ՀՕՄ-ը հեռավար ջերմաչափեր նուիրեց Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութեան

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս 8, 2020-ին, 75 հեռավար ջերմաչափեր յանձնուեցան Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան՝ Քորոնա ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով:
Շտապ օգնութեան այս ծրագիրը կարելի եղաւ իրականացնել ՀՕՄ-ի եւ ՀՅԴ-ի ճիգերով։ Բժշկական իրերու առաքումի ծախսերը ստանձնեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն:

ՀՕՄ Արցախի Միաւորի ատենապետուհի Արմինե Հարությունյանը եւ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Վահագն Դադայանը ջերմաչափերը յանձնեցին Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան՝ Քորոնա ժահրը կանխարգիլելու յոյսով։

ՀՕՄ-ը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, միաւորներուն եւ անդամներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին ՀՕՄ-ի մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներուն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.