Թափանցումը Որպէս Տիրապետութեան Ուղիղ Ճանապարհ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Նախաբան

1920ին, բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան «աստղ»երէն Սիտնի Ռալի (բուն անունով Սիտնի Պլումընթալ), դէպի նորաստեղծ Խորհրդային Ռուսիա իր առաքելութենէն կը վերադառնայ տուն, Լոնտոն։ Կ՚ապշի, երբ կը տեսնէ թէ բնակարանը տակնուվրայ վիճակի մէջ է։ Խորհրդային նորաստեղծ Չեկայի գործակալները հասեր-մտեր էին Լոնտոնի իր բնակարանը եւ ամէն անկիւն խառնշտկած էին, յուսալով փաստաթուղթեր գտնել։ Հազիւ 2 տարուան կեանք ունեցող Չեկան արդէն իսկ յայտնաբերած էր զինք, գտած էր Լոնտոնի իր տունը, ապա գաղտնաբար մտած եւ խուզարկած էր…

Սիտնի Ռալի նոր խորհրդայնացած Ռուսիա ուղարկուած էր, որպէսզի հակաբոլշեւիկ ըմբոստութիւններ յառաջացնէ՝ ի հարկին նոր վարչակարգը տապալելու նպատակով։ Իր այս գործունէութեան ծիրէն ներս, ան Փարիզի մէջ, համադրումի նպատակով, հանդիպում մը կ՚ունենայ ռուս «էմիկրէ»ներու հիմնած «Թրասթ» կազմակերպութեան հետ, որուն հիմնական գործն էր գումարներ հանգանակել եւ ուղարկել Ռուսիոյ հակաբոլշեւիկ տարրերուն, ֆինանսաւորելու համար անոնց գործունէութիւնը։ Սակայն Սիտնի Ռալի, հետախոյզի իր բնազդով եւ սրատեսութեամբ, շուտով կը յայտնաբերէ, թէ «Թրասթ»ը թափանցուած է Չեկային կողմէ ու անոր հանգանակած գումարները ի վերջոյ կը հասնէին… Մոսկուա՝ Ֆելիքս Ձերժինսկիին, որ այս ձեւով մասամբ կը լուծէր իր ղեկավարութեան յանձնուած Չեկային ֆինանսաւորումը։

Մեծերը Ու Անոնց Գործը «Խանգարող» Փոքրերը

Այդ թուականներուն, աւելի ճշգրիտ՝ 1923ին, Լօզանի դաշնագրով, Եւրոպա-Փոքր Ասիա-Մ. Արեւելք տարածաշրջանները թեւակոխեցին «կայունութեան» եւ «խաղաղութեան» փուլ մը, երբ ի վերջոյ ստեղծուեցաւ ուժերու նոր հաւասարակշռութիւն մը։ Մեծերն ու իրենց տեղական դաշնակիցները իրարու միջեւ բաժնեցին այս աշխարհը։ Թուրքիան ստացաւ իր ուզածը, խորհրդային իշխանութիւնները Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերով արդէն իսկ կայունութիւն ստեղծած էին Թուրքիոյ հետ 1921ին. իսկ Մ. Արեւելքը բաժնուած էր Ֆրանսայի ու Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ։

Այս փուլը սակայն հայութեան ու Հայաստանի համար նպաստաւոր չէր, որովհետեւ կը նուիրականացնէր մեր հողերու կորուստը առաջին հերթին ի շահ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որ Փետրուարեան ապստամբութեան պարտութենէն վերջ դարձաւ վտարանդի, լծուեցաւ նորակազմ Սփիւռքի կազմակերպումին, մի՛շտ փայփայելով մեր իրաւունքներուն վերատիրացման նպատակը։ Այս կէտը սոսկ ծրագրային չէր, այլ՝ ունեցաւ իր ռազմավարական-գործնական արտայայտութիւն, երբ 1927ին, Լիբանանի մէջ կնքուեցաւ համաձայնագիր քրտական անկախական «Հոյբուն» կազմակերպութեան եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան միջեւ (Այս մասին տեսնել Արամ Սաիյեանի «Արարատի 1926-30 ապստամբութիւնը Հ.Յ.Դաշնակցութիւն-Հոյբուն համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային զարգացումների համատեքստում», լոյս տեսած «Վէմ»ի 2014 Նոյենբերի համարին, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն»ի 2015ի յատուկ յաւելուածին մէջ)։

Այս համաձայնագիրը կը ձգտէր Սեւրի դաշնագրի տրամադրութեան համաձայն ստեղծելու անկախ Քիւրտիստան մը, ձգտելով միաժամանակ խափանելու փանթրքական ծրագիրները եւ տկարացնելու Թուրքիան՝ հայկական հողերը վերստին ազատագրելու հեռանկարով։

Գետնի վրայ, հայ-քրտական այս զինակցութիւնը գործնապէս եւ քաղաքականօրէն կը զօրակցէր քրտական Արարատեան ապստամբութեան, որ այդ օրերուն սկսած էր Խ. Հայաստանի արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան սահմաններէն անդին։
Հայ քաղաքական միտքի փայլուն ներկայացուցիչներ այդ օրերուն լծուած էին քրտական ապստամբութեան օժանդակութեան գործին՝ ինչպէս Ռուբէն (Տէր Մինասեան), Կոմս (Վահան Փափազեան) եւ Կարօ Սասունի։ Պարսկաստանի վրայով կ՚ուղարկուէր մարդուժ, զէնք-զինամերք, գումար՝ միաժամանակ Պարսկաստանի իշխանութիւններուն հետ վարելով նուրբ բանակցութիւններ։ Գործնական քայլեր առնուեցան Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան միջոցով մարդուժ տրամադրելու այս ապստամբութեան, ապահովելու համար ապստամբութեան հիւիսային ճակատը։

Խորհրդային իշխանութիւնները բնականաբար հաշտ աչքով չէին դիտեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան այս ճիգերը եւ քայլերը, որոնք տեղի կ՚ունենային խորհրդային-թրքական սահմաններուն վրայ։
Խորհրդային իշխանութիւնները Դաշնակցութեան գործունէութեամբ «մտահոգուելու» այլ պատճառ մը եւս ունէին, այդ ալ Սփիւռքի կազմակերպումի գործն էր, ինչ որ գործնապէս (եւ ըստ ահմանումի իսկ) կը խափանէր սփիւռքահայութեան մէջ խորհրդային ազդեցութիւնը տարածելու, ընդարձակելու իրենց ճիգերը։

Սփիւռքի մէջ, Դաշնակցութիւնը սկսած էր զարկ տալու հայկական հաւաքական, կազմակերպ կեանքին, միութիւններու, դպրոցական ցանցի, իր իսկ կազմակերպական ցանցի ուժեղացումին ճամբով։

Հետեւաբար, «պատահականութեան» արդիւնք չէր, որ «յանկարծ» Ֆրանսայի մէջ (ուր կը գտնուէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոն) եւ Դաշնակցութեան շրջանակէն ներս, սկսաւ «դժգոհութեան» եւ «ըմբոստացումի» շարժում մը, ընդդէմ կուսակցութեան բարձրագոյն ղեկավար մարմինին՝ Բիւրոյին. այս մէկը ծանօթ է Մարտկոցական շարժում անունով, «Մարտկոց» թերթին հետեւութեամբ։ Ինչպէս նման շարժումներ, այս մէկը եւս ունէր իր առաջին, երկրորդ եւ երրորդ օղակները։ Առաւել, այս շարժումը եւս շղարշուած էր գաղափարական-վարքագծային ծածկոյթով, սակայն հիմնական թիրախը կուսակցութեան ղեկավար մարմինն ու անոր մաս կազմող անձերն էին։ Այսինքն, այն ղեկավար մարմինը, որ առաջնորդուելով կուակցութեան Ընդհանուր ժողովի որոշումներէն, կը փորձէր «խախտել» հայկական տարածաշրջանէն ներս հայ ժողուրդին շահերուն ի վնաս ստեղծուած ուժերու հաւասարակշռութիւնը՝ քրտական շարժումին զօրակցելու ճամբով, ինչպէս նաեւ «խանգարել» Սփիւռքէն ներս ՀՕԿի (Հայաստանի օգնութեան կոմիտէ) ճամբով ազդեցութեան գօտի ստեղծելու եւ ընդարձակելու խորհրդային իշխանութիւններուն ճիգերը։

Հետեւաբար, պէտք էր խանգարել… «խանգարողներուն» գործը։

Նման պարագաներու, պետութիւնները ունին եւ գործի կը դնեն իրենց ունեցած բոլոր լծակները, ինչպէս՝ գումարներ, յատուկ սպասարկութիւններ, համակիրներու ցանցեր ու թափանցումի այլ միջոցներ, շատ յաճախ այս բոլորին միաժամանակ գործածութեամբ ու համադրուած գործելաեղանակով։

Խորհրդային իշխանութիւնները իրենք եւս հետեւեցան այս դասական գործելաձեւին, Ֆրանսայի մէջ, ուր «օգտագործուողները» շատ յաճախ չէին անդրադառնար, որ հակահայ ինչպիսի սատանայական ուժեր առնչուած են «գործին»։ Կ՚օգտագործուէին, կը շահագործուէին անձերու շատ յաճախ անկեղծ ու բարի մտադրութիւնները, կը շահագործուէր քաղաքական մեծ պատկերը չտեսնողներու մեծ թիւ մը, որ երբեմն տարուած անհատական դժգոհանքներէ եւ անցեալէն եկած կաղապարումներէ, երբեմն ալ տարուած զուտ ներքին համակրանք-հակակրանքներէ, կը դառնար թէ՛ զոհը եւ թէ՛ ակամայ մասնակիցը իր արդիւնքով հայավնաս այս շարժումին։ Ու հոս է, որ պէտք է վերյիշել մեր յօդուածին սկիզբը նշուած Սիտնի Ռալիի տան՝ Չեկային կողմէ թափանցումի դրուագը, որպէսզի պատկերը դառնայ աւելի յստակ։ Կրնայ առարկուիլ՝ սկզբնական շրջանին Մարտկոցական շարժումին յարած տաղանդաւոր գրող Վազգէն Շուշանեանը խորհրդային սպասարկութիւններու գործակա՞լ… Բացարձակապէս ո՛չ։ Ինք պարզապէս տարուած ու խաբուած էր այդ շարժումին գաղափարական-վարքագծային շղարշէն (ինչպէս բազմաթիւ ուրիշներ) ու փաստօրէն, ինք հոգիով ու սրտով մնաց դաշնակցական, մինչեւ իր կանխահաս մահը։

Եզրակացնելով այս բաժինը.- Հ.Յ.Դ.-քրտական շարժում գործակցութեան յաջորդած Մարտկոցական շարժումը, Ֆրանսայի մէջ, ժամանակային պատահականութեան, կամ զուգադիպութեան հետեւանք չէր։ Այլ, փորձ մըն էր հարուածելու եւ տկարացնելու Դաշնակցութիւնը, որ «յանդգնած» էր պաշտպանելու-հետապնդելու մեր ժողովուրդին կենսական շահերը, իր նախաձեռնողական մտակառոյցով «յանդգնած» էր հետապնդելու հայոց հողային դատը՝ քրտական ապստամբութեան եւ անկախական շարժումին ամէն ձեւով օժանդակելու ճամբով , «յանդգնած» էր Եղեռնէն ճողոպրած եւ սփիւռք դարձած հարիւր հազարաւորներուն տալ ազգային դիմագիծ ու քաղաքական գիտակցութիւն ու զանոնք օժտել ազգային ինքնութեամբ։ Բայց մանաւանդ թոյլ չտալու, որ անոնք կոյր գործիքները դառնային խորհդային քարոզչութեան եւ ազդեցութեան գօտիին ընդարձակման՝ ի վնաս մեր ազգային իղձերուն։

ՀԱՍԱՆՔ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ

Դաշնակցութեան մէջ ներքին տարակարծութիւններ շահագործելով հայավնաս նպատակներ հետապնդելու գրեթէ նոյն մարտավարութիւնը օգտագործուեցաւ նորանկախ Հայաստանի առաջին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի վարչախումբին կողմէ՝ 1992էն սկսեալ (միտումնաւոր գործածեցինք «տարակարծութիւն» բառը. բայց այդ մասին՝ մեր յօդուածի աւարտին, Բ. մասով)։ Այդ օրերուն ալ մէջտեղ ելան իրենք զիրենք «մտահոգ դաշնակցականներ» կոչող անհատներ, ոմանք՝ մինչեւ իսկ նախկին Կեդր. Կոմիտէներու եւ Բիւրոյի անդամներ (յիշեցնենք, որ մարտկոցականներն ալ նուազ «մտահոգ» չէին…)։

Ծանօթ է բոլորիս, որ 1992ի Յունիսին, առաջին անգամը ըլլալով 1919էն ի վեր, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջն իսկ կը պատրաստուէր իր Ընդհանուր ժողովը գումարելու։ Ծանօթ է նաեւ, թէ Լ. Տէր Պետրոսեան ինչպէս խափանեց այդ ժողովին Հայաստանի մէջ գումարումը՝ անհեթեթութիւններ դուրս տալով իր յայտնի ելոյթին ընթացքին։ Նաեւ լա՛ւ կը յիշենք կարճ ատեն մը ետք Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ սկսած հալածանքը՝ ձերբակալութիւններ, թերթերու եւ գրասենեակներու փակում, մէկ խօսքով՝ Հայաստանի մէջ Հ.Յ.Դ.ի գործունէութեան կասեցում։

Հիմնական ու խորքային պատճառը այն էր, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ամբողջ Արցախեան ազատագրական շարժումին հաղորդած էր գաղափարական ու քաղաքական-ռազմավարական անհրաժեշտ խորք ու ենթահող։ Այսինքն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Արցախի ազատագրումը կը համարէր իբրեւ Հայկական հարցի լուծման կենսական բաղադրամաս մը, հողահաւաքի իմաստով։ 1920էն ի վեր առաջին անգամը ըլլալով, հայութիւնը սկսած էր վերստին ազատագրելու իրմէ բռնագրաւուած հայրենի հողեր, Արցախ աշխարհը։ Արցախի ազատագրումով, հայկական նորաստեղծ պետականութիւնը կ՚ամրապնդէր իր արեւելեան դարպասները եւ հայ ժողովուրդի կենսագործունէութիւնը կ՚օժտէր անհրաժեշտ տարածքով։ Լ. Տէր Պետրոսեանի ապազգային վարչախումբին ու անոր ետին կանգնած օտար ուժերուն համար, անընդունելի էին Հայկական հարցի ռազմավարական-քաղաքական ու գաղափարական այս մօտեցումները, որոնք առաջ կը մղուէին Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար։ Նոյն այդ ուժերուն համար, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, համահայկական ռազմավարութեան մասը նկատելով Արցախի ազատագրումը, կը խափանէր իրենց (այս «իրենց»ին մէջ Թուրքիան պէտք է յստակ տեսնել) տարածաշրջանային հաշուարկները։

Այդ օրերուն ալ, Հայաստանի վարչախումբը չզլացաւ անհրաժեշտ «գուրգուրանքը» ցուցաբերելու «մտահոգ»ներուն, կարծէք Լ. Տէր Պետրոսեան ինք եւս այդքան… «մտահոգ» էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան հզօրացումով… Իսկ այդ «մտահոգ»ներուն թեզերէն մէկը եղած էր՝ «Դաշնակցութիւնը այսքան տարի է որ հետապնդած է Հայաստանի անկախացումը։ Հիմա որ մեր երկիրը անկախացած է, Եռագոյնը մեր դրօշն է, 1918ի պետական զինանշանը վերահաստատուած է, ալ ի՞նչ կռիւ ԼՏՊին դէմ»։ Մէկ ուրիշ թեզն էր՝ «Ասիկա աքլորամարտ է Հրայր Մարուխեանի եւ Լ. Տ. Պետրոսեանի միջեւ, դադրեցուցէք այս պայքարը նորանկախ պետութեան դէմ»։ Այս մակերեսային միտքերը առաջ մղողները կը մոռնային, որ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն Հայաստանի անկախութեան համար պայքարած էր ու կը պայքարի, ալ նաեւ ու մանաւանդ՝ ան կը պայքարի, որպէսզի ստեղծէ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստան, օժտուած ընկերային-տնտեսական արդար կարգերով՝ հիմնուելով իր ընկերվարական գաղափարախօսութեան վրայ։

Այս թեզերը առաջ մղողները կը ձգտէին հարցը ճղճիմցնել ու զայն վերածել իբրեւ թէ «անհատական անհանդուրժողութեան», այդ ձեւով ալ՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչին անձը վարկաբեկել փորձելով՝ կը փորձէին վարկաբեկել թէ՛ նոյնինքն Բիւրոն եւ թէ՛ ալ այդ ճամբով՝ Դաշնակցութիւնը, զայն տկարացնելու հանրայայտ ճիգով։ «Մտահոգները» թերեւս չէին գիտեր (կամ առնուազն անոնց մեծ մասը), բայց իրենց ետին կանգնած ուժերը շատ լաւ գիտէին, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, հետապնդելով իր համահայկական ռազմավարութիւնը, տեղ մը անպայմա՛ն կը խանգարէ իրենց մեծապետական հաշիւները, տուեալ տարածաշրջանէն ներս։ Այդ նոյն ուժերուն եւ առաջին հերթին Թուրքիոյ համար, բնականաբար անընդունելի է ոչ միայն միացեալ Հայաստանի ստեղծումը, այլ՝ նոյնինքն Արցախի ազատագրումը, որ Դաշնակցութեան համար հանգրուան մըն էր միայն այդ ՄԻԱՑԵԱԼ-ին հասնելու ճամբուն վրայ։

Այս բաժինը եւս եզրակացնելով հաստատենք, որ 90ականներուն Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ մղուած պայքարը, «մտահոգ»ներու թէ իշխանութիւններուն կողմէ, սերտօրէն եւ ուղղակիօրէն առնչուած էր Արցախի հարցով մեր կուսակցութեան կողմէ իր ազգային ռազմավարութիւնը յամառօրէն հետապնդելու փաստին հետ։

Բայց մենք չվերջացուցինք։ Յաջորդ եւ վերջին բաժինով՝ ԼՏՊէն մինչեւ փաշինեան, 1992 Յունիսէն մինչեւ Յունուար 2021, Երեւանէն Լոս Անճելըս։

Խօսակից եւ թիրախ՝ միաժամանակ

Այս բաժինի սկիզբէն իսկ պէտք է հաստատել, թէ իր հիմնադրութեան սկզբնական տարիներէն իսկ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը խօսած, բանակցած է ոչ միայն համաշխարհային ուժի կեդրոններուն, այլ նաեւ մինչեւ իսկ հայութեան թշնամիներուն հետ։ Մինչեւ իսկ սուլթան Համիտ Բ.ի հետ։ Այո՛, 1896ին, սուլթան Համիտ Բ. պատուիրակութիւն մը ղրկեց Ժընեւ, բանակցելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան հետ (Տատեանի առաքելութիւնը) եւ օրին, «Դրօշակ» արձագանգած է այս իրադարձութեան։ Յաջորդած Ընդհ. ժողովը՝ նոյնպէս։

Սփիւռքի մէջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը խօսակից եղած է ուժի համաշխարհային բոլոր կեդրոններու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչքան որ կարելի եղած է եւ զանազան մակարդակներու վրայ, միշտ հետամուտ ըլլալով հայութեան ու Հայաստանի հաւաքական շահերուն։ Դաշնակցութիւնը խօսակից եղած է նոյնիսկ խորհրդահայ ղեկավարութեան հետ՝ նոյն մղումէն մեկնելով։ Օրինակի համար, 1978ի կանուխ աշնան, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, երբ հայկական թաղամասերը ապահովական լուրջ վտանգ դիմագրաւեցին, Խ. Հայաստանէն մարդասիրական օժանդակութեան հասնիլը դատարկութեան մէջ (vacume) չէր, որ տեղի ունեցաւ։ Այլ՝ պարզ տրամաբանութեամբ, արդիւնք էր երկողմանի խօսակցութեան գործընթացի մը։

Երբ մեծ (կամ փոքր) պետութիւնները ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ կը տեսնէին հայութիւնը ներկայացնող լուրջ խօսակից, սա կը նշանակէ, որ զայն իրենց «հետաքրքրասիրութեան» թիրախ դարձնելը եւս իրենց օրակարգին վրայ եղած է։ Եւ տրամաբանական է։ Հակառակը անտրամաբանական պիտի ըլլար, որովհետեւ Հայաստանով ու հայութեամբ շահագրգռուած բոլոր ուժերուն համար յստակ էր ՀՅ Դաշնակցութեան դերին վճռորոշ բնոյթը՝ ամէն անգամ երբ օրակարգի վրայ եկած է Հայութիւն, Հայաստանը, կամ Հայկական հարցը՝ իր ընդհանրութեան մէջ։ Այսպէս կը գործեն պետութիւնները ու արտասովոր (կամ զգայացունց) ոչինչ կայ ասոր մէջ։

Արտասովորը պիտի ըլլայ այն, եթէ Դաշնակցութիւնը գիտակից չըլլայ այս շատ պարզ իրականութեան ու ինք եւս համապատասխան քայլերը առած չըլլայ։ Սա եւս բնական երեւոյթ է։ Աւելցնեմ, որ անձնապէս Լիբանան ապրած ըլլալով, գործելով հանդերձ ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ դիւանէն ներս (1977-85 տարիներուն), միայն 1980ականներու վերջերուն էր որ իմացած եմ, որ ՀՅԴ 21րդ Ընդհ. Ժողովը գումարուած է նոյնինքն… Պէյրութի մէջ, 1977ին, հակառակ անոր, որ այդ ժողովին Լիբանանի մեր կառոյցը ներկայացնող պատուիրակութեան անդամներէն մէկ քանիին հետ մօտիկ կապեր ալ ունէի…։ Սա եւս բնական երեւոյթ է։

Կօալիցիա-ՊՊԾ

Վերադառնանք Հայաստան։

Բոլորս ալ լաւ գիտենք, թէ 1998ի ճիշդ այս օրերուն, Լ. Տէր Պետրոսեան հրաժար(ու)եցաւ, ազգային ուժերու իշխանութեան գալով, վարչակարգը փոխուեցաւ եւ Դաշնակցութեան դէմ 1992էն ի վեր մղուող քաղաքական հալածանքը բնականաբար դադրեցաւ։

Ռոպերթ Քոչարեանի ընտրութեան (1998) եւ վերընտրութեան (2003) զօրակցելէ ետք, 2008ի Փետրուարի նախագահական ընտրութիւններուն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաջադրեց նախագահութեան իր սեփական թեկնածուն՝ Վահան Յովհաննիսեանը։ Ան դժբախտաբար չկրցաւ Բ. փուլին անցնիլ, ուր «մենամարտեցան» Սերժ Սարգսեան եւ Լ. Տէր Պետրոսեան։ Յետ ընտրական լարուածութիւնը յանգեցաւ Մարտի 1ի դէպքերուն, ուր գլխաւոր հրահրիչ-դերակատարը նոյնինքն նիկոլ փաշինեանն էր (վրիպակ չկայ, անունը փոքրատառով է), ինչպէս բացայայտօրէն վաւերագրուած է բազմաթիւ ժամերու երկարութեամբ արձանագրուած տեսաերիզներու վրայ։

Ի՞նչ եղաւ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը յետընտրական այս լարուածութեան մէջ։ Մենք փորձեցինք մեղմացնել փողոցի լարուածութիւնը, զայն բերել քաղաքական երկխօսութեան դաշտ. Դաշնակցական պատգամաւորներ անձնապէս երաշխաւորեցին ձերբակալուածներ ազատ արձակել տալու համար։ Սակայն բանականութեան մեր կոչերը լսելի չդարձան կողմերուն, մանաւանդ՝ ընտրութեան պարտուած կողմին, Լ. Տ. Պետրոսեանին կողմէ։

Դաշնակցութեան այս ճիգերը կը բխէին երկիրը անհարկի ցնցումներէ հեռու պահելու մտահոգութենէն։ Անցնող տասնամեակին, երկիրը բոլորած էր կայունութեան, տնտեսական զարգացումի եւ բանակաշինութեան փուլ մը՝ այդքան անհրաժեշտ ազդակներ նախորդ տարիներու վերիվայրումներէն եւ պատերազմական իրավիճակէն վերջ։ Մեկնելով այս մտահոգութենէն, Դաշնակցութիւնը համաձայնագիր ստորագրելով ՀՀԿին հետ, մաս կազմեց Սերժ Սարգսեանի կառավարութեան (2008)։ Քոչարեանէն վերջ, երկրորդ անգամ ըլլալով, նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ, համախոհական (կօալիցիոն) կառավարութիւն մը կը տեղծուէր գրաւոր համաձայնագրի մը հիման վրայ եւ հայկական քաղաքական մշակոյթը կ՚օժտուէր հասունացում ենթադրող նոր տարրով մը։ Սակայն Քոչարեանի վերջին եւ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան առաջին տարիներուն, հայեւթուրք յարաբերութիւններուն դաշտին մէջ արձանագրուած էին այնպիս զարգացումներ, որոնք Դաշնակցութիւնը մղեցին վճռական դիրք ճշդելու ատոնց դէմ։ Առաջինը հայեւթուրք այսպէս ասած «հաշտեցման» ճիգերն էին, մաքսանենգութեան ոճով, իսկ երկրորդը՝ Հայաստան-Թուրքիա փրոթոգոլները, 2009ի աշնան, «մեծերու» դայեակութեամբ (Հիլըրի Քլինթըն եւ Սերգէյ Լաւրով)։

Երկուքն ալ ձախողութեան մատնուեցան առաւելաբար ՀՅ Դաշնակցութեան ճիգերով, որոնք ներառեցին նաե՚ւ Սփիւռքը։
Դաշնակցութիւնը նաեւ չվարանեցաւ դուռը «շրխկացնելով» դուրս գալու համախոհական կառավարութենէն։ «Մեծերու» մայրաքաղաքներուն մէջ, տեղ մը, արձանագրուեցաւ այն փաստը, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս կրցած էր խափանել թէ՛ Արեւմուտքին, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ռուսիոյ էապէս հայավնաս ճիգերը։ Եւ ընդհանրապէս նման արարքներ չեն «ներուիր»։ Այս պարագային՝ նաե՛ւ սեփական երկրի իշխանութեան կողմէ… Իսկ Դաշնակցութիւնը գիտէ՞ր, որ կրնար գին մը վճարել «հաշտեցման», կամ փրոթոգոլներուն դէմ իր ճշդած ազգանպաստ կեցուածքին համար։ Պատասխանը պարզ է. անշո՛ւշտ։ Բայց ընտրեց այդ ուղին, շատ լաւ գիտնալով, որ ի վերջոյ իր այդ կեցուածքին մեծագոյն շահառուները պիտի ըլլան հայրենիքը եւ ազգը։

Այդ գինը նախ «վճարուեցաւ» 2012ի ԱԺի ընտրութիւններուն, երբ գրեթէ կէսի իջաւ Դաշնակցութեան ունեցած պատգամաւորներուն թիւը։

Ապա, «վճարուեցաւ» քարոզչական բնագաւառէն ներս, երբ տեղի ունեցաւ ՊՊԾ շէնքին գրաւումը, 2016ի Յուլիսին, «Սասնայ ծռեր» կոչուած կազմակերպութեան կողմէ։ Իշխանութեան ընդդիմադիր արտաքին եւ ներքին ուժերը իրենց ամբողջ քարոզչական միջոցները, ընկերային ցանցերով հանդերձ, ուղղեցին թէ՛ Սերժ Սարգսեանի վարչակազմին եւ թէ՛ զուգահեռաբար՝ Դաշնակցութեան դէմ։

Այս քարզչութիւնը թիրախ ընտրեց Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, նաե՛ւ այն պատճառով, որ վերջինը ՊՊԾի շէնքին գրաւումը կը համարէր հարուած սեփական պետութեան դէմ, իբրեւ զայն անկայունութեան տանող արարք։ Ընկերային ցանցերու վրայ դաշնակցական անհատներ եւս համոզելու ճիգը կ՚ընթանար հետեւեալ տրամաբանութեամբ (բառացի օրինակով)՝ «Պանք Օթոմանը գրաւած Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ դէմ ըլլալ ՊՊԾի շէնքին գրաւումին»։ Այս անմիտները չէին տրամաբաներ, որ Պանք Օթոմանի արարքը ուղղուած էր… թշնամի՛ եւ ոչ թէ սեփական պետութեան դէմ։

Բայց Հայաստանի մէջ ընկերային ցանցերը սկսած էին գործելու իրենց աւերը եւ տրամաբանութիւնը այլեւս սկսած էր «անտրամաբանական» համարուիլ։ Ստեղծուած էր կեղծ կարծիքներու եւ կեղծ ազատականութեան այնպիսի ժխոր մը, ուր այլեւս չէին լսուեր տրամաբանութեան եւ ողջմտութեան ձայները (նոյնիսկ հիմա, երբ Արցախի գրեթէ 80 տոկոսը կորսնցուցած ենք ապիկար իշխանութեան մը պատճառով)։ Ու այդ ալիքը որոշ չափով թափանցեց ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքէն ներս եւս, Երեւանէն Լոս Անճելըս, քիչ մը ամէն տեղ։ «Չէ՞ որ Պանք Օթոման…»ի խաղաքարտը ինչքան ալ անհիմն էր ու անտրամաբանական, այսուհանդերձ իր աւերը գործեց։

Այլանդակութիւնը հասած էր այն աստիճանի, երբ իրենք զիրենք «քաղաքացիական հասարակութեան» ջատագով համարողներ (օրինակ-անունները չեմ ուզեր տալ, այդ պատիւը չտալու համար իրենց), սեփական փառամոլութենէն մղուած, սկսան բացէ ի բաց ջատագովելու սեփական պետութեան դէմ գործուած այս բռնարարքը, որուն զոհ գացին դժբախտաբար նաեւ երեք հայ համազգեստաւոր սպաներ։ Տուեալ «սելեպրիթիները» կամ «քաղաքագէտները» կը մոռնային, որ քաղաքացիական հասարակութիւն յղացքը ամէն բանէ առաջ կը յենի օրէնքի՛ ուժին, օրինականութի՚ւնը պաշտպանելու գաղափարին, այլ ոչ թէ բռնարարքներու եւ արիւնայեղութեան վրայ։

Կօալիցիայէն կեղծ թաւիշ

Երկրի քաղաքական դաշտը նեխումէ փրկելու նպատակով, առաջ մղուեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու օրակարգը, կառավարման դրութիւնը նախագահականէն խորհրդարանականի վերածելու հիմնական գաղափարով։

Այս մէկը քաղաքական լուրջ բարեկարգում կ՚ենթադրէր ամբողջ պետութեան համար եւ հետեւաբար նաեւ՝ նոր կառավարութեան անհրաժեշտութիւնը կը ստեղծուէր։ Այս կառավարութեան կազմելու առաջարկը ընդունեց Դաշնակցութիւնը՝ ամիսներ, գրեթէ տարի մը տեւած բանակցութիւններէ վերջ։ Ստորագրուեցաւ նոր համաձայնագիր, յստակօրէն նշելով թիրախները եւ պայմանները, որոնք կոչուած էին թարմացնելու, բիւրեղացնելու եւ ուժեղացնելու ամբողջ պետական համակարգը։ Պատերազմող երկրի մը համար անհրաժեշտ էին այս բարեկարգումները, որպէսզի կարենար դիմագրաւել-սրբագրել թէ՛ ներքին ընկերային-տնտեսական յոռի ընթացքը, եւ թէ՛ արտաքին ճնշումներն ու մարտահրաւէրները։ Բայց մանաւա՛նդ, դիւանագիտական-քաղաքական եւ ապահովական գետնի վրայ, ամրապնդելու համար երկրի հողային ամբողջականութիւնը։

Զուգահեռ, վերսկսաւ քարոզչական արշաւը թէ՛ նոր կառավարութեան եւ թէ՛ զուգահեռաբար Դաշնակցութեան դէմ։ Չկրկնենք քարոզչական թեզերը։

Ընկերային ցանցերու թէ մամուլին մէջ թափ առած քարոզչութիւնը գլեց անցաւ ամէն աշխարհագրական ու գաղափարական սահման։ Հարուածները ուղղուեցան ՀՅԴ պատասխանատու անհատներու դէմ, Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս, փորձելով 1920ականներու Չեկայի ոճով վարկաբեկելու Դաշնակցութիւնը, իբրեւ գլխաւոր զօրակիցը այս բարեկարգչական շարժումին։
Հակադաշնակցական այս արշաւը նոր թափ առաւ «թաւշեայ յեղափոխութիւն» կոչուած շարժումին ընթացքին ու անկէ վերջ, հետեւեալ ներքին տրամաբանութեամբ.- Այս շարժումին տիրութիւն ըրին արտաքին ուժեր, իրենց օրակարգը պարտադրելու համար մեր երկրին։ Իսկ ո՞վ կրնար դիմադրել արտաքին միջամտութիւններուն՝ պատասխանը պարզ է, Դաշնակցութիւնը։ Հետեւաբար, պայքարը պէտք էր սաստկացնել նաե՛ւ Դաշնակցութեան դէմ, որպէսզի չկարենար դիմադրել արտաքին խաղացողներու կամքին։

Ինչպէս «թաւշեայ» շարժումին իբրեւ խաղաքարտ օգտագործուեցաւ մարդոց շար յաճախ արդար դժգոհութիւնները իշխող վարչակազմէն, այնպէս ալ մարդիկ փորձեցին Դաշնակցութեան մէջ գտնել տարրեր, որոնք կրնային ինչ ինչ պատճառներով դժգոհ ըլլալ ղեկավար մարմիններէն, անկախ անկէ թէ արդա՞ր էին իրենց դժգոհութիւնները, թէ անարդար։

Հիմա, այս օրերուն, երբ մեր երկրի պետականութիւնը արեւին տակ դրուած կարագի նման կը հալի մեր բոլորին աչքերուն դիմաց, Դաշնակցութիւնը լծուած է այդ պետականութիւնը փրկելու ծանր գործին։ Այսօր, ոչ միայն մեր երկրին դարպասները բացուած են համաթուրանականութեան դիմաց, այլեւ լուրջ մտավախութիւններ կան, որ ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները տակաւին չեն ամբողջացուցած իրենց այն սեւ գործը, որուն հլու հնազանդ կամակատարները դարձած են. այսինքն՝ անհաւանական չէ, որ Թուրքիոյ հետ «բարի-դրացիական» յարաբերութիւններ հաստատելու կեղծ օրակարգով, փաշինեան ստորագրէ այնպիսի փատաթուղթ մը, որ ոչ միայն նուիրականացնէ Հայաստան-Թուրքիա ներկայիս սահմանները, այլեւ Հայաստանը հրաժարի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման ամէն ճիգէ։ Մէկ խօսքով՝ Հայաստանի ու հայ ազգի դամբանականը։

Բնականաբար Դաշնակցութիւնն է, որ ամէնէն ուժեղ թափով պիտի պայքարի ասոր դէմ ու դիմադրէ։ Դաշնակցութեան կողքին, այս աշխատանքին լծուած են նաեւ բազմաթիւ ուժեր։ Սակայն փաստօրէն, այս դիմադրական ճակատին հիմնական առանցքը (կամ առանցքներէն մէկը) Դաշնակցութիւնն է։ Հետեւաբար, պէտք է շարունակել զայն տկարացնելու միտող քայլերը, ըլլան ատոնք քարոզչութեամբ, թէ մասնայատուկ քայլերով, ուր որ կարելի է, այս կամ այն շղարշին տակ (ինչպէս օրինակ՝ «մտահոգ» երեւալով…)։ Այս է ներկայիս ստեղծուած իրականութիւնը։

ԻԲՐԵՒ ՎԵՐՋԱԲԱՆ՝ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ

Մեր յօդուածի առաջին մասով անդրադարձեր էինք Դաշնակցութեան մէջ ներքին տարակարծութիւններու թեմային (թէ՛ նախորդ յօդուածին եւ թէ՛ հոս, տարակարծութիւն բառը պէտք է հասկնալ բառին արեւմտահայերէն իմաստով. արեւելահայերէնով՝ տարաձայնութիւն)։

Դաշնակցութիւնը ապրող օրգանիզմ է։ Կը գործէ կեանքին ու իրականութիւններուն հետ համահունչ։ Երբեմն նաեւ «հարբուխէ» կը վարակուի, կը «հիւանդանայ», բայց շնորհիւ իր ժողովական փորձուած դրութեան, կը յաջողի «դարմանելու» ինքզինք։

Բայց ինչպէ՞ս.- Մեր հաշուետու ժողովները ընդհանրապէս եղած են բուռն. բոլոր տարակարծութիւնները կը բերուին սեղանին ու տեղի կ՚ունենան շատ յաճախ բուռն վէճեր ու անխնայ քննադատութիւններ։ Գաղտնիք յայտնած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, թէ Դաշնակցական մարմիններու ամէնէն անխնայ քննադատողները նոյնինքն դաշնակցականներն են՝ իրենց համապատասխան ժողովներուն մէջ։ Ու ատոր համար ալ, լուծումները, դարմանումները կը բխին մեր ժողովներէն, այլ ոչ թէ անոնցմէ դուրս։ Եւ հո՛ս կը կայանայ մեր կենսունակութեան աղբիւրը։

Բայց մենք գիտենք իրարմէ զանազանել զազրախօսութիւնը եւ քնն-ա-դատ-ութիւնը (քննելով դատելը)։ Մենք գիտենք իսկական քննադատութեան եւ «թափանցողական» զազրախօսութեան տարբերութիւնը ու ասո՛ր համար է, որ մենք կը մնանք կենսունակ, բոլոր տեսակի դիմահար թէ անուղղակի յարձակումներու դիմաց։
Թող ոչ ոք կասկածի։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.