Լոս Անճըլըսի մէջ վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի պատուիրակութեան հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լոս Անճըլըս իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին առանձնաբար հանդիպումներ ունեցաւ աւանդական երեք կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ: Այս առթիւ «Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Սոնա Թիթիզեան կապուեցաւ ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը գլխաւորող ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեանի հետ, որ զեկուցեց նշեալ հանդիպման մասին:

ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Գարմէն Օհանեան եւ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ՀՅԴ կառոյցի ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2019-ին:

Վարչապետը նախ ողջունած է պատուիրակութեան անդամները, ապա յայտնած է. «ՀՅԴ-ն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքում բաւական աշխոյժ դերակատարում է ունեցել եւ ունի։ Այդ դերակատարման ընթացքում միշտ չէ, որ ես համաձայն եմ եղել Դաշնակցութեան հետ, միշտ չէ, որ մենք համաձայնութիւն ենք ունեցել, բայց մեր համազգային նպատակների համատեքստում դա ոչ մի բան չի փոխում, որովհետեւ այն հարցերը, որոնց վերաբերեալ մենք այդքան էլ համաձայն չենք, այնքան էլ էական չեն, եթէ կան բազմաթիւ ռազմավարական բնոյթի հարցեր, որոնց շուրջ մենք համաձայն ենք։ Ուստի շատ ուրախ եմ այսօրուայ հանդիպման համար։ Ես այս ընթացքում էլ որոշակի շփումներ եմ ունեցել եւ միշտ էլ պատրաստակամութիւն եմ յայտնել, որպէսզի այս շփումները շարունակուեն եւ նոր իմաստ ստանան»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեան, իր հերթին, ողջունած է վարչապետն ու անոր ընկերացող պետական պատուիրակութիւնը, ապա բարձր գնահատած է անցնող տարուան տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումը, որ միասնական ու արդար պոռթկումն էր հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, միեւնոյն ժամանակ պայծառ ապագայի եւ արժանապատուութեամբ ապրելու յոյս ներշնչող անկիւնադարձային իրագործում: «Այս շարժման կարեւոր հանգամանքներէն մէկը այն էր, որ ժողովուրդը ազգովին համախմբուեցաւ, միացաւ ու իր ձայնը բարձրացուց ազգային ու մարդկային արժէքներու վերակենդանացման ի խնդիր, բայց նաեւ կարեւորը այն է, որ այդ ազգային պահանջատիրական ձայնը մնայ միշտ համախմբուած, մեր ժողովուրդին մէջ չընդգծուին տարբերութիւններ, եւ մեր ազգը համախմբելու շարժառիթը երբեք մեր կիզակէտէն չկորսնցնենք», ըսած է Եագուպեան եւ կարեւորութեամբ շեշտած է բաժանարար գիծեր ստեղծելու վտանգէն զգուշանալը եւ մեր ժողովուրդին ամբողջական ներուժը օգտագործելը՝ յանուն մեր արդար դատին ու հայրենիքին անվտանգութեան, առանց թերագնահատելու օրէնքի ու սահմանադրութեան գերակայութիւնը:

Եագուպեան նաեւ մատնանշած է սփիւռքը յուզող հարցերը գնահատել՝ ըստ երկրին ու այնտեղ գործող հայ համայնքներուն տուեալներուն: Ան շեշտած է, որ պէտք չէ սփիւռքը դատել որպէս հայապահպանման եւ այդ ուղղութեամբ միայն աշխատանք տանող կառոյց, այլ հայապահպանումը սփիւռքին համար եղած է ու կը մնայ միջոց՝ ծառայելու մեր պահանջատիրական դատին ու հայրենիքին: Հետեւաբար այս ըմբռնումով հարկ է վերաբերիլ սփիւռքին հետ, որպէսզի հասնինք ոչ թէ պարզ գործընկերութեան, ինչպէս վերջերս յաճախ կը հնչեցնեն ոմանք, այլ պէտք է հասնինք իսկական հայոց աշխարհի ստեղծման, որուն մէջ նաեւ սփիւռքը, իր ժողովուրդով եւ կառոյցներով, ներկայ ու մասնակից ըլլայ:

Բիւրոյի անդամը իր խօսքի աւարտին անդրադարձած է Դաշնակցութեան շերտաւորուածութեան մասին տարձայնուող լուրերուն, եւ յայտնած է, թէ այս մէկը թիւրըմբռնում է եւ սխալ որակում Դաշնակցութեան կառուցուածքին մասին: Ան բացատրած է Դաշնակցութեան ապակեդրոն գործելաոճը, բայց նաեւ շեշտած է, թէ ան ունի գաղափարական ըմբռնումներու եւ սկզբունքներու կեդրոնացում, որ խարսխուած է իր կազմակերպական կառոյցին մէջ ամէնուր: «Իր գաղափարական կեդրոնացումով Դաշնակցութիւնը մէկ է, միշտ ալ մէկ կը մնայ եւ երբեք չի կրնար շերտաւորուիլ: Շփոթելը ապակեդրոն գործելաոճին, այլակարծութեան եւ շերտաւորման միջեւ՝ սխալ մօտեցում է, որ վերջերս, ցաւօք սրտի, տարբեր-տարբեր պատճառներով կը շահագործուի», ըսած է Եագուպեան:

Աւարտին խօսք առած են ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Գարմէն Օհանեան, որոնք զեկուցած են համայնքի իրավիճակին մասին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.