ՄԱԼՎԻՆՆԵՐ, ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ԴԱՏԸ. Այնքան հեռու և այնքան մօտ (Արցախին, Արարատին…)

ՄԱԼՎԻՆՆԵՐ, ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ԴԱՏԸ. Այնքան հեռու և այնքան մօտ (Արցախին, Արարատին…)

Խ. Տէր Ղուկասեան

Երբ 2 Ապրիլ 1982-ին Արժանթինի զինուորական խունթան (1976 – 1983) յայտարարեց որ երկրի զինուած ուժերը ցամաքահանում կատարած են Հարաւային Ատլանտեանի մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Մալվինեան Կղզիներ՝ զանոնք ազատագրելու համար բրիտանական գաղութատիրական լուծէն, Լիբանանի մէջ ոչ-ոք կը նախատեսէր որ երեք ամիս և չորս օր յետոյ, 6 Յունիս 1982-ին, Իսրայէլ պիտի ներխուժէր, վեց ամիսէն Պէյրութ հասնէր, քաղաքը պաշարուած պահէր ամբողջ երեք ամիս, և նոյն տարուայ Սեպտեմբերէն յետոյ Միջին Արևելքի տագնապի պատմութեան մէկ հանգրուանին էջը պիտի դառնար:

Անգլիական հրատարակութիւններուն մէջ Ֆոլքլենտ և ֆրանսական հնչիւնով Մալուին անունով այդ կղզիներու պատմութեան, ինչպէս և Արժանթինի ու Միացեալ Թագաւորութեան միջև ՄԱԿԻ Ապա-գաղութատիրացման Յաձնաժողովի օրակարգին ընդգրկուած այդ տագնապին մասին քիչ և ոչինչ գիտէինք Լիբանանի մէջ մեր ընկերական շրջանակին մէջ: Հակառակ որ միջազգային քաղաքականութիւնը, տագնապներն ու հակամարտութիւնները, ի մասնաւորի պատերազմները, մեր  ուշադրութեան առարկայ էին նոյնքան որքան ֆութպոլը, Քանի սինեմայի փառատօնը և Օսքարները: Համակրութիւն չկար իր քաղաքացիները «անհետացնող» արժանթինեան զինուորական խունթային նկատմամբ -իր ոճիրներուն մասին այն ատեն աւելի գաղափար ունէր միջազգային մամուլը, ուրկէ և կ’առնէինք մեր տեղեկութիւնները, քան նոյն ինքն արժանթինցի շարքային քաղաքացին: Բայց ամէն ինչ որ կայսերական Մեծն Բրիտանիոյ, ի մասնաւորի Թաչըրեան վարչակարգին, դէմ էր՝ ողջունելի էր մեզի համար, որ Հիւսիսային Իրլանտայի ազատագրական դատին զօրավիգ և Պոպի Սանտզի և իր պայքարի ընկերներուն հացադուլին մօտէն հետևած էինք: Ատով հանդերձ, տարրական տրամաբանութիւնը կը յուշէր թէ ինչ աւարտ կրնար ունենալ պատերազմը: Միացեալ Թագաւորութիւնը ոչ միայն կորիզային պետութիւն էր, այլ անկասկած պիտի վայելէր Միացեալ Նահանգներու ամբողջական զօրակցութիւնը: Ռոնըլտ Ռեկըն երբեք պիտի չլքէր Պահպանողական Յեղափոխութեան իր գաղափարակից-գործակից հոգեհարազատ Մարկարէթ Թաչըրին: Պատերազմէն յետոյ առաւելի բացայայտ դարձաւ, որ Արժանթինի զինուորական բռնապետութեան այդ որոշումը փրկութեան լաստ եղած էր քաղաքական և տնտեսական շատ նուրբ վիճակի մէջ գտնուող Թաչըրին համար, որ շատ ճարպիկօրէն դրամագլուխի վերածեց յաղթանակը և անոր ընդոծին բրիտանական ազգային հպարտութեան զգացումը:

Հարաւային Ատլանտեանի Պատերազմի, ինչպէս յաճախ այդպէս կոչուեցաւ ռազմական ճակատումը, գործողութիւններուն հետևեցանք որովհետև օրուայ միջազգային լուրերու գլխաւոր թեման էր: Ամէն պատերազմի նման, հոն ալ փորձարկուեցան նոր տեսակի զէնքեր: Յատկանշական էր ի մասնաւորի ֆրանսական Էկզոսէթ հրթիռին առաջին գործածութիւնը պատերազմի ժամանակ, երբ արժանթինեան օդուժը խորտակեց բրիտանական ռազմանաւ մը, որ համապատասխան րատարով չէր օժտուած, ինչպէս ֆրանսական Science et vie ամսաթերթի մէկ համարին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը կը բացատրէր:

Ի տարբերութիւն մեզի, այսինքն՝ միջազգային լուրերուն հետևողներուս, արժանթինի հանրային կարծիքը այդ օրերուն կը հաւատար թէ «Յաղթելու ենք», փոխ առնելով երեսունութ տարի և եօթը ամիս այլ պատերազմի մը տևողութեան հնչած հանրածանօթ ինչ որ բանաձև մը իր ամբողջ ենթախորքով, ներառեալ՝ դիտաւորեալ մեղմ ասած անճիշդ տեղեկատւութիւնը: Այնպէս ինչպէս եգիպտական, և ընդհանրապէս արաբական հանրային կարծիքը 1967-ի Վեցօրեայ Պատերազմին հաւատացած էր որ կը «սիոնական թշնամին» կը ջախջախուէր Սինայի մէջ, Կոլանի բարձունքներու թէ Արևմտեան Ափի թէ Կազայի մէջ…. Արժանթինցի շարքային քաղաքացին 14 Յունիս 1982-ին յանկարծ կ’իմանար, որ պարտուած են, և ազգային/հողային հարց մը, որ ՄԱԿ-ի ոլորտին մէջ յառաջընթաց արձանագրած էր առնուազն փոխ-հասկացողութեան ու տիալոկի շարունակման իմաստով, պատերազմի հետևանքով վերադարձած էր զէրօ կէտին: Ընդ որում գաղութատիրական պետութիւնը յետ այդու պիտի կարենար առարկել որ չի կրնար բանակցիլ հարցերը ռազմական միջոցաւ լուծելու հակամէտ կողմի մը հետ:

Աւելի՛ն, ինչպէս պատերազմէն անմիջապէս յետոյ բարձրաստիճան զինուորական Պենխամին Րաթենպախի պատրաստած տեղեկագիրը բացայայտեց, զինուորական խունթան նախայարձակ եղած էր առանց համապատասխան պատրաստութեան, և պատերազմի ժամանակ թոյլ տրուած էր ամէն տեսակի սխալներ ու բացթողումներ որոնք ճակատագրական եղած էին մարտերու արդիւնքին համար: Ի դէպ, պէ՞տք է յիշեցնել որ նման տեղեկագիր տակաւին չկայ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին մասին, և այն ինչ որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը «հետաքննիչ յանձնաժողով»ի պիտակով կ’ուզէ ընել պատերազմի մասին ճշմարտութեան աւաղաղումն է և ոչ թէ բացայայտումը…

Մալվինեան Պատերազմի անմիջական հետևանքը եղաւ Արժանթինի զինուորական բռնապետութեան կտրուկ վարկաբեկումը, և մէկ տարի յետոյ ժողովրդավարութեան վերադարձը: Զինուորական բռնապետութիւն մը, որ «մասնագիտացած» էր իր քաղաքացիներուն բռնաճնշումին ու «անհետացման» զինուորականի համար անպատուաբեր գործերուն մէջ, որ «պատերազմ» որակած էր ոչ միայն զինեալ ըմբոստութիւնը այլ ընդհանրապէս ընդդիմադիր ձայները, մարդկային իրաւանց պաշտպաններն ու աշխատաւորական շարժումը լռեցնելու կոչուած իր բռնամիջոցները, կը ձախողէր պատերազմի դաշտին վրայ: Աւելի՛ն, Մալվինեան Պատերազմը եկաւ Ուաշինկթընին յուշելու, որ Պաղ Պատերազմի ժամանակ Փենթակոնի և Սի.Այ.Էյ.-ի մօտ պատրաստուած և յաճախ Պետական Քարտուղարութեան լուռ հաւանութեամբ թէ բացայայտ հովանաւորութեամբ իշխանութեան հասած զինուորականները կրնային և նման ինքնագլուխ որոշումներ առնել: Ռեկըն փոխեց ԱՄՆ-ի մօտեցումը Հարաւային Ամերիկայի նկատմամբ, դադրեցուց զօրակցութիւնը զինուորական իշխանութիւններուն, ջատագով հանդիսացաւ ժողովրդավարութեան, և կեդրոնացաւ տնտեսական համակարգերու ազատ շուկայականացման նէօլիպերալ քաղաքականութեան տարածման վրայ:

Արժանթինի մէջ, նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսին անդրդուելի մնաց բռնատիրութեան ժամանակ մարդկային իրաւանց զանգուածային բռնաբարումներու պատասխանատու զինուորականները դատի տալու իր յանդուգն որոշումին վրայ: Ի տարբերութիւն տարածաշրջանի միւս բոլոր երկիրներուն, ուր ժողովրդավարութեան անցումը 1980-ականներու եղաւ զինուորական իշխանութիւններու հետ բանակցութեանց, անոնց ոչ միայն ներում այլ իշխանութեան մասնակցութիւն ապահովելու գնով: Րաթենպախի Տեղեկագիրը երկար տարիներ մնաց խորհրդապահական, երբ հրապարակային եղաւ այն, արդէն կասկած չէր մնացած, որ զինուորական խունթան Մալվինեան պատերազմին որոշումը առաւ հիմնականին մէջ իշխանութեան վրայ յարատևելու նպատակով:

Ի տարբերութիւն Պրազիլի, Արժանթինի զինուորական խունթան երբեք չյաջողեցաւ երկրի տնտեսական համակարգը արդիականացնել, որովհետև փոխանակ զարգացնելու տեղական ճարտարարուեստական արտադրութիւնը և հետամուտ ըլլալու արտածման քաղաքականութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը յանձնեց Միլթըն Ֆրիտմանի Մոնեթարիստ դպրոցի հետևորդ առաջին նէօլիպերալներու ձեռքը, որոնք երկիրը մխրճեցին արտաքին պարտքի մէջ: Մալվինեան Պատերազմի նախօրեակին, հակառակ զինուորական բռնապետութեան ճնշումներուն և, ինչպէս յետոյ պիտի բացայայտուի, ցեղասպանութեան մասշտապի ոճիրներուն, աշխատաւորական արհմիութիւնները արդէն հրապարակ ելած էին լայնածաւալ բողոքի ցոյցերով: Մալվինեան Պատերազմը շահագործեց ժողովուրդի հայրենասիրութիւնը և փորձեց այդ ձևով մարեցնել ընկերային բողոքը:

Հակառակ այս ճշմարտութեան, հակառակ անոր որ 1994-ի Սահմանադրական բարեփոխումը ընդգրկած է յօդուած մը որ կը բացառէ պատերազմը որպէս միջոց Մալվինեան հարցի լուծման, հակառակ որ Արժանթինն ու Միացեալ Թագաւորութիւնը վերահաստատած են դիւանագիտական յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը  միջազգային բեմին վրայ, չկայ արժանթինեան քաղաքական ոչ մէկ հատուած, ոչ մէկ անձնաւորութիւն, ի՛նչ ալ ըլլայ գաղափարախօսական իր թեքումը, որ հրաժարի Մալվիններէն: Ոչ ոք կը համարձակի հրապարակային կերպով ըսել թէ մեզի պէ՞տք են ովկիանոսի մէջ կորած, պաղ, բնական հարստութենէ զուրկ, տնտեսական զարգացման համար անհետաքրքիր այդ քանի մը կտոր հողակոյտերը…

Ընդհակառա՛կը, քանի որ կայ ազգային դատի մը այնքան խոր գիտակցութիւն և յանձնառութիւն որ ոչ իսկ ամենաբախտախնդիր քաղաքական անձնաւորութիւնը կը համարձակի շնականօրէն այն պարզունակացնել «պատերազմ թէ խաղաղութիւն» բնութագրումով, տարիներու ընթացքին կարելի եղած է նաև Մալվինեան կղզիները տեղադրել միջազգային աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն մէջ Հարաւային Ատլանտեանի և Սառուցեալ Ցամաքամասի (Հարաւային Բևեռ) գրաւած կարևորութեան ծիրին մէջ և ՄԱԿ-ի թէ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու ուղղութեամբ բարելաւել դիւանագիտական արշաւը: Երկրի ներքին ընկերատնտեսական ճգնաժամներն ու վերիվայրումները երբեք պատճառ չեն հանդիսացած, որ քաղաքական ոևէ պատեհապաշտ ընտրողներուն խոստանայ «լաւ կեանք» և վստահեցնէ որ «ապագայ կա՛» եթէ հրաժարին այդ կղզիներուն վրայ արժանթինեան ազգային գերիշխանութեան վերահաստատման նպատակէն:

Մալվինեան կղզիներու հիմնախնդիրը Արժանթինի արտաքին քաղաքականութեան մէջ գրեթէ սկզբունքային հարցի վերածած է հողային ամբողջականութեան սկզբունքը գերադասել ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքէն: Ոչ երկու սկզբունքները իրարու հետ կապուած են զէրոյի հաւասարման տրամաբանութեամբ ընդ որում մէկը միւսին անպայմանօրէն կը չէզոքացնէ, ոչ ալ ինքնորոշման սկզբունքը նոյն ձևով կը հասկցուի ամէն պարագաներուն: Ատով հանդերձ, ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը միշտ շատ ճարպիկ կերպով կրցած է շահագործել Մալվինեաններու հիմնախնդիրը, զայն նոյնացնելով Արցախը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան իրաւունքի իր մօտեցման հետ: Հայկական դիւանագիտութիւնը, որ 1994-էն յետոյ այնպէս ալ չիմացաւ ինչպէս Արցախի հարցը սթաթուս քուօ-ի պահպանումէն անդին բանաձևել բացի ինքնորոշման իրաւունքի վրայ պնդելէ, միշտ ալ անյարմարութեան մէջ գտնուեցաւ Արժանթինի հետ իր երկխօսութեան ժամանակ: Հայաստանի ներքաղաքական ոլորտին մէջ, իմա՛՝ խորհրդարանական շրջանակ և պատգամաւորներ, նոյնիսկ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն համար երկրագունդի հարաւը ընդհանրապէս հեռու և անկարևոր նիւթ մը եղած է: Այնքան որ միջ-խորհրդրանական յարաբերութիւններու լաւ փորձառութիւն ունեցող պատգամաւոր մը հարցը կը պարզացնէր ըսելով որ եթէ Միացեալ Թագաւորութիւնը  զօրավիգ կը կանգնի Մալվինեան կղզիներու բնակիչ Քելփըրներու ինքնորոշման իրաւունքին, ապա և այդ մէկը աւելի համահունչ է Արցախի շահերուն…

Դիւանագիտական ոլորտէն դուրս սակայն Մալվինեան կղզիներու և Արցախի հիմնախնդրի համատեղման ճիգեր եղած են, և շատ յաջող: Անոնցմէ է Անա Արզումանեանի նախաձեռնութիւնը՝ արժանթինցի հեղինակ Մարիօ Սամփաօլէսիի Մալվինաս գործի հայերէնի թարգմանութեան, որ կատարեց Ալիս Տէր Ղևոնդեան, և գիրքը Անտառես հրատարակչատան կողմէ Երևան մէջ լոյս տեսաւ 2014-ին: Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութիւնը (այդ անունով գրանցուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կառոյցը Արժանթինի մէջ) գիրքէն օրինակ մը նուիրած է Մալվինեան Կղզիներու նուիրուած Թանգարանին, որուն բացումը կատարուեցաւ գրքի հրատարակման տարին:

Մալվինեան Կղզիներուն Թանգարանը իւրայատուկ է: Կառուցուած է Ծովուժի նախկին կեդրոնի մէջ, որ բռնատիրութեան ժամանակ ընդդիմադիրներու արգելափակման, չարչարանքի և սպանութեան գաղտնի կեդրոններէն մէկն էր, ամենէն տխրահռչակը հոն տարուած «անհետացածներ»ու քանակին իմաստով, բայց հիմա վերածուած է Յիշողութեան Թանգարանի: Մալվինեան Կղզիներու Թանգարանին մէջ պատերազմի յատկացուած բաժնին մէջ զէնքի ցուցադրութիւն չկայ, պատերազմին ինկած նահատակներուն յիշատակը տարբեր ձևով յաւերժացած է: Թանգարանը Մալվինեան Կղզիներու պատմականօրէն Արժանթինեան հող ըլլալու վկայութիւնն ու յաձնառութիւնն է, զոր պատերազմի պարտութիւնը չէ խախտած երբեք:

Ընդհակառակը, Արժանթին ամէն այցելու Էսէյսայի օդակայանէն ելածին պէս պիտի տեսնէ հսկայ պաստառ մը՝ «Մալվինները Արժանթին են»: Նոյն այդ պաստառին պիտի հանդիպի ամենահարաւային նահանգի՝ Թիերրա Տէ Ֆուէկոյի Լափաթաեայի ծոցի ծովափին, ուրկէ ծնունդ կ’առնէ Պուէնոս Այրէս տանող թիւ 3 Մայրուղին, կամ հոն կ’աւարտի: Լափաթաեա ծոցը ամերիկեան երկու ցամաքամասերու հարաւի զէրօ կէտն է: Հոնկէ ճամբայ կ’ելլեն բոլոր անոնք որոնք ինքնաշարժով, մոթոսիքլէթով թէ հեծանիւով կ’ուզեն հասնիլ Ալասքա՝ 17.848 քիլոմեթր հիւսիս: Իրենց հետ կը տանին պաստառին յիշեցումը՝ «Մալվինները Արժանթին են», որ շատ աւելի լուրջ կը հնչէ քան ինչ որ ամբոխահաճոյ, անպատասխանատու, անլուրջ և թերևս նոյնիսկ կեղծ նմանօրինակ յայտարարութիւն մը, որ «… ու վե՛րջ» վստահեցումով կ’աւարտէր, և հիմա մատնուած է լռութեան…

Մալվինեան Կղզիներու Թանգարանին առաջին տնօրէնն էր կղզիներու պատմութեան մէջ ամենամասնագիտացած պատմաբաններէն Ֆետերիքօ Լորենց, որ 2014-ին չվարանեցաւ Թանգարանին մէջ Արցախի և Մալվինեան Կղզիներու նուիրուած համագումար մը կազմակերպել: Համագումարին հնչեց այսպիսի գաղափար մը.

Հայերուն համար Արարատն այն է ինչ են Մալվինները արժանթինցիներուն համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.