«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպեցան Գանատայի դեսպանին՝ բարձրացնելով ժողովրդավարութեան եւ դատական անկախութեան հարցեր
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչները հոկտեմբեր 30-ին հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուլի Քրոուլիի հետ՝ քննարկելով հայ-գանատական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը եւ տարածաշրջանային զարգացումները։
Հանդիպումին մասնակցեցան խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արամ Վարդեւանեան, ինչպէս նաեւ պատգամաւորներ Լիանա Մանուկեան եւ Ռուբէն Մխիթարեան։
Ողջունելով նորանշանակ դեսպանը՝ Նարեկ Կարապետեան կարեւորեց Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ յարաբերութիւններու խորացումը եւ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնումը, յատկապէս կրթութեան, տնտեսութեան եւ առողջապահութեան մարզերէն ներս։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման եւ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու դերակատարութեան։
Հանդիպումին ընթացքին ընդդիմադիր պատգամաւորները դեսպանին ներկայացուցին Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն վերաբերող իրենց դիտարկումներն ու մտահոգութիւնները՝ մասնաւորաբար անդրադառնալով երկրին մէջ ժողովրդավարութեան վիճակին, դատական իշխանութեան անկախութեան եւ խորհրդարանէն ներս իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն։
Քննարկումներուն առանցքային նիւթերէն էին նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ու խաղաղութեան հաստատման գործընթացը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները գանատական դիւանագիտական կողմին ուղղակիօրէն փոխանցեն Հայաստանի ներքաղաքական եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն վերաբերող իրենց մտահոգութիւնները։