Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական-Ուսանողական եռօրեայ խորհրդաժողով. հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի’ 5 Դեկտեմբեր 2019ին, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին եւ Խորհուրդին, «Ա.Մանուկեան» կեդրոնէն ներս, բացումը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական-Ուսանողական եռօրեայ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին 18 երկիրներէ ժամանած (Հայաստան, Արցախ, Սուրիա, Լիբանան, Քուէյթ, Պարսկաստան, Անգլիա, Հոլանտա, Շուէտ, Ֆրանսա, Պելճիքա, Յունաստան, Գանատա, Ռուսաստան, Արեւելեան եւ Արեւմտեան ԱՄՆ, Ուրուկուէյ, Արժանթին, Աւստրալիա) 55 ընկերներ։

Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատու՝ ընկ.Արշակ Մեսրոպեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ՝ ընկ.Աշոտ Սիմոնեանը։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու՝ ընկ.Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ, ուր բուռն պայքար կը մղուի ազգային գաղափարախօսութիւններու եւ գաղափարական երիտասարդութեան դէմ, ահա այս պայմաններու մէջ աշխարհի տարբեր երկիրներէ դաշնակցական երիտասարդներ հաւաքուած են հայ երիտասարդը յուզող հարցեր քննարկելու եւ վերստին հաստատելու, որ ինչպէս Հ.Յ.Դ.ը, այնպէս ալ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական-ուսանողական միութիւնները ամրակուռ կառոյցներ են եւ ի դերեւ դուրս կու գայ զանոնք հարուածելու ամէն փորձ։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու եւ Գրասենեակի պատասխանատուները ներկայացուցին երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու հայեցակարգը, ռազմավարութիւնն ու գործառոյթները։

Խորհրդաժողովը իր օրակարգերուն վրայ պիտի սերտէ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ռազմավարական, դաստիարակչական, կազմակերպչական, քարոզչական, արտաքին յարաբերական եւ այլ ոլորտի աշխատանքներու նախագիծերը, պիտի լսէ միութիւններու աշխատանքային զեկոյցները եւ կատարէ համապատասխան քննարկումներ։

Խորհրդաժողովը դատապարտեց ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնն ու 3 Դեկտեմբեր 2019ին, Հայաստանի ոստիականութեան կողմէ կիրարուած անհամաչափ ուժը Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան ընկերներուն դէմ եւ յայտնեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած բողոքի գործողութիւններուն։

Աշխարհասփիւռ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական-Ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները լրջախոհութեամբ անցան եռօրեայ խտացուած օրակարգերու քննութեան։

ԵՐԵՒԱՆ՝ 5 ԴԵՄՏԵՄԲԵՐ 2019
Հ.Յ.Դ. Բ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.