Իշխանական բարբանջանքները եւ ազգային օրակարգը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Դեկտեմբեր 12 2022-ին խումբ մը այսպէս կոչուած ատրպէյճանցի «բնապահպան»-ներու կողմէ Արցախը Հայաստանին եւ հետեւաբար ամբողջ աշխարհին միացնող միակ ճամբուն՝ Բերձորի միջանցքի փակումէն ետք մինչեւ այսօր, Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը իր զոյգ խմբակցութիւններով՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ», ջանք չխնայեց միջանցքի փակման հարցը, նաեւ Արցախի շրջափակման պատճառով արցախցի եւ քոյրերուն եւ եղբայրներուն դիմագրաւած հարցերը խորհրդարանական եւ հասարակական խոր քննարկումի առարկայ դարձնելու: Այդ ջանքերուն շրջագիծին մէջ էր, որ Դեկտեմբեր 14-ին զոյգ խմբակցութիւնները նախաձեռնեցին Բերձորի միջանցքի փակման հարցով Ազգային ժողովի յայտարարութիւն հրապարակել: Յայտարարութեան այդ նախագիծով, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կու գար դատապարտելու բնապահպանական կեղծ պատրուակներով Կեանքի ճամբուն Ատրպէյճանի կողմէ փակումը, ինչ որ խախտում է Նոյեմբեր 9 2020-ի յայտարարութեան՝ միջանցքին վերաբերող կէտին տրամադրութիւններուն:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կ՛ընդգծուէր, որ ատրպէյճանական վարչակարգի ակնյայտօրէն ցեղասպանական նկրտումները անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, իսկ արցախահայութեան կեանքի իրաւունքի միակ գրաւականը կը մնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութիւնը: Նախագիծին մէջ երկու խմբակցութիւնները կը նշէին, որ Բերձորի միջանցքի փակումով Պաքուն կը փորձէ Արցախի մէջ ստեղծել վախի մթնոլորտ եւ հոգեբանական ճնշում գործադրել արցախահայութեան նկատմամբ՝ նպատակ ունենալով ցեղասպանութիւն իրականացնել եւ նոր պատերազմ սանձազերծել: Նախագիծին հեղինակները միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած էին դատապարտելու Ատրպէյճանի այս վարքագիծը՝ համապատասխան գնահատական տալով ատոր: Նաեւ զօրակցութիւն կար Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրախումբին՝ միաժամանակ ակնկալելով Ռուսիոյ Դաշնութենէն Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն բխող բոլոր միջոցները կիրարկելու՝ Բերձորի միջանցքին մէջ երթեւեկը անխափան պահելու եւ ատրպէյճանական սադրանքները սանձելու համար: Վերջաւորութեան Արցախի բնակիչներուն կոչ կ՛ուղղուէր պահելու զգօնութիւնը՝ վստահեցնելով միաժամանակ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձնառութիւն ունի Արցախի նկատմամբ եւ ամբողջութեամբ տէր կը կանգնի այդ յանձնառութեան:

Դժբախտաբար իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը մերժեց յայտարարութեան այս նախագիծի քննարկումը Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին՝ փոխարէնը նշելով, որ ինք յայտարարութեան իր սեփական տարբերակը ունի: Իսկ որո՞նք էին «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի այն գլխաւոր վերապահութիւնները, որոնք պատճառ դարձան ընդդիմութեան ուժերու նախաձեռնած յայտարարութեան այս նախագիծի տապալման: Անոնք, դատելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներու հրապարակային ելոյթներէն, երեք հատ են. Արցախի՝ Ատրպէյճանի մաս ըլլալը բացառելը, ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած յանձնառութիւնը Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ:

Բնական էր, որ իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները այս հիմնական վերապահութիւնները ունենային նախագիծի բնագիրին նկատմամբ, որովհետեւ, արագ յիշեցում մը կատարենք, Հոկտեմբեր 6 2022-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպման ընթացքին (Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ) հրապարակուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր Պաքուն եւ Երեւանը համաձայնած էին ճանչնալու մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը՝ յանձնառութիւն յայտնելով Մ.Ա.Կ.-ի կանոնադրութեան եւ 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ: Երկու կողմերն ալ ընդգծած էին, որ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագծումը տեղի պիտի ունենայ նոյնինքն այդ հիմքով: Սա ի՞նչ կը նշանակէ: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս ետք Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) հիմնադիր Ալմա Աթայի այդ նշանաւոր հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ նորանկախ երկիրներու սահմանները կ՛ըլլան խորհրդային ժամանակաշրջանի վարչական սահմանները, որոնք կային միութենական հանրապետութիւններուն միջեւ: Սա ինքնաբերաբար կը նշանակէ նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք 2021-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեցին ծրագիրի հիմնական կէտ ունենալով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հետապնդումը, այս ձեւով կը հրաժարին այդ կէտէն, որովհետեւ խորհրդային վարչական սահմաններով Արցախը այսպէս կոչուած «ինքնավար մարզ» մըն էր Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ:

Բերձորի միջանցքի փակման հարցը հասարակական քննարկումի առանցքին մէջ պահելու շրջագիծին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը Փետրուար 3 2023-ին նախաձեռնած էր խորհրդարանական լսումներ, որուն հրաւիրուած էին խորհրդարանական պատգամաւորներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը: Ելոյթ ունեցողները շեշտը դրին Բերձորի միջանցքի անխափան աշխատանքը վերականգնելու անհրաժեշտութեան վրայ, մատնանշեցին անոր փակ մնալուն մարդասիրական առումով ունենալիք վտանգաւոր հետեւանքները եւ քննադատեցին իշխանութիւններուն կրաւորական կեցուածքը այս հարցի լուծման առնչութեամբ: Իշխող խմբակցութիւնը չէր մասնակցեր այս լսումներուն, բայց այդ խմբակցութենէն պատգամաւորի մը՝ Գուրգէն Արսէնեանին, որ Ազգային ժողովի ժողովասրահին մէջ կը գտնուէր, առիթ տրուեցաւ ելոյթ ունենալու: Եւ այդ ելոյթին մէջ, այդ բարբանջանքներուն մէջ իշխանութիւններու մտածողութեան ամբողջ պատկերը խտացած էր: Ի՞նչ ըսաւ Գուրգէն Արսէնեանը: Ըսաւ՝ դուք, այստեղ հաւաքուածներդ, անընդհատ Արցախի հարցը կը շահարկէք իշխանութեան տիրանալու համար: Մենք Հայաստանի 3 միլիոն բնակիչները պիտի չվտանգենք յանուն Արցախի 120000-ին: Անընդհատ 120000 մարդոց մասին կը խօսիք: Մենք պատասխանատու ենք Հայաստանի 3 միլիոն բնակիչներուն համար, պատասխանատու ենք մեր երկրի համար: «Առաջնահերթութիւնները ճիշդ դրէ՛ք, ճիշդ պատկերացուցէ՛ք», յորդորեց Արսէնեան ներկաներուն:

Կը խորհինք, թէ մեկնաբանութիւնը աւելորդ է այսպիսի լպիրշ յայտարարութեան մը, որ զերօ կէտին կը հասցնէ Արցախեան ազատագրական պայքարը: Սակայն կը կարծենք, թէ աւելորդ չ՛ըլլար այստեղ յիշեցում մը կատարել, թէ ո՛վ է Գուրգէն Արսէնեան կոչուած խօսափողը: Միաւորուած Աշխատանքային Կուսակցութեան անունով յանկարծ բուսած կուսակցութեան մը «հիմնադիր-նախագահ»-ն էր, բայց երկար ժամանակ յայտնի էր իբրեւ լծակից Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր սակաւապետներէն Գագիկ Ծառուկեանի, իրերայաջորդ նստաշրջաններու ընթացքին Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ցանկով ընտրուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ պատգամաւոր: Բայց այս հանգամանքը արգելք չեղաւ, որ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք այս մարդը իր քաղաքական ճամբարը փոխէ: Ամէն պարագայի սակայն, ո՛ր քաղաքական ճամբարին մէջ ալ եղած ըլլայ ան, մնացած է մեծահարուստներու, մեծ պիզնեսի, ազատական-դրամատիրական քաղաքականութիւններու պաշտպան: Ահաւասիկ, թէ ո՛վ է Գուրգէն Արսէնեան:

Իշխանութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները իրենց հռետորաբանութիւնը ունին, իսկ ազգային ուժերը ունին իրենց քաղաքական-սկզբունքային յատուկ օրակարգը, ըստ որուն մանաւանդ ներկայիս կարելի չէ առանձին ձգել Արցախը, չկայ Հայաստան առանց Արցախի: Եւ ազգային այս օրակարգն է, որ ազգային ուժերու կուտակման միջոցով ինքզինք պիտի հաստատէ ու պիտի յաղթանակէ՝ ազգային առումով անորոշ ապագայի տանող հռետորաբանութեան եւ արսէնեանական բարբանջանքներուն փոխարէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.