Լեզուն՝ զէնքը փրկարար
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հայ լեզուն տունն է հայուն,– կ՚ըսէ Մուշեղ Իշխան։
Եթէ հողը հայրենիքն է, լեզուն մայրենիքն է, եւ մեզի՝ աշխարհով ցրուած հայութեան համար, յատկապէս արեւմտահայ արմատներով հայութեան համար լեզուն ոչ միայն մեր տունն է, այլեւ հայրենիք է, հայրենի՛քն է։
Մեծ եղեռնը Աղէտն էր, որուն ենթարկուեցաւ հայութիւնը, մասնաւորաբար արեւմտահայութիւնը, որ կորսնցուց իր թիւին կէսէն աւելին, կորսնցուց իր հողը, եղաւ տարագիր, բայց կրցաւ պահել իր ինքնութիւնը՝ շնորհիւ իր լեզուին ։ Գաղթի ճանապարհներուն, անապատի աւազներուն վրայ մահամերձ մօր իր զաւկին այբուբեն սորվեցնելու դրուագը լաւագոյնս կ՚արտայայտէ այս իրողութիւնը։
Ասոր որքա՞ն կը գիտակցինք այսօր։ Այսօ՛ր՝ անկախ բայց միշտ վտանգուած Հայաստանի առկայութեան։ Այսօ՛ր՝ մերկ, անօթի ու անօթեւան որբերու արդէն հանգիստ, բարօր եւ ունեւոր, բայց ուծացման ճամբան բռնած թոռներուն ներկայութեան։
Մտածենք պահ մը։ Ինչո՞ւ ենթարկուեցանք ջարդ ու տարագրութեան։ Կրեցինք այդ արհաւիրքը, որովհետեւ մերժեցինք կորսնցնել մեր ինքնութիւնը։ Այդ ինքնութեան պահպանումը մեր կեանքէն ալ աւելի էր կարեւոր։ Ասոր գիտակցութեամբ մենք ապրեցանք, շարունակեցինք ապրիլ որպէս հայ՝ հարիւր տարի եւ աւելի։
Ինչ որ թշնամին չյաջողեցաւ կատարել իր սուր ու եաթաղանով, ահա արդէն այնքա՜ն հեշտութեամբ ու մե՛ր իսկ մեղսակցութեամբ կը կատարէ մեր հանգստաւետ կեցութիւնը ի սփիւռս աշխարհի։
Անշուշտ այս հաստատումս կրնաք մերժել՝ վկայակոչելով մեր ինքնապահպանման բոլոր ճիգերը քիչ մը ամեն տեղ՝ մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, ակումբներու, միութիւններու եւ մամուլի գոյութեամբ։ Եկէք սակայն նայինք մենք մեր աչքերուն մէջ՝ հայելիին առջեւ, ու խղճի հանգստութեամբ հաւատանք, որ կ՚ընենք մեր ամբողջ կարելին, գործի լծած ենք մեր ամբողջ ներուժը՝ արժանաւոր կերպով ու անխաթար պահելու համար մեր ինքնութիւնը, այդ ինքնութեան պաշտպան մեր միակ զէնքը՝ մեր լեզուն։
Չտարուինք ինքնախաբէութեամբ։
Քանի՜ հոգի կը հաւատայ, թէ կարեւոր է հայերէն գիտնալ, հայերէն խօսիլ, կարդալ ու գրե՛լ գիտնալ, լա՛ւ գիտնալ՝ այս մոլորակին վրայ ապրելու համար։ Քանի՛ հոգի գիտակից կերպով ջանք կ՚ընէ հայերէն ճի՛շտ ու մաքուր խօսելու, ալ ո՜ւր մնաց՝ ճի՛շտ ու անխաթար գրելու։ Քանի՜ հոգի կ՚ուզէ, որ զաւակներն ալ հայերէն գիտնան, իրե՛ն չափ, իրմէ՛ ալ աւելի լաւ հայերէն։
Մեր ուսումնարանները, մեր կազմակերպութիւնները որքա՞ն կը յաջողին հայերէնի սէրն ու հմտութիւնը սերմանել իրենց աշակերտներուն եւ անդամներուն մէջ։ Այդ սերմանումը կատարելու ատակ քանի՜ ուսուցիչ ունինք, քանի՜ վարիչ ու ղեկավար։
Իսկ ո՞ւր է ազգային այն ռազմավարութիւնը, որ առաջնահերթութիւն նկատէ այդ սերմանողները հասցնելու պարտականութիւնը, առաջնահերթ մարտավարութիւն՝ «ամեն հայ աշակերտի՝ հայկական վարժարան» կարգախօսը։ Սփիւռքի հայութեան թիւը կ՚աւելնայ, Հայաստանէն թէ հին գաղթօճախներէն արտագաղթը կ՚ուռճացնէ արեւմուտքի գաղթօճախները, բայց քանի՞ նոր վարժարան կը բացուի… Ամեն պարագայի, նոյնիսկ առանց այդ ուռճացման, վարժարանները անհամեմատօրէն անբաւարար են ընկալելու աշակերտական տարիքի բոլոր հայորդիները։ Եւ չունին անհրաժեշտ անձնակազմը։ Տակաւին, ո՞ւր են տնտեսական կռուանները այդ վարժարանները բոլորին դիւրամատչելի դարձնելու համար։
Պէտք չէ ստորագնահատել հայերէնի ուսուցումը բաղդատաբար խրամատներուն մէջ տարուած ինքնապաշտպանական պայքարին։ Սակայն չստորագնահատելու համար կարեւոր է յանձնառութիւնը։ Հաւաքական թէ անհատական յանձնառութիւնը։
Այո, տակաւին կ՚ապրի արեւմտահայերէնը, տակաւին կա՛ն խենթեր, որոնք արեւմտահայերէն կը գրեն, թերթ ու կայքէջ կը պահեն. «Երբ չի մնում ելք ու ճար՝ խենթերն են գտնում հնար»։ Բայց Սարդարապատի ճակատամարտը, որ տակաւին կը մղենք, քանի մը խենթերով չի մղուիր, այլեւս չի մղուիր։ Համազգայի՛ն «խենթութիւն» է պէտք։
Եւ մեր «խենթութեան» գլխաւոր զէնքը՝ լեզո՛ւն է մեր։