Համատարած խտրականութիւնը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մարդկային իրաւանց տիեզերական ուխտագիրը իր երկրորդ յօդուածով յստակ կը դնէ հարցը.– «Իւրաքանչիւրը կրնայ վայելել ներկայ ուխտագրով հռչակուած բոլոր իրաւունքներն ու բոլոր ազատութիւնները՝ առանց որեւէ խտրութեան, յատկապէս՝ ցեղի, գոյնի, սեռի, լեզուի, կրօնի, քաղաքական թէ որեւէ այլ կարծիքի, ազգային կամ ընկերային ծագման, հարստութեան, ծնունդի կամ որեւէ այլ վիճակի։ Այլեւ պիտի չդրուի որեւէ խտրութիւն, որ հիմնուած է անձի մը պատկանած երկրի մը կամ տարածքի մը քաղաքական, իրաւական կամ միջազգային իրավիճակին վրայ, այդ երկիրը կամ տարածքը ըլլայ անկախ, ուրիշի մը խնամակալութեան ներքոյ, ոչ-ինքնավար թէ գերիշխանութեան որեւէ սահմանափակման ենթակայ»։

Ի զուր չէ, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը Փարիզի մէջ կայացած իր համագումարին՝ 1948 դեկտեմբեր 10-ին, Շայոյի պալատին մէջ, այդքան համապարփակ, այդքան մանրամասն բանաձեւած է այս յօդուածը։ Ի զուր չէ, որովհետեւ մարդկութեան ամբողջ տարեգրութիւնը պատմութիւնն է այստեղ արտայայտուած այդ բոլոր խտրութեանց, մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու բռնաբարման։

Անհրաժեշտ պիտի ըլլար, տակաւին, որ աւելի քան կէս դար ետք՝ 2005 հոկտեմբեր 21-ին, դարձեալ Փարիզի մէջ, ՄԱԿ-ի Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (UNESCO) ընդհանուր համագումարը իր 33-րդ նիստին որդեգրէր Մշակութային արտայայտութեանց այլազանութեան պաշտպանութեան ու ջատագովման համաձայնագիրը, որուն նախադրեալներու չորրորդ ու հինգերորդ կէտերը կը շեշտէին.

  • «Յիշեցնելով, որ մշակութային այլազանութիւնը, որ կը ծաղկի ժողովրդավարութեան, հանդուրժումի, ընկերային արդարութեան եւ ժողովուրդներու ու մշակոյթներու փոխադարձ յարգանքին վրայ, անհրաժեշտ է ապահովելու համար խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն տեղական, ազգային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ,
  • «Նշելով մշակութային այլազանութեան կարեւորութիւնը՝ ամբողջական իրականացման ի խնդիր մարդկային իրաւանց ու ազատութիւններու, որոնք հռչակուած են Մարդկային իրաւանց տիեզերական ուխտագրով եւ այլ համաճանաչ վաւերաթուղթերով», …։

Ինչո՞ւ կը վերյիշեցնենք այս բոլորը։

Հակառակ բոլոր վեհ խօսքերուն, հակառակ երեւութապէս այնքան ազնիւ տրամադրութիւններուն՝ աշխարհը կը շարունակէ դառնալ իր ծուռ առանցքին շուրջ, եւ կ՚անդրադառնանք, թէ տակաւին երկար է ճանապարհը մեր առջեւ՝ հասնելու համար ցանկալի այդ համակեցութեան։

Վերջին շրջանին միջազգային յառաջադէմ մամուլը տեւական քննարկման ու վերլուծութեան նիւթ է դարձուցած խտրականութեան հարցը, հիմա՝ այլեւս ոչ թէ պարզապէս կամ բացառապէս բռնապետական կարգերու տակ կրկնուող խախտումները, այլ իրենց սեփական երկիրներուն՝ ժողովրդավարութեան հնոց նկատուող Արեւմուտքի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Միացեալ Թագաւորութեան եւ այլ պետութիւններու մէջ իսկ կատարուող խախտումները, երկիրներ, որոնք մարդկային իրաւանց դասեր կու տային, կու տան տակաւին աշխարհի մնացեալ երկիրներուն։

ԱՄՆ-ի Միննեզոթա նահանգի Միննէափոլիս քաղաքի ոստիկանութեան կողմէ 2020-ի մայիս 25-ին սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը բաժակը յորդեցնող կաթիլը եղաւ, եւ անկէ ի վեր, այս օրերուն տիրող համաճարակի ամենակալ ու անընդհատ տեղեկատւութեան կողքին, մարդկային կեանքի սրբութեան, սեւամորթներու նկատմամբ ցուցաբերուած խտրականութեան, գերեվաճարութեան ու յարակից հարցերը ուշադրութեան մնայուն առարկան են գրաւոր թէ բանաւոր մամուլին։

Նպատակս չէ այստեղ մամուլի համապարփակ տեսութիւն մը ներկայացնել։ Պիտի նշեմ ըսուածներէն մի քանի օրինակներ միայն, յատկապէս այն պարբերաթերթերէն, որոնց կը յաջողիմ հետեւիլ։

Անգլիական “The Guardian Weekly” շաբաթաթերթի 2021 փետրուար 12-ի թիւին մէջ տպագրուած իր “Imperial formulae” («Կայսերական դրոյթներ») յօդուածին մէջ Fara Dabhoiwala կը գրէր նոր լոյս տեսած երկու գրքերու մասին։ Առաջինը “Empireland: How Imperialism Has Shaped Modern Britain” («Կայսերաստան. ինչպէս կայսերապաշտութիւնը ձեւաւորած է արդի Բրիտանիան») գիրքն է, որ կը պատկանի Sathnam Sanghera-ի գրիչին։ Հոն վերջինս դիտել կու տայ, որ դիտմամբ թէ անգիտակցաբար կայսրութիւնը պատմութեան մէջ «ամենէն մեծ ձեռնարկումներէն մէկն էր սպիտակներու գերակայութեան» եւ կը շարունակէ աղճատել բրիտանական ընկերութիւնը։ Երկրորդը Padraic X Scantan-ի գիրքն է՝ “Slave Empire: How Slavery Built Modern Britain” («Ստրկային կայսրութիւն. ինչպէս ստրկութիւնը կերտեց արդի Բրիտանիան), որուն մէջ այդ հեղինակն ալ կը հաստատէ, թէ եւրոպացիներու կողմէ ափրիկեցիներու զանգուածային գերեվարութիւնը-շահագործումը երբեք պատահական կամ անջատելի չէր համաշխարհային առեւտուրի եւ կայսրութեան վերելքէն. ան կեդրոնական միջոցներէն մէկն էր, որով այդ բաները իրականացան։

Նոյն շաբաթաթերթի 2021 ապրիլ 30-ի թիւին մէջ երկար ուսումնասիրութիւն մը հրատարակած է Robert P. Baird՝ “The Invention of Whiteness” («Սպիտակութեան յայտնագործութիւնը») վերնագրով։ Անկէ ալ երկու մէջբերում միայն բաւարար է հեղինակին մտահոգութիւնը հասկնալու համար։ Ան կը յիշեցնէ երեք վկայութիւններ։ Մէկը՝ ամերիկացի ընկերաբան W.E.B. Du Bois-էն, որ տակաւին 1920-ին կը գրէր, թէ «Աշխարհի ժողովուրդներուն մէջ անձնական սպիտակութեան յայտնաբերումը շատ արդիական բան մըն է, տասնիններորդ եւ քսաներորդ դարու հարց մը իսկապէս»։ Տիւ Պուա երեւոյթը կը կոչէ «սպիտակութեան նոր կրօնը»՝ պնդելով, որ սպիտակութեան նման ցեղային դասակարգում մը աւելի շատ կրօնական հաւատի մը նման է, քան կենսաբանական իրողութեան մը, եւ կը նշէ Թրինիտատի ու Թոպակոյի առաջին վարչապետ Eric Williams-ի այն գնահատումը, թէ «գերեվարութիւնը ցեղասպանութենէն չէ՛ ծնած, ցեղասպանութի՛ւնն էր հետեւանքը գերեվարութեան»։ Վերջապէս երրորդ վկայութիւնը կու գայ Benjamin Disraeli-էն, որ Վիկտորեան Բրիտանիոյ վարչապետն էր։ Ան յայտարարած է. «Ցեղը կ՚ենթադրէ տարբերութիւն, տարբերութիւնը կ՚ենթադրէ գերակայութիւն, գերակայութիւնը կ՚ենթադրէ գերակշռութիւն»։

Գերակայութեան նոյն այդ տրամադրութիւնները ունեցած է նաեւ, ի շարս այլոց, Բրիտանիոյ միւս ակնառու վարչապետը՝ Winston Churchill, որուն տեսակէտները ցեղի վերաբերեալ նոյնիսկ իր ժամանակակիցները զայրացուցած են։ Իր ատենի գաղթային նախարարը՝ Leo Amery, երբ տեսած է, թէ ինչպէս Չըրչիլ թոյլ տուած է, որ Պենկալի ժողովուրդը սովամահ ըլլայ, ըսած է. «Մեծ տարբերութիւն մը չեմ տեսած իր եւ Հիթլերի աշխարհայեացքներուն միջեւ», ինչպէս կը գրէ Priyamvada Gopal իր Why can’t Britain handle the truth about Winston Churchill? («Ինչու Բրիտանիա չի կրնար դիմակայել իրականութիւնը Ուինսթըն Չըրչիլի մասին») յօդուածին մէջ՝ տպագրուած “The Guardian Weekly”-ի 2021 մարտ 26-ի թիւին մէջ։

Վերջապէս մատնանշեմ յօդուած մը եւս՝ The enduring problem of race in America («Ամերիկայի մէջ ցեղի երկարատեւ խնդիրը») տպագրուած ամերիկեան TIME (այժմ երկու շաբաթը անգամ մը լոյս տեսնող) պարբերաթերթի 2021 մայիս 24 եւ 31 միացեալ թիւին մէջ, ստորագրուած Janell Ross-ի կողմէ։ Ան ալ բաւական հանգամանալից ակնարկ մը կը նետէ պատմութեան վրայ ու կը նշէ, որ 1937-ին Carnegie Corporation-ը շուէտացի տնտեսագէտ, ընկերաբան ու ապագայ նոպելեան մրցանակակիր Gunnar Myrdal-էն կը խնդրէ տեղեկագիր մը պատրաստել ԱՄՆ-ի մէջ ցեղային անհաւասարութեան մասին։ «Նոյն հիմնական տեղեկութիւնն է, որ կը կը գտնենք Միրիատի աշխատանքին մէջ, ամեն ինչ որ իրմէ առաջ եղած էր, ու իրմէ ետք եղած», կ՚ըսէ հեղինակը։ «Երկրի մը մէջ, որ հիմնուած է հաւասարութեան յանձնառութեան վրայ, միայն սպիտակ ամերիկացիներն են, որ լրիւ վայելած են քաղաքացիութիւնը։ Նորաբնակները բնիկ ամերիկացիները դուրս քշեցին իրենց սեփական հողերէն, ապա զանոնք անբաղձալի, վտանգաւոր հիւրերու տեղ դրին։ Գոնկրեսը արգիլեց շատ ուրիշներ, որ նոյնիսկ երկիր մուտք գործեն։ Բայց սեւամորթ ամերիկացիներն էին, որ պետութիւնը գերեվարեց, ապա այնքան ամբողջական լքումի ենթարկեց, որ ընկերային, տնտեսական կամ ֆիզիքական բարօրութեան բոլոր գլխաւոր ոլորտներուն մէջ միլիոնաւորներ իրենց սպիտակամորթ հայրենակիցներէն շատ ետ մնացին ու տակաւին կը մնան»։

Աւելցնեմ նաեւ, որ այդ մեղքերը միայն եւրոպացիները չէ, որ գործած են, քանի որ նոյնիսկ ափրիկեցի ցեղապետեր, սեփական շահեր հետապնդելով, մեղսակից եղած են արաբ, ասիացի եւ ի հարկէ եւրոպացի դրամատէրերու, բայց առաւելաբար այս վերջիններն են, որ անբաւ հարստութիւն դիզած են՝ գերիները անվճար կամ գրեթէ անվճար աշխատցնելով։

Դրական երեւոյթ է, որ այս հարցերուն մասին այլեւս բացէ ի բաց կը գրուի եւ ոչ միայն կը գրուի։ Բացի ցոյցերէն, հեռասփռումներէն՝ նաեւ արուեստի ու մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու ճամբով հարցերը կ՚արծարծուին, կը վերարծարծուին։

Համոզուած եմ, որ հայ մամուլն ալ անմասն մնալու չէ այս շարժումէն, մանաւանդ որ ոչ միայն անցեալին, այլեւ մինչեւ օրս հայութիւնն ալ ենթակայ է տեսակաւոր ճնշումներու բոլոր անոնց կողմէ՝ բարեկամ թէ թշնամի, որոնց համար մեր գոյութիւնը այնքան ալ ցանկալի բան մը չի թուիր։

Չմոռնանք՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը մեր օրակարգին վրայ է եղած Վարդանանցէն ի վեր, Նուարսակի դաշնագրի ստորագրութենէն ի վեր ու մանաւանդ 1878-էն ի վեր, երբ Պերլինի վեհաժողովէն Խրիմեան Հայրիկ վերադարձաւ Երկաթէ շերեփի իր պատգամով։ Եւ յիշենք, որ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ի խնդիր յառաջ եկան մեր կուսակցութիւնները։ Այդ հարցը սկիզբէ՛ն մաս կազմեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ալ ծրագրին, որուն նորագոյն՝ 1998-ի տարբերակին մէջ հետեւեալ բառերով բանաձեւուած է ան. «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ընկերվարական իդէալն է կերտումը հասարակութեան մը, ուր մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամեն տեսակ խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ»։

Ուրեմն, միշտ պահենք այս հարցերը օրակարգի վրայ եւ գալիք ակնարկով մը փորձենք անդրադառնալ նաեւ այն խտրականութեան, որ մենք մեզի՛ հանդէպ ցոյց կու տանք անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ», 2021 յունիս

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.