Փաշինեան TRIPP-ը կը ներկայացնէ իբրեւ տարածաշրջանային տնտեսական փոփոխութիւններու առանցքային ծրագիր
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ կառավարութիւնը TRIPP ծրագիրը կը դիտարկէ իբրեւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի տնտեսական միջավայրի վերափոխման հիմնական բաղադրիչներէն մէկը։
Երեւանի մէջ կայացած Հայաստան-Մեծն Բրիտանիա գործարար համաժողովին Փաշինեան ըսաւ, որ կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի «Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղի» (TRIPP) ծրագրի գործադրութիւնը սկսելու ուղղութեամբ։
Իր ելոյթին մեծ մասը նուիրելով ապագայ ենթակառուցուածքային եւ տնտեսական ծրագիրներու՝ Փաշինեան խօսեցաւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի հնարաւոր բացման, Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա երկաթուղային կապերու հաստատման, ինչպէս նաեւ Պարսից ծոցը Սեւ ծովուն կապող հաղորդակցութեան մասին։
Ան նաեւ յիշատակեց Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցքը, արեւելք-արեւմուտք ճանապարհային կապերը, ինչպէս նաեւ քարիւղի եւ կազի խողովակաշարերու ու ելեկտրականութեան փոխանցման գիծերու կառուցման կարելիութիւնը՝ այս ծրագիրները ներկայացնելով կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ։
Հայաստան-Մեծն Բրիտանիա գործարար համաժողովին մասնակցեցան շուրջ 2,000 ներկայացուցիչներ պետական, գործարար, ֆինանսական, դիւանագիտական եւ կրթական շրջանակներէ։