Հայ Գրականութիւնը Ժամանակակից Ձեւաչափով

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Vlume-ի հետ իր համագործակցութիւնը կը շարունակուի` ընդլայնելով այս մեծ թուային գրադարանը:

Vlume թուային գրադարանը ել-գիրքերու եւ ձայնագիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը ունի թէ՛ արեւմտահայերէնով եւ թէ՛ արեւելահայերէնով. Vlume միեւնոյն ժամանակ հայ գրականութիւնը ժամանակակից ձեւաչափով ըմբոշխնելու հնարաւորութիւնը կ՛ընծայէ ընթերցողին:

Այս համագործակցութեան շնորհիւ` արդէն իսկ հրատարակուած են բազմաթիւ ել-գիրքեր ու ձայնագիրքեր, ինչպէս նաեւ` մանկապատանեկան ամբողջական ֆիլմաշար մը: Առկայ ծրագիրով նախատեսուած է գրադարանը հարստացնել յաւելեալ 180 ել-գիրքերով եւ 125 ձայնագիրքերով` յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին:

Vlume-ը բաժանորդներուն հնարաւորութիւն կու տայ կարդալու եւ լսելու հայերէն գիրքեր որեւէ արդի գործիքով. հարթակին ծանօթանալու համար այցելել` https://vlume.com/hye/home-page-new-wa/:

Հիմնարկութեան ներկայ, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել` https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը եւ արձանագրուիլ լրատուին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.