Կեանքէն հեռացաւ նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական եղբ. Հրաչ Տէր Սարգիսեան

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գանատայի մեծ ընտանիքը խոր սրտի ցաւով կը սգայ հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, երկարամեայ վաստակաւոր, Կեդրոնական եւ Շրջանային անդամ, ղեկավար, մեր երէց եղբօր՝ Հրաչ Տէր Սարգիսեանի մահը:

Ազգային եւ միութենական կեանքին նուիրուած եղբօր մահը այնքան որքան իր անմիջական ընտանիքին, մեծ կորուստ է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին:
Խորապէս կը հաւատանք, որ եղբայր Հրաչ Տէր Սարգիսեանի մատուցած ամբողջանուէր ծառայութիւնը, անսակարկ նուիրումը գաղութներուն մարզական-միութենական կեանքէն ներս, պիտի դառնայ ներշնչող օրինակ այսօրուան երիտասարդ սերունդին շարունակելու իր ազգօգուտ աշխատանքը:

Եղբայր Հրաչ իր վաստակին եւ նուիրեալ աշխատանքներուն առ ի գնահատանք արժանացած է 2016-ին Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիրի եւ 1990-ին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծառայութեան շքանշանին, ինչպէս նաեւ 2012-ին Հ.Մ.Ը.Մ-ի Արժանեաց շքանշանին :
Սգաւոր այս պահուն Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալ եղբայր Հրաչի տիկնոջ, զաւակներուն եւ հարազատներուն ինչպէս նաեւ իր միութենական եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի եղբայր Հրաչ:

Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.