Հ.Յ.Դ.ի երկարակեցութեան գաղտնիքը
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Հիացումի արժանի նկատելով հանդերձ տարօրինակ չէ, որ մարդիկ հարց տան, թէ ինչպէ՞ս ժամանակի (արդէն 132 տարի) ու անսահման տարածութեան մէջ (աշխարհամասերը) ամէն տեսակ դժուարութիւնները յաղթահարելով կուսակցութիւն մը իր գոյութիւնը կը պահէ ու կը շարունակէ գործել հաւատքով եւ կը հետապնդէ «անկարելի» համարուող այնպիսի նպատակներ, որոնք շատերու համար իրագործելի չեն, երազային են: Գիտենք նաեւ, թէ իրական աշխարհի մէջ ոչինչ կայ, որ ենթակայ չըլլայ մաշումի, նոյնիսկ գաղափարները…:
Այս հարցումին պատասխան-բացատրականը այնքան ալ պարզ չէ: Բայց ես համոզուած եմ, որ Դաշնակցութեան երկարակեցութեան գաղտնիքը ի շարս այլոց, կարելի է խտացնել հետեւեալ արժէքներու մէջ.
Ա) Մթնոլորտը.
Դաշնակցութեան իւրայատուկ մթնոլորտն է ան, որ սոսկական կուսակցութեան մը հանգամանքէն անդին զինք կը վերածէ միեւնոյն դրօշին տակ ու միեւնոյն նպատակներով իրարու միացած ուխտեալ անդամներու ամբողջութեան, որ կառչած կը մնայ կուսակցութեան հաստատած ու աճեցուցած բարոյական սկզբունքներուն, ըմբռնումներուն:
Դաշնակցութեան ուժը նուազ չափով իր կառոյցին մէջն է կամ ծրագրին ու կանոնագրին, որոնք մնայուն ալ չեն, ժամանակի ու պայմաններու բերումով կը վերամշակուին, կը փոխուին:
Կազմակերպութեան մը իսկական ուժն ու տեւելու կենսունակութիւնը կը գտնուին անոր բարոյական արժէքներուն մէջ, որոնք կը պահպանուին, տարիներու երկայնքին կը հարստանան ու կը կուտակուին ընդհանրապէս շարքերուն եւ յատկապէս ղեկավար ու մտաւորական տարրին վարքուբարքով: Մշտատեւ ձգտումով՝ ըլլալու համար ասպետական ու համեստ, ընկերասէր եւ սկզբունքային, անկաշառ ու արդարութեան հետամուտ, ազնիւ ու ծառայասէր, հաւատաւոր, նուիրաբերող…:
Բարոյականութիւնը կը դրսեւորուի եւ կը բիւրեղանայ անձէ-անձ, անձէ-խումբ, խումբէ-մարմին ու մարմինէ-մարմին յարաբերութիւններու ընդմէջէն:
Բ) Ազգ եւ հայրենիք.
Դաշնակցութեան համար բոլոր արժէքներուն գերագոյնը, սրբութիւն սրբոցը հայ ազգն է ու հայուն հայրենիքը, որոնց համար ալ արդէն ծնունդ առած է ան: Այս երկու հասկացութիւնները՝ ազգն ու հայրենիքը միաձուլուած են այնքան, որ առանց մէկուն անըմբռնելի է միւսը: Հ.Յ.Դ.ի տեսաբաններէն Վահան Նաւասարդեանի դիպուկ բանաձեւումով՝ հայրենիքը առարկայացած ազգն է, իսկ ազգը՝ ոգեղինացած, կենդանութիւն ստացած հայրենիքն է…: Այս միաձուլուած իմացութեան անքակտելի մասն է Դաշնակցութիւնը, «միսը միսէն, ոսկորը ոսկորէն»: Սերտեցէ’ք կուսակցութեան պատմութիւնը եւ պիտի տեսնէ’ք, որ ան նոյնինքն հայոց պատմութիւն է:
Բաւ է միայն մտաբերել Դաշնակցութեան ծննդոցին երկունքը: Ծննդավայրը Թիֆլիսն էր, ուր կենցաղային պայմանները յարաբերաբար տանելի էին: Հոն, հիմնադիրները կ‘ընտրէին յեղափոխութեան կրակէ ճամբան, անհաւասար ուժի դէմ կեանքի ու մահուան կռիւի մէջ նետուելու վճիռը կու տային ոչ թէ իրենց հաշւոյն, այլ թրքական տիրապետութեան տակ տառապող հայութեան ի խնդիր: Ծննդեան այս երկունքին մէջ հզօր բարոյականութիւն կայ արդէն, որով, այդ երկունքէն ծնողը չէր կրնար տարբեր ըլլալ, քան ինչ որ եղաւ ու է՝ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որուն մեծ ու փոքր բոլոր նպատակներն ու գործունէութիւնը զսպանակուած են ու չեն դադրիր մղում առնելէ հայութեան շահերէն եւ ընդմիշտ սեւեռուած կը մնան՝ ազգին ու հայրենիքին վրայ:
Գ) Հերոսութեան գաղափարը.
Դաշնակցութեան համար մնայուն արժէք է հերոսութեան գաղափարը, ոչ միայն իբրեւ արարք, այլ նաեւ ու մանաւանդ իբրեւ վիճակ: Արարքները կրնան հերոսական ըլլալ, բայց անոնք անպայման հերոսութիւն չեն: Իրաւ հերոսութիւնը վիճակ է, ըլլալ է եւ ոչ թէ միա՛յն հերոսական արարք: Այնպէս, ինչպէս սրբութիւնն է, սուրբ ըլլալն է: Պատկեր մը՝ իբրեւ օրինակ. Հանգիստի համար ֆէտայական խումբը մարանի մը մէջն է: Մատնութեան հետեւանքով մարանը կը պաշարուի թուրք զինուորներէ: Ֆէտայիները իրար կ’՚նցնին, ընդոստ կը ցատկեն, որ հրացանները առնեն ու դիրքեր բռնեն: Ճիշդ այդ պահուն, Ֆէտայի Չոլոն, ամէնէն տարեցը, սիկարէթ փաթթելու վրայ է: Կը շարունակէ սիկարէթը փաթթել եւ միւսներուն հանդարտ կը յորդորէ «տղա՛ք, մի՛ իրար անցնիք…»: Չոլոյի այդ հանդարտութեան ու կարճ նախադասութեան մէջէն կը ցոլայ հերոսութեան խորքային ՎԻՃԱԿԸ, առանց հերոսական արարքի: Այսինքն՝ մնայուն տրամադրուածութիւն մը՝ նպատակի մը իրագործման ճամբուն մէջ ըլլալու միշտ, ինչ գին ալ որ պիտի արժէ ան: Այս առումով, թէ’ ազատագրական կռիւներու ընթացքին ու անոր զուգահեռ եւ թէ’ անկէ ետք սփիւռքի մէջ՝ Դաշնակցութեան հարստութիւնը անչափելի է զէնքի, մտքի ու քրտինքի հերոսներով:
Դ) Մշակոյթ.
Դաշնակցութեան համար անփոխարինելի արժէք է մշակոյթը: Պատահական չէր, որ ազատագրական պայքարի ամէնէն եռուն շրջանին իսկ, երբ մտքերու վրայ կը վեհապետէին զէնքն ու հրացանը, Դաշնակցութեան զինանշանին վրայ հաւասարարժէք իրարու կ’՚գուցուէին յեղափոխութեան եւ մշակոյթի խորհրդանիշերը՝ դաշոյնն ու փետրագրիչը: Զէնքը ահաւոր գործիք է, եթէ անոր չընկերանայ գաղափարը:
Եւ գաղափարները կը ժողովրդականանան մշակոյթով ու մշակոյթով է, որ ժողովուրդը զարգացման աստիճաններէն վեր կը բարձրանայ:
Ահա թէ ինչու սփիւռքի մէջ Կուսակցութիւնը յատկապէս նուիրուեցաւ մշակութային աշխատանքի: Զարկ տուաւ դպրոցաշինութեան, ստեղծեց մամուլ ու հրատարակչատուներ, հիմը դրաւ մշակութային միութիւններու, կառուցեց ակումբ ու հաւաքատեղիներ, կազմեց ատանեկան ու երիտասարդական միութիւններ, կազմակերպեց գաղութային ու համագաղութային բանակումներ, ինչպէս նաեւ այլ նախաձեռութիւններ, որոնք իբրեւ ջերմանոցներ հայկական մշակոյթով սնուցին իրերայաջորդ սերունդներ: Անոնց միջոցով եւ մշակոյթի ճամբով է դարձեալ, որ սփիւռքեան գաղութներու մէջ կարելի եղաւ սերունդին համար ստեղծել հոգեկան հայրենիք եւ սերունդը ապրեցաւ իրական հայրենիքի կարօտով:
Մենք ժամանակակից ենք ու վկայ, թէ ինչպէս սփիւռքի մէջ ծնած, հայրենիք չտեսած, բայց դաշնակցական շունչով սնած-աճած երիտասարդներ գաղտնի խումբեր կազմելով, իբրեւ արդարութեան արտիկներ կամ յեղափոխական անակ, ի խնդիր հայրենիքի ու հայութեան՝ իրենց ընդհատակեայ պայքարով քանդեցին լռութեան պատը եւ այժմէական դարձուցին մեր պահանջատիրութիւնը: Այո’ մշակոյթը անպարտելի զէնք է բոլոր ժամանակներու համար եւ բոլոր բնագաւառներու մէջ:
Ե) Աշխատանքի դրութիւն.
Դաշնակցութիւնը իբրեւ կանոնագրային հիմնական սկզբունք ի սկզբանէ որդեգրած ու պահպանած է ապակեդրոնացումով գործելու դրութիւնը, որ կազմակերպութեան միաւորներուն կու տայ ինքնուրոյնութիւն, անոնց կուտայ աշխատանքի թափ, ծրագրելու եւ նախաձեռնութիւններ առնելու ռանդ, ինչպէս նաեւ տուեալ շրջանի քաղաքական ու ընկերային պայմաններուն եւ միջավայրի ընձեռած կարելիութեանց համեմատ երթական անհրաժեշտութեան ըմբռնումով որոշում կայացնելու ճկունութիւն:
Անառարկելի է, որ ապակեդրոնացման դրութիւնը մեծապէս նպաստած է, որ Դաշնակցութիւնը վերածուի գաղափարական շարժումի, միաժամանակ նպաստած՝ անոր երկարակեցութեան:
Անառարկելի է նոյնպէս, որ գաղափարաբանական ներուժով եւ անսահման կարելիութիւններով օժտուած նոյնիսկ պետութիւններ չեն դիմացած ժամանակի մաշումին, երբ գործած են կեդրոնացումով:
Որքան ողջամիտ եղած են մեր հիմնադիրները:
Զգո՛յշ, զգո՛յշ, զգո՛յշ:
Աչքի լոյսի պէս պիտի գուրգուրանք ի շարս այլոց, ա՛յս արժէքներուն վրայ: Անոնցմէ մէկուն խախտումը կը խախտէ ամբողջ կառոյցը: