Լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111 ամեակին նուիրուած «Հորիզոն»-ի յաւելուածը
- (0)

Լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն»-ի տարեկան յաւելուածը, որ համախմբած է խմբագրական, վերլուծական, պատմաքաղաքական եւ արխիւային արժէքաւոր նիւթեր։
Յաւելուածը կ՚առաջնորդուի «Յաւերժական Հայաստանի ուխտը՝ ընդդէմ ուրացման եւ իրականութեան կեղծիքին» խորագիրը կրող խմբագրականով, ուր շեշտուած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնն ու պահանջատիրութիւնը չեն կրնար ստորադասուիլ այսպէս կոչուած «իրապաշտ» քաղաքական հաշիւներու, եւ թէ Սփիւռքը կոչուած է մնալու ազգային իրաւունքներու, յիշողութեան եւ Արցախի դատին անսակարկելի պահապանը։
Ապա Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Ո՞վ այսօր կը յիշէ Արցախը… Երբ ցեղասպանութիւնը կը վերադառնայ աշխարհաքաղաքականութիւն» յօդուածը ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային ձախողութիւնները կը դիտարկէ Ուքրանիոյ, Կազայի եւ յատկապէս Արցախի օրինակներով՝ պնդելով, որ աշխարհաքաղաքական շահերը դարձեալ գերակշռած են իրաւական ու բարոյական սկզբունքներուն վրայ, իսկ Արցախի հայաթափումը կը ներկայացուի որպէս ժամանակակից ցեղասպանական քաղաքականութեան դրսեւորում։
Գէորգ Ղուկասեանի «Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնն ու նոր զարգացումները» գրութիւնը կ՚անդրադառնայ փոփոխուող աշխարհակարգին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, կանխարգիլման եւ պահանջատիրութեան շարունակական կարեւորութեան, ընդգծելով, որ այդ պայքարը միայն պատմական արդարութեան հարց չէ, այլ նաեւ անվտանգային, քաղաքական եւ քաղաքակրթական նշանակութիւն ունի Հայաստանի ու Սփիւռքի համար։
Յաւելուածին մէջ տեղ գտած է նաեւ Մելինէ Անումեանի հետ Յասմիկ Պալէեանի հարցազրոյցը՝ «Քանի դեռ ինչպէս հարկն է չի դատապարտուել Հայոց ցեղասպանութիւնը, մարդկութիւնը կը շարունակէ կանգնիլ նորանոր ցեղասպանութիւններու վտանգին դէմ յանդիման» խորագիրով, ուր թուրքագէտը կը խօսի Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայ մօտեցումներուն, Սփիւռքի պահանջատիրական օրակարգին, թրքական ակադեմական շրջանակներու սահմանափակ փոփոխութիւններուն եւ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման հեռանկարներուն մասին։
Յատուկ տեղ ունի նաեւ «Հորիզոն»-ի աւագ խմբագիր՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Միշտ այդ յոյսով ու կամքով» գրութիւնը, որ անցեալէն բերուած երկու խորհրդանշական գրութիւններու միջոցով կը վերարծարծէ ազգային յոյսի, գոյատեւման եւ համերաշխութեան պատգամը։
Բացի այդ, յաւելուածը կը ներառէ նաեւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան կողմէ 1917-ի Սթոքհոլմի Ընկերվար Միջազգայնական Համագումարին Ռոստոմի կողմէ ներկայացուած յուշագիրին բնագիրը, որ արխիւային կարեւոր փաստաթուղթ մըն է եւ արժէքաւոր լոյս կը սփռէ Հայ Դատի եւ հայկական քաղաքական մտածողութեան պատմական ձեւաւորումներուն վրայ։
Անգլերէն բաժինին մէջ, Սեւակ Պէլեանի «The role of the Tehcir Law and legal mimicry in the Armenian Genocide» ուսումնասիրութիւնը կը քննէ, թէ ինչպէս Օսմանեան պետութիւնը յատուկ շինծու օրէնսդրութեամբ եւ անոր շուրջ ստեղծուած վարչական-իրաւական համակարգով ցեղասպանական քաղաքականութիւնը պատած էր օրինականութեան պատրուակով, նաեւ բաղդատական ակնարկ մը կատարելով Արցախի 2020-2023 իրադարձութիւններուն։
Յաւելուածը հասանելի է «Հորիզոն»-ի կայքէջին վրայ, իսկ առանձին յօդուածները յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուին նաեւ առցանց։