ՀՅԴ 131-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն` Երեւանի Մէջ

Շաբաթ, 5 փետրուար 2022-ին, «Դուին Հոլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի նախկին վարչապետներ Վազգէն Մանուկեան, Հրանդ Բագրատեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան եւ արտախորհրդարանական այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներուն յիշատակը: Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Ելոյթները ընդմիջուեցան փաստավաւերագրական ժապաւէնով, որուն ընդմէջէն ներկայացուած էին ՀՅԴ-ի անցեալի ճամբան ու պայքարի փուլերը: Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հայրենասիրական երգերով:

Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ 131-ամեայ պատմութեան` նշելով, որ Դաշնակցութեան պատմութիւնը անկարելի է տարանջատել հայ ժողովուրդի պատմութենէն` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան` ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:

Սաղաթէլեան հաստատեց. «Պայքարը կը շարունակուի արդէն 131 տարի: Կը փոխուին ժամանակները, կը փոխուին պայքարի ձեւերն ու մեթոտները, կը փոխուին մարտահրաւէրներն ու թիրախները, բայց ոչ` պայքարի գլխաւոր նպատակը:

«Երէկ, այսօր եւ վաղը Դաշնակցութիւնը եղած է, կայ եւ պիտի մնայ այն ուժը, որ հաւատարիմ է հողին ու հայուն: Դաշնակցութիւնը անցեալ ունեցող, ներկայով ապրող եւ ապագայի տեսլականով կազմակերպութիւն է: Մի՛շտ կենսունակ կազմակերպութիւն»:

Անդրադառնալով ժողովուրդի սպասումներուն եւ Հայաստանի ներքին վիճակին` Սաղաթէլեան ըսաւ. «Դաշնակցութենէն մեր ժողովուրդին սպասումները միշտ մեծ եղած են, բայց տուած քուէն` ոչ բաւարար: Մենք, յանուն քուէի, երբեք ամբոխավարութեամբ չենք զբաղած, միշտ ցոյց տուած ենք իրական զարգացման ճամբան, որ եղած է բարդ եւ դժուարանցանելի», աւելցնելով. «Մենք մեր կուսակցութեան 131 տարիներու, մեր կենսագրութեան իւրաքանչիւր օրուան, իւրաքանչիւր քայլի եւ որոշման համար հաշուետու ենք մեր ժողովուրդին: Մենք սխալներ ունեցած ենք, չեն սխալիր ոչինչ ընողները, բայց մենք զմեզ ու մեր գաղափարներուն, մեր համոզումներուն, մեր նպատակներուն երբեք չենք դաւաճանած»:

Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց, որ ստեղծուած իրավիճակէն ելքը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ համազգային դիմադրութիւն ձեւաւորելն է: Դիմադրութիւն, որ պէտք է համահայկական միասնութեամբ վիժեցնէ Հայաստանի թրքացման եւ Արցախի հայաթափման` արդէն իսկ գործի դրուած ծրագիրը:

Ձեռնարկի 2-րդ բանախօսը ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանն էր, որ անդրադառնալով հայ ժողովուրդի նորանկախ պատմութեան վերջին 30 տարիներուն, ըսաւ. «Վերջին 30 տարիներուն կը պայքարէին գաղափարական 2 ուղղութիւններ. մէկը` Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութեան վրայ հիմնուած հզօր Հայաստանի կերտումն է, միւս ուղղութիւնը` Հայաստանի հրաժարումն է Ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն, Արցախի դատէն, ազգային ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը ընդգծող շեշտուած քայլերէ: Միւս ուղղութեան կողմնակիցները կ՛երազէին ունենալ բաց սահմաններ եւ ճամբաներ, ենթադրեալ տնտեսական կարելիութիւններ եւ անոնց միջոցով բարեկեցութիւն ապահովելու ակնկալիքներ: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ 9 նոյեմբերի խայտառակ համաձայնագիրը միայն սկիզբ դրաւ մեր ազգի շարունակական պարտութիւններուն»:

Արթուր Մոսիեան ըսաւ, որ պէտք է սթափիլ եւ օր առաջ կանգնեցնել այս պարտութիւններու շղթան, մէկ կողմ ձգել մէկս միւսին մեղադրելու եւ անձնական հաշիւներով առաջնորդուելու արատաւոր երեւոյթները եւ ձեւաւորել համազգային հուժկու շարժում, որոնց մէջ պիտի ըլլան  Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներու այն բոլոր ներկայացուցիչները, որոնք պիտի  պայքարին Հայաստանի թրքացումը եւ Արցախի հայաթափումը կանխելու համար:

Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան:

Վարդանեան ըսաւ, որ հայկական բանակի գոյութիւնը անիրականանալի երազանք էր Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ ջարդուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար: Հեռաւոր երազանք էր նաեւ Արցախ մեկնած առաջին կամաւորներուն համար: Սակայն երկար մաքառումէ, բազմաթիւ զոհողութիւններէ ետք մենք կրցանք իրագործել մեր ազգային երազանքին մէկ մասը` ստեղծել մեր պետութիւնը, ազատագրել մեր հայրենիքի մէկ հատուածը: Բայց մեր երազանքներուն մէկ մասը մեզմէ խլեցին, իսկ միւս մասը խլելու համար պայքարը տակաւին կը շարունակուի:

Քրիստինէ Վարդանեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Կուսակցութեան հիմնումէն մինչեւ պետականութեան վերականգնում, «Նեմեսիս» գործողութեան իրագործումէն մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքար եւ արցախեան պատերազմներ` իմ կուսակցութեանս պատմութիւնը չհամակերպուող, ինկող, բայց ոտքի կանգնիլ կրցող, սեփական առաքելութեան հաւատացող երիտասարդներու պատմութիւնն է: Մեր կուսակցութեան պատմութիւնը երազանքի եւ արժանապատուութեան համար պայքարի պատմութիւնն է»:

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, 2020-ի աշնան Արցախի վրայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն, ներկայի նորագոյն մարտահրաւէրներուն, հայրենիքի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած Հայաստանի իշխանութիւններուն,   Հայաստանի իշխանութիւններու կամակատար դարձած Արցախի իշխանութիւններուն եւ շարք մը այլ հարցերու:

Ան ըսաւ, թէ ՀՅԴ Բիւրոն փորձեց իրագործել իր համահայկական ու հայրենի նախաձեռնութիւններուն մեծամասնութիւնը 2021-ի ընթացքին:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց. «ՀՅԴ-ի համար Արցախը եղած է եւ կը մնայ առանցքային խնդիր եւ մշտական ուշադրութեան առարկայ: Հակառակ պատերազմի կորուստի կապակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութեան ալ ունեցած պատասխանատուութեան, 2021-ի ընթացքին աշխատեցանք Արցախին խնայել նորանոր ցնցումներ եւ կեդրոնացանք վերականգնումի աշխատանքներուն վրայ»:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան թուեց Հայ դատին ուղղութեամբ արձանագրուած կարեւոր նուաճումները:

Իսկ երրորդ բաժինը կը վերաբերէր սփիւռքին: Տէր Խաչատուրեան հիմնականօրէն նշեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակելու համար կազմակերպուած հանգանակութիւնները, համահայկական խորհրդաժողով կազմակերպելու առաջարկի ձեւաւորումը եւ սփիւռքի մէջ նոր պառակտումներ եւ հակակշիռներ ստեղծելու Հայաստանի իշխանութեան քայլերուն ՀՅԴ-ի ընդդիմութիւնը:

Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց Դաշնակցութեան այսօրուան կարեւորագոյն դիրքորոշումներն ու ընելիքները` ընդգծելով. «Մենք փակած ենք 2020-ի աշնան բացուած սուգի ու ընկճուածութեան էջը եւ համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան ու արիութեան վերադրսեւորումներուն»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.