Միրզոյեան կը յայտարարէ, որ ԵՄ-ի հետ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման ընթացքը կախեալ է Հայաստանի բարեփոխումներէն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման գործընթացին յետագայ յառաջընթացը մեծ մասամբ կախեալ է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ անհրաժեշտ օրէնսդրական եւ վարչական բարեփոխումներու իրականացումէն։
Միրզոյեան այս մասին խօսեցաւ հոկտեմբեր 28-ին, Երեւանի մէջ, Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Թոնէ Քայզէրի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Ան նշեց, որ մինչեւ այժմ գործընթացը համեմատաբար արագ ընթացած է եւ արժանացած Եւրոպական Միութեան ու անդամ պետութիւններու աջակցութեան։ Սակայն, յաջորդ հանգրուանին յաջողութիւնը պայմանաւորուած է հայկական կողմին կատարելիք աշխատանքով։
Ան յստակ ժամկէտ չներկայացուց՝ շեշտելով, որ որքան արագ իրականացուին անհրաժեշտ բարեփոխումները, այնքան շուտ կարելի պիտի ըլլայ ակնկալել դրական արդիւնք։
Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագրերու ազատականացման երկխօսութիւնը պաշտօնապէս մեկնարկած էր սեպտեմբեր 2024-ին։ Գործընթացը կը նախատեսէ օրէնսդրական, վարչական եւ սահմանային կառավարման համակարգերու բարեփոխումներ, որոնց իրականացումը անհրաժեշտ է առանց մուտքի արտօնագրի ճամբորդութեան կարելիութիւնը ապահովելու համար։
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հարց բարձրացուեցաւ նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչութեամբ միջազգային դիտորդական զեկոյցներուն մասին։
Միրզոյեան պաշտպանեց իշխանութիւններու գործողութիւնները՝ պնդելով, որ ընտրական խախտումներու հետ կապուած իրաւապահ մարմիններու միջամտութիւնները կը համապատասխանեն օրէնքի գերակայութեան սկզբունքին։
Սակայն Եւրոպայի հետ մերձեցման գործընթացին վստահելիութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն օրէնսդրական փոփոխութիւններով։ Անիկա կ՚ենթադրէ նաեւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդում, դատական անկախութիւն, քաղաքական բազմակարծութեան յարգում եւ քաղաքացիական ազատութիւններու պաշտպանութիւն։
Այս առումով, իշխանութիւններուն վրայ կը մնայ պարտաւորութիւնը՝ ապահովելու, որ եւրոպական համարկման ուղղութեամբ ստանձնուած յանձնառութիւնները վերածուին շօշափելի եւ վստահելի բարեփոխումներու։