ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը

Սեպտեմբեր 27ին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած ռազմական գործողութիւնները անգամ մը եւս կը հաստատեն Պաքուի իշխանութիւններու հայատեաց ռազմատենչութիւնն ու յարձակողապաշտ վարքագիծը։

Աւելի՛ն, այս անգամ ատրպէյճանական զինուած ուժերը թիրախ ընտրած եւ հրթիռակոծած են Արցախի մայրաքաղաքն ու քաղաքացիական բնակավայրերը՝ պատճառ դառնալով անմեղ զոհերու։

Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ՝ ռազմական, տնտեսական, դիւանագիտական,  եւ քաղաքական անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով պատերազմ կը մղուի Հայաստանն ու Արցախը հաշուեյարդարի ենթարկելու։

Ի տես այս իրավիճակին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի պետութեան եւ յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի խստօրէն  դատապարտէ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը։

Ատրպէյճանական այս նենգ  յարձակումն ու հրադադարի խախտումը այսօր ետ կը մղուի շնորհիւ հայկական բանակի ստորաբաժանումներու հակահարուածին, բայց մանաւանդ՝ հայ զինուորներու անվեհեր սխրանքներուն եւ հայրենասիրական ոգիին։

Հայոց յաղթական բանակը սահմանային գիծի ամբողջ ճակատին վրայ այսօր կը կատարէ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը։ Մենք, ինչպէս միշտ` Հայոց բանակի եւ հայ զինուորին կողքին ենք այս օրհասական հանգրուանին։ Ոչինչ պիտի խնայենք մեր զօրակցութեան մէջ՝ միանգամընդմիշտ ձախողութեան մատնելու թուրք-ատրպէյճանական այս յարձակումը:

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն իր Հայ Դատի յանձնախումբերով, Գանատայի տարածքին գործող իր բոլոր կառոյցներով, իր ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով՝ վճռականօրէն կագնած է Արցախի եւ Հաաստանի հանրապետութեանց կողքին։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.