Մերց. Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կենսական նշանակութիւն ունին

ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կենսական նշանակութիւն ունին։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Պերլինի մէջ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մերց ընդգծեց, որ Գերմանիան եւ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակեն ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերել աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն ունեցող շրջանին կայունութեան ամրապնդման։

Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ շնորհաւորեց Ալիեւը Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրման առիթով՝ նշելով, որ համաձայնութիւնը նոր կարելիութիւն կ՚ընձեռէ «վերջնականապէս յաղթահարելու» երկարամեայ հակամարտութիւնը։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները 8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրած էին միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման եւ կարգաւորման վերաբերող 17 յօդուածներէ բաղկացած խաղաղութեան համաձայնագիրը։