուսի Յեղկոմին:

3) Մոսկուայի համաձայնագիրը կիրարկելի չէ Արեւելահայաստանին, որ մասնակից չէր համաձայնագրին, քանի որ մարտ 16-էն ամիս մը առաջ` փետրուար 18-ին, Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնը տապալած էր, եւ յեղաշրջական կողմը եւս, «Փրկութեան Կոմիտէն» չմասնակցեցաւ այս համաձայնագրին: (Սակայն, մինչ խորհրդային կողմը անվաւեր կը նկատէր Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, Թուրքիա պնդեց ատոր վաւերականութեան վրայ պատճառաբանելով` որ այդ պահուն, մարտի 16-ին, Արեւելահայաստանի իշխանութիւնը կը գտնուէր այն իշխանութեան ձեռքին մէջ, որ ստորագրած էր Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը…: Այսպիսով` Չիչերին եւ Կարախանեան չկրցան հայանպաստ յօդուածներ մտցնել Մոսկուայի համաձայնագրին մէջ: Եւ Քեազըմ Քարապեքիր հրճուանքով գրեց այս մասին:

4) Կարսի դաշնագիրը եւս կիրարկելի չէ Արեւելահայաստանին, քանի որ 21 հոկտեմբեր 1921-ին` Խորհրդային Հայաստանը տակաւին անդամակցած չէր Խորհրդային Միութեան մէջ, այլ անդամակցեցաւ 1922-ին, եւ դաշնագիրը չի կրնար պարտադրուիլ զայն չստորագրած պետութեան:

Տէրտէրեան կ՛ընդգծէ, որ հետեւաբար, այս պահուս, օրինական սահմանագիծեր գոյութիւն չունին Թուրքիոյ եւ Արեւելահայաստանի պետութեան միջեւ, Թուրքիոյ եւ` ազատագրուելիք Արեւմտահայաստանի պահանջատէր տարագիր արեւմտահայութեան միջեւ:

***

Գիրքին երկրորդ գլուխը` «Հանգամանաւոր պահանջատիրոջ` ՏԱՀՔ-ի կազմակերպումը» խորագիրով, կ՛ընդգրկէ շարք մը կէտեր.

Տէրտէրեան կ՛ըսէ, որ պատմականօրէն` դարերով գոյութիւն ունեցած են բիւզանդահայք եւ թրքահայք, պարսկահայք եւ ռուսահայք եւ կիլիկիահայք, վիրահայք եւ արցախահայք: Արեւմտահայաստանը (Թրքահայաստան) եւ Արեւելահայաստանը (Ռուսահայաստան) ուրեմն, Միջազգային հանրային իրաւունքին մէջ` իրարմէ անջատ աշխարհաքաղաքական միաւորներ են:

Հեղինակը կը նշէ, որ երկու հայաստաններու` Թրքահայաստանի եւ Ռուսահայաստանի անջատ իրաւաքաղաքական միաւորներ ըլլալու փաստը արձանագրուած է եւ նուիրագործուած միջազգային դիւանագիտութեան մէջ: Այսպէս` Փարիզի (Վերսայի) Խաղաղութեան վեհաժողովին, հայութիւնը ներկայացաւ իրարմէ անջատ երկու պատուիրակութիւններով` Թրքահայաստանի պատուիրակութիւնը Պօղոս Նուպար փաշայի նախագահութեամբ, իսկ Ռուսահայաստանի պատուիրակութիւնը` Աւետիս Ահարոնեանի, եւ այս երկու պատուիրակութիւններու նախագահներէն իւրաքանչիւրը կը խօսէր միայն ու միայն իր ներկայացուցած Հայաստանի անունով:

Տէրտէրեան յատկանշական կը նկատէ Պօղոս Նուպար փաշայի կողմէ դաշնակից պետութիւններուն ուղղուած յուշագրին (1917) հետեւեալ պարբերութիւնը.

«Ուրեմն կը գտնուինք ամբողջականօրէն թրքական լուծէն ազատագրուած Հայաստանի մը դիմաց: Էական է, որ սխալ չհասկնանք «ամբողջական» բառին նշանակութիւնը, որ կը վերաբերի բացառաբար Ասիական Թուրքիոյ մէջ հայկական տարածքներուն, բացառելով Ռուսաստանի մէջ գտնուող տարածքները: Կովկասի հայերու պարագան փաստօրէն հարց չի կրնար դառնալ այստեղ»:

Ասիկա պահանջն էր Միջազգային հանրային իրաւունքին, որ Արեւմտահայաստանն ու Արեւելահայաստանը կը ճանչնար որպէս աշխարհաքաղաքական երկու իրարմէ անջատ միաւորներ, որոնք նաեւ այդ պահուն ունէին իրարմէ տարբեր կարգավիճակներ, որ կը մնայ մինչեւ օրս:

Տէրտէրեան կը հաստատէ, որ ՄԱԿ-ը պիտի ճանչնար երկու հայաստանները` Արեւմտեանը եւ Արեւելեանը, քանի որ արդէն ճանչցած էր Արեւմտեան ու Արեւելեան Գերմանիաները, Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաները եւ Վիեթնամները: Պայմանաւ` որ ներկայ Գ. Հանրապետութիւնը մենք կոչենք Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն, սրբագրելով 1919 թուի մեր ցանկատեսութիւնը, որպէսզի ՄԱԿ-ը ճանչնայ նաեւ` Արցախի Հանրապետութիւնը, եւ այս երեքը` եթէ ճանաչում ձեռք բերեն նաեւ միւս երկուքը, կրնան հռչակել Միացեալ Հայաստանը:

Տէրտէրեան կը նշէ, որ հայր դոկտ. Լեւոն Զէքիեան իր «Ինքնութեան խճանկար» հատորին մէջ անգամ անդրադարձած է «Հայաստան»-ի բազմակիութեան եւ եռակիութեան երեւոյթին, եւ իր կարգին յիշեցուցած է «հայու կերպարներու» անգամ բազմազանութիւնը, գիրքին 41-րդ էջին վրայ գրելով.

«Հայերու միջեւ, պատմական կերպարներու բազմազանութիւնը թերեւս ամենացայտուն յատկանիշերէն մին եղած է մեր պատմութեան:… Մեծ Հայք-Փոքր Հայք, Պարսկահայք-Յունահայք,  Ռուսահայ-Տաճկահայ-Պարսկահայ, գլխաւոր կոչումներէն են հայու պատմահոլովութային կերպարներու այլազանութեան, որ տեւած է դարեր ամբողջ, եւ որ վերջին տասնամեակներուն երեւան եկած է առաւելաբար Արեւելահայութիւն-Արեւմտահայութիւն հանդերձանքով»:

Տակաւին, հայր դոկտ. Լեւոն Զէքիեան իր «Ինքնութեան խճանկար» վերնագրով հատորի 145-րդ էջին վրայ դիտարկած է հետեւեալը.

«Հայաստաններու երկակիութիւնը իր արմատները կը նետէր պատմական շատ աւելի հեռաւոր անցեալի մը ընդերքին մէջ: Յիշենք պատմական Հայաստանի երկար դարերով բաժանումը, իբրեւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստան, կամ` իբրեւ Պարսկահայք եւ Յունահայք: Այս երկրորդին վրայ պիտի աւելնար Կիլիկեան պետականութեան պարագան` Արեւմտահայքի ծիրին մէջ: Միւս կողմէ` Թիֆլիս-Պոլիս մշակութային առանցքներուն երկակիութիւնը երկար ժամանակ, վերջնականօրէն նուիրագործած է կրկնակ գրական լեզուներու ուրոյն եւ զուգահեռ, բայց ներքնահաղորդ եւ համագործ գոյութիւնը: Երկու ուրոյն գրական լեզուներ, բայց ներքնահաղորդ, քանի որ անոնց միջեւ տարբերութիւնը այնքան ալ մեծ չէ, որքան որ կ՛ըլլայ ընդհանրապէս լեզուի մը բարբառային ճիւղաւորումներուն միջեւ…»:

Տէրտէրեան կ՛ընդգծէ ըսելով, որ միացեալ Հայաստանը հեռաւոր գրաւիչ նպատակ մըն է, զոր մենք ապագային պիտի կարողանանք իրականացնել` երբ զօրացուցած ըլլանք Արեւելահայաստանը, միջազգային ճանաչում բերած ըլլանք Արցախի Հանրապետութեան, եւ` մասնաւորաբար իրականացուցած ըլլանք Արեւմտեան Հայաստանի մը անկախ եւ ճանչցուած հանրապետութիւնը: Երբ այս բոլորը իրականութիւն դառնան, երեք ջոկատները` իբր անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւններ, կրնան որոշել իրենց միութիւնը` ոչ մէկ պետութեան հողային տարածքի ամբողջականութեան դիպչելով, համաձայն Միջազգային հանրային իրաւունքի նորմերուն եւ սկզբունքներուն: Ճանապարհը երկար է, բայց առաջին քիլոմեթրը կրնանք կտրել կազմակերպելով ՏԱՀՔ-ը եւ միջազգային ճանաչում ձեռք բերելով Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, որպէսզի կարողանանք իրականացնել հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը` Միացեալ անկախ Հայաստանը… բայց ոչ թէ երազելով, այլ` յամառօրէն պայքարելով…

Տէրտէրեան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ 1945 թ. մայիսի 3-ին, երբ Խորհրդային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Ս. Կ. Կարապետեան` Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին ներկայացուց պաշտօնական «Զեկուցագիր»` «Թուրքիոյ անցած նախկին հայկական տարածքների վերադարձի մասին», Ս. Կ. Կարապետեան կը յիշէր երեք` առաւելագոյն, միջին եւ նուազագոյն տարբերակներ, որոնց սերտողութիւնը ցոյց տուած էր, թէ` Միջազգային հանրային իրաւունքին մէջ, սահմանազատում կար Արեւմտահայաստանի (Թրքահայաստանի) եւ Արեւելահայաստանի (Ռուսահայաստանի) միջեւ: Հետեւաբար` Ռուսահայաստանը միայն ներկայացնող Խորհրդային Միութիւնը` ո՞ր տարածքներուն վերադարձը կրնար պահանջել: Միջազգային իրաւունքի խորհրդային իրաւագէտները քննեցին երեք տարբերակները մէկ առ մէկ.

Նուազագոյնը` իբր հիմք ունէր վերականգնումը 1878-1914 թուականներու ռուս-թրքական սահմանին: Այսինքն` Կարսի, Արտահանի եւ Սուրմալուի շրջաններու վերամիաւորումը Խորհրդային Հայաստանին:

Միջինը` իբր հիմք ունէր 1878 թ. Սան Սթեֆանոյի պայմանագրով որոշուած եւ ռուսական բանակին կողմէ գրաւուած տարածքները Արեւմտահայաստանէն եւ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն, Ալաշկերտի հովիտը եւ Պայազետ քաղաքը:

Առաւելագոյնը` իբր հիմք ունէր` բացի միջին տարբերակի հողերէն, նաեւ` Ուիլսընեան իրաւարար վճիռով փոխանցուած վիլայէթներուն կէսը, այն հիմնաւորումով, թէ` Թրքահայաստանէն Ռուսահայաստան ապաստանած եւ միւս հայ տարագրեալները այդ հողերուն վրայ պիտի բնակեցուէին ներգաղթի կազմակերպումով (տես` Արման Կիրակոսեան, «Հայաստանը եւ Խորհրդային ու Թրքական Յարաբերութիւնները 1945-1946 թթ.»):

Տէրտէրեան կը նշէ, որ Միջազգային իրաւունքի խորհրդային իրաւագէտները հիմնաւորուած նկատած էին նուազագոյն տարբերակը` այդ ժամանակի միջազգային քաղաքական ուժերու կշիռը նկատի ունենալով, որ կը հակէր ամերիկեան կայսերապաշտութեան կողմը` տրուած ըլլալով, որ արդէն Միացեալ Նահանգները ցոյց տուած են հիւլէական զէնքի իր մենաշնորհը` Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ… որպէս ազդարարութիւն խորհրդային եւ ամբողջ աշխարհին…»:

Ուրեմն, Վ. Մոլոթով պահանջեց նուազագոյն տարբերակը միայն: Եւ սակայն, այդ իսկ անընդունելի հռչակեց ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը, որ Չըրչիլի հետ միասին ցուրտ պատերազմ հռչակած էր Խորհրդային Միութեան դէմ, եւ կը յայտարարէր, թէ` թուրք-խորհրդային սահմանագիծը` ամերիկեւխորհրդային սահմանագիծ դարձած էր այսուհետեւ…:

Տէրտէրեան կը հաստատէ, որ գրաւեալ հայկական հողերը վերադարձնելու այս ապարդիւն պահանջը հայոց վերյիշեցուց գրաւեալ Արեւմտահայաստանը, եւ 1965-ին, Երեւանի հրապարակներուն վրայ վիթխարի ցոյցերուն ընթացքին, ցուցարարները վանկարկեցին` «Մեր հողերը», «Մեր հողերը»… եւ 1968-ին մենք տեսանք Մեծ եղեռնի յուշակոթողը Ծիծեռնակաբերդի մէջ, եւ… անոր «Անշէջ հուր»-ը…:

Տէրտէրեան կ՛եզրափակէ ըսելով, որ «Անշէջ հուր»-ը կոչ կ՛ընէ Տարագիր Արեւմտահայութեան հետապնդելու գրաւեալ Արեւմտահայաստանի հողային դատը, կազմակերպելով Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան քոնկրեսը (ՏԱՀՔ), որ մեզմէ կը պահանջուի Միջազգային հանրային իրաւունքին կողմէ, որպէս անշրջանցելի նախապայման, որ մեզմէ կը պահանջէ վերջ դնել օտարներու ապաւինելու մեր հիւանդութեան եւ անչափահասութեան, դառնալ չափահաս ու մեր ջանքերով կերտել մեր ապագան…: Որովհետեւ` իրաւունք մը կը մնայ ԱՆՏԷՐ` եթէ իրաւատէրը տէր չկանգնի իր իրաւունքին…:

Գիրքին վերջին մասը յաւելուածներու բաժինն է: Կան նաեւ քարտէսներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.