«Հայրենադարձի աչքերով» գիրքը կը պեղէ 30 հայրենադարձներու պատմութիւնները

Երեւանի DoubleTree by Hilton հիւրանոցին մէջ, փետրուար 2-ին տեղի ունեցաւ լրագրող Սարիկ Սեւադայի «Հայրենադարձի աչքերով» գիրքին շնորհահանդէսը:

30 հարցազրոյց, 30 վերադարձի պատմութիւն ներկայացուցած է հեղինակը: Նպատակը մէկ է` խրախուսել հայրենադարձութիւնը: Մասնաւոր օրինակներով միւսներուն եւս հայրենադարձութեան կոչ կատարել: Գիրքի ձեւաչափին մէջ այս առաջինն էր: Գիրքը նուիրուած է ոչ այնքան Հայաստանի մէջ արդէն բնակող հայրենադարձներուն, որքան` հայրենիքէ հեռու այդ ցանկութիւնը թաքուն փայփայողներուն:

Հեղինակին խօսքով, 30 հայրենադարձի մասին պատմութիւնները բաւարար են, որպէսզի հիմք հանդիսանան հայրենադարձներու թիւի աւելացման: Սեւադան կը նախատեսէ 2020 թուականին եւս շարունակել յօդուածներու շարքը եւ մօտաւորապէս 50 հայրենադարձի պատմութիւն ներկայացնել: Պատմութիւնները ոգեւորող են: Ներկաները ոգեւորուած էին: Դահլիճի մէջ էին նաեւ գիրքին հերոսները` հայրենադարձները: Անոնք հայրենիքի մէջ բաւական լուրջ գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր ոլորտներու մէջ: Յաջողակ գործարարներ են, հասարակական գործիչներ, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մասնագէտներ, մարզիչներ եւ այլն: Սեւադայի գիրքին ազդեցութիւնը կրնայ  հայրենադարձութեան համար նոր զարթօնք ապահովել:

Դահլիճին մէջ ներկայ սփիւռքահայերը եւ հայրենադարձները եւս կարծիքներ յայտնեցին գիրքի առանձնակի կարեւորութեան մասին: Ներկայացնելով սեփական փորձառութիւնները` հայրենիքի մէջ տարբեր տարիներու հաստատուած հայրենադարձները հող կը ստեղծեն նորերու համար: Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի խօսքով, այս գիրքը հոյակապ նախաձեռնութիւն է, որուն կարիքը սփիւռքը եւ Հայաստանը ունին:

«Անձնական փորձառութիւնները ուրիշներուն պատմելը կրնայ խթան հանդիսանալ, որպէսզի քաջալերուին ու ինչ-որ մտահոգութիւններ, բարդոյթներ, եթէ կան, լուծուին», նշեց Սեւակ Յակոբեանը: Ըստ անոր, շատ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ գիրքը արեւմտահայերէն եւս հրատարակուի, որպէսզի սփիւռքահայ կարդացողին եւս հասկնալի ըլլայ:

Սեւադան իր ելոյթը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Սահակեան-Բաղրամեան հիմնադրամին` ի դէմս Պրուքլինի հայ համայնքի ղեկավար Տիգրան Սահակեանի, գիրքի տպագրութիւնը հովանաւորելուն համար:

«Շատ հաճելի է, երբ հայրենադարձութեան նիւթով ֆինանսաւորումը կը ստանաս սփիւռքէն: Գիրքս ստեղծելու գաղափարը յառաջացաւ այն ժամանակ, երբ իբրեւ լրագրող կ՛աշխատէի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Ընթացքին հասկցայ, որ կարելի է մէկտեղել բոլոր հարցազրոյցները: Յաջորդ շնորհակալութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել գիրքի խմբագիր Կարինէ Աւագեանին, որուն ուղղորդող յորդորներուն շնորհիւ` այս գիրքը ծնաւ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր հայրենադարձներուն, որոնք միս ու արիւն տուին իմ այս նախաձեռնութեան: Եթէ չըլլայիք դուք, չէր ըլլար իմ այս նախագիծս: Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել «Էդիտ Պրինտ» հրատարակչութեան», շնորհակալական խօսքով ներկաներուն դիմեց գիրքին հեղինակը:

Ձեռնարկի աւարտին Սարիկ Սեւադան գիրքի 30 հայրենադարձներուն, որոնք ներկայ էին արարողութեան, յատուկ մակագրութեամբ գիրքը նուիրեց, ապա բոլոր փափաքողներուն սիրով յանձնեց 30 հայրենադարձի մասին պատմող կարեւոր աշխատութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.