ՀՅԴ Երիտասարդականը Միջազգային Ֆալքոն շարժում կազմակերպութեան համագումարին բարձրացուց Արցախի հարցը

2018 Յունիս 15-16-ին, Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրուքսէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային Ֆալքոն շարժում – Ընկերվարական միջազգայնական դաստիարակչական (International Falcon Movement – Socialist International Educational) կազմակերպութեան միջազգային համագումարը:
Համագումարին կը մասնակցէին կազմակերպութեան անդամ մի քանի տասնեակ միութիւններու 40 ներկայացուցիչներ։

ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Անուշ Յովհաննիսեանը (Հայաստան)։

Համագումարին ընթացքին նախագահութիւնը ներկայացուց իր նիւթաբարոյական գործունէութեան հաշուետուութիւնը։ Աշխատանոցներուն քննարկուեցան որոշ երկիրներու մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման, կրթութեան հասանելիութեան եւ այլ հարցեր։

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը իր ելոյթին ընթացքին խօսեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդականի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին։ Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Արցախի մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ տարուող աշխատանքներուն, մատնանշելով Արցախի մեկուսացուած ըլլալը եւ արցախեան հիմնահարցի հետեւանքով երեխաներու եւ երիտասարդներու առջեւ ծառացած խնդիրները, յատկապէս արտասահմանի մէջ կրթութիւն ստանալու դժուարութիւնները, որպէս մարդկային հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարում։

Համագումարին օրակարգին մէջ ներառուած էին անդամ միութիւններու կարգավիճակի փոփոխութեան հարց, նոր նախագահութեան ընտրութիւն, բանաձեւերու ընդունում եւ այլն։

Երկօրեայ հանդիպումներու ընթացքին մասնակիցները հնարաւորութիւն ստացան այցելելու Եւրոպայի պատմութեան թանգարան՝ ծանօթանալով Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.